
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան աշխատանքին վերաբերող հարցեր:
Հանդիպումէն ետք զօր. Սլէյման շեշտեց ընտրական նոր օրէնք մը վաւերացնելու եւ օրէնսդրական նիստ կայացնելու անհրաժեշտութիւնը:
Կառավարութեան աշխատանքին անդրադառնալով` զօր. Սլէյման հաստատեց, որ պէտք չէ նախարարաց խորհուրդը պատժել անոր նիստերուն մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկելով:
«Պըրրի ընդգծեց ժողովուրդին հարցերը լուծելու անհրաժեշտութիւնը», ըսաւ զօր. Սլէյման` աւելցնելով, որ նախագահական ընտրութեան իր մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկող քաղաքական ուժը կ՛արգելակէ նախագահական ընտրութեան հոլովոյթը եւ հետեւաբար անհրաժեշտ է, որ բոլոր երեսփոխանները ներկայ գտնուին 31 հոկտեմբերին տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութեան նիստին:


