Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՑԱՄԱՔԱՅԻՆ փոխադրութեան սենտիքաներու համադաշնակցութիւնը, ինչպէս նաեւ Հանրութեան փոխադրութեան յատուկ ինքնաշարժներու վարորդներու համադաշնակցութիւնը այսօր գործադրելիք իրենց բողոքի ցոյցը, որուն ընթացքին իբրեւ մագլցողական քայլեր պիտի փակէին ճամբաները, յետաձգեցին վաղուան: ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ սահմանադրութեան համաձայն, խորհրդարանը օրէնսդրութիւն չի կրնար կատարել, երբ երկիրը հանրապետութեան նախագահ չունի: ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ Պնաշհիի մէջ ընդունեց Ժողովրդավարական ազատականներու կուսակցութեան նախագահ Թրէյսի...


















