
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց ամերիկացի քոնկրեսական Մայք Թըրնըրը, ընկերակցութեամբ` Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Վարչապետ Սալամի այցելեց նաեւ «Էյրպաս» օդանաւային ընկերութեան նախագահ Ֆապրիս Պրիժիէն, ներկայութեամբ` «Միտըլ Իսթ» ընկերութեան տնօրէն Մոհամետ Հութի:
Վարչապետ Սալամ ընդունեց նաեւ Դրամատուներու արաբական համադաշնակցութեան նախագահ Ժոզեֆ Թարապէյը, որմէ ստացաւ հրաւէր մը` ներկայ գտնուելու համադաշնակցութեան խորհրդաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ 24 նոյեմբերին, Լիբանանի մէջ:
Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ Պէյրութի նաւահանգիստի ընդհանուր տնօրէն Հասան Քրայթեմ:


