
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Փարիզի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ արտաքին գործոց նախարար Ժան Մարք Էյրոյի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին Հարիրի ներկայացուց Լիբանանի մէջ նախագահական աթոռի թափուր դրութեան պատճառած վնասները:
Հարիրի Էյրոյէն խնդրեց ֆրանսական զօրակցութիւն եւ Լիբանանի բարեկամ երկիրներուն կողմէ օժանդակութիւն, որպէսզի Լիբանան կարենայ տոկալ սուրիացի գաղթականներուն պարտադրած ծանր բեռին:
Իր կարգին, Էյրօ Հարիրիին խոստացաւ այդ իմաստով գործակցիլ եւ կարելիութեան սահմաններուն մէջ օժանդակել Լիբանանին:


