Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Կը Շեշտէ Արաբական  Եւ Յատկապէս Ծոցի Երկիրներու Ներդրումին  Կարեւորութիւնը Լիբանանի Մէջ

Նախագահ Աուն Կը Շեշտէ Արաբական Եւ Յատկապէս Ծոցի Երկիրներու Ներդրումին Կարեւորութիւնը Լիբանանի Մէջ

Արաբական եւ միջազգային վերանորոգ վստահութիւնը Լիբանանի նկատմամբ, նախագահական ընտրութեան իրագործումէն ի վեր, հիմնական խթան է սկսելու փոփոխութեան, երկրի տնտեսական, ընկերային թէ բարգաւաճման իրավիճակի բարելաւման` հիմ ունենալով բարեկարգումի մարզային ռազմավարութիւնը», յայտարարեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն` երէկ ընդունելով շրջանային մակարդակի տնտեսական բարձրաստիճան պատասխանատուներ եւ խորհուրդներ: Քուէյթեան սնտուկի նախագահ Ապտել Ուահապ Պատր եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը ընդունելով` նախագահ Աուն խիստ բարձր գնահատեց...

Կառավարութեան Կազմութեան  Ճիգերու Ծիրին Մէջ.  Հարիրի Այցելեց Ժոմպլաթի

Կառավարութեան Կազմութեան Ճիգերու Ծիրին Մէջ. Հարիրի Այցելեց Ժոմպլաթի

Կառավարութեան կազմութեան փութացման ձգտող ճիգերուն ծիրին մէջ, նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ երեկոյեան այցելեց Քլեմանսօ, ընկերակցութեամբ` իր գրասենեակի տնօրէն Նատեր Հարիրիի եւ նախկին երեսփոխան Ղաթթաս Խուրիի: Երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ տեղի ունեցած այս խորհրդակցութեան ներկայ էին նաեւ Ժոմպլաթի աղջիկն ու երկու զաւակները, նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր, երեսփոխաններ Ղազի Արիտի, Մարուան Համատէ եւ նախկին երեսփոխան Այման Շուքէյր: Միւս կողմէ, իմացուեցաւ, թէ...

Շեշտելով Ընտրական Օրէնքի  Բարեփոխման Անհրաժեշտութիւնը`  Խորհրդարանի Նախագահը Կոչ Ուղղեց  Միջազգային Ընտանիքին Թափ  Ու Մղում Տալու Զօրավար Աունի Իշխանութեան

Շեշտելով Ընտրական Օրէնքի Բարեփոխման Անհրաժեշտութիւնը` Խորհրդարանի Նախագահը Կոչ Ուղղեց Միջազգային Ընտանիքին Թափ Ու Մղում Տալու Զօրավար Աունի Իշխանութեան

  Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կոչ ուղղեց միջազգային ընտանիքին` թափ ու մղում տալու Լիբանանի նոր իշխանութեան եւ զօրակցելու ընտրական արդիական օրէնքի մշակման ճիգերուն: Օրէնքներու ելեկտրոնային հետեւողութեան ծրագիրի սկզբնաւորման հանդիսութեան առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ խորհրդարանի նախագահը շեշտեց համամասնական դրութեան հիման վրայ ընտրական նոր ու արդիական օրէնքի մշակման անհրաժեշտութիւնը` նախագահի ընտրութեան եւ կառավարութեան կազմութեան իրագործումներու յաջող քայլերէն ետք: «Որեւէ պարագայի...

«Ընտրական Համամասնական Ամբողջական  Օրէնքը Անհրաժեշտ Ուղին Է  Պետութեան Կերտումին»  Ընդգծեց Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոքը

«Ընտրական Համամասնական Ամբողջական Օրէնքը Անհրաժեշտ Ուղին Է Պետութեան Կերտումին» Ընդգծեց Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոքը

  «Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը մօտէն կը հետեւի կառավարութեան կազմութեան ճիգերու հոլովոյթին եւ այս գծով խոչընդոտներու վերացման քայլերուն` շրջանցելով մնացեալ խոչընդոտները դիւրացնելու համար նշանակեալ վարչապետին առաքելութիւնը» երէկ յայտարարեց նշեալ պլոքի անդամ երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա: Երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի գլխաւորութեամբ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի շաբաթական հերթական նիստի աւարտին կատարած իր յայտարարութեամբ Ֆատլալլա յայտնեց, որ ժողովականները քննած են տեղական ու շրջանային իրավիճակի վերջին զարգացումները`...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ընդունեց  Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում  Համախմբումի Մէկ Պատուիրակութիւնը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ընդունեց Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումի Մէկ Պատուիրակութիւնը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, փոխներկայացուցիչ Աւետիս Կիտանեան եւ անդամ Յակոբ Հաւաթեան երէկ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեցին Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան եւ երեսփոխաններ Ղասսան Մուխայպեր եւ Նաժի Ղարիոս: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ ընտրական նոր օրէնք մը մշակելու առումով համախմբումին նախաձեռնութիւնը: Հանդիպումէն ետք Քանաան յայտնեց, որ «մեր առաջադրած...

Նախքան Ամանորը Սպիտակ Ծուխի  Արձակման Խոստումներու Լոյսին Տակ.  Կառավարութեան Կազմի  Յայտարարութիւնը Կրկին Ձգձգուեցաւ

Նախքան Ամանորը Սպիտակ Ծուխի Արձակման Խոստումներու Լոյսին Տակ. Կառավարութեան Կազմի Յայտարարութիւնը Կրկին Ձգձգուեցաւ

Հակառակ բոլոր նախատեսութիւններուն, երէկ կառավարութեան կազմութեան յայտարարութիւնը կրկին յետաձգուեցաւ` որոշ մտավախութիւն ստեղծելով մինչեւ յառաջիկայ տարեսկիզբ անոր ձգձգման առնչութեամբ: Արդարեւ, նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր նախագահ Միշել Աունին ներկայացուց 24 նախարարներ ընդգրկող կառավարութեան ցանկ մը: Հարիրի իրեն հետ ունէր նաեւ աւելի ընդլայնուած կազմ մը, բաղկացած` 30 նախարարներէ: Նախագահին հետ խորհրդակցութեան աւարտին Հարիրի Պաապտայէն իր...

Փորձելով Ընտրական Օրէնքի Բարեփոխումը  Անջատել Կառավարութեան «Թնճուկ»-էն.  Ընտրական Օրէնքին Վերաբերող  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին

Փորձելով Ընտրական Օրէնքի Բարեփոխումը Անջատել Կառավարութեան «Թնճուկ»-էն. Ընտրական Օրէնքին Վերաբերող Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին

Բոլոր կողմերը գոհացնող եւ արդար ներկայացուցչութիւն ապահովող ընտրական օրէնքի մշակման վերաբերեալ Ազգային ազատ հոսանքի սկսած նախաձեռնութիւնը շարունակուեցաւ երէկ մէկէ աւելի ուղղութիւններով: Արդարեւ, Ազգային ազատ հոսանքը ներկայացնող տարբեր պատուիրակութիւններ երէկ անջատ այցելութիւններ տուին առնչակից կողմերուն եւ կուսակցութիւններուն` Մարատա հոսանքին, Ղովմի կուսակցութեան եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան` փորձելով տարբեր կողմերու հետ հասարակաց եզր մը գտնել այս հարցին առնչութեամբ: Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան պատուիրակութեան...

Հայաստան- Լիբանան Յարաբերութիւններու  Սերտացման Ճիգերու Ծիրին Մէջ.  Հայաստանի Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեան  Այցելեց Նախարար Միշել Ֆարաոնի

Հայաստան- Լիբանան Յարաբերութիւններու Սերտացման Ճիգերու Ծիրին Մէջ. Հայաստանի Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեան Այցելեց Նախարար Միշել Ֆարաոնի

Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան երեքշաբթի օր այցելեց զբօսաշրջութեան նախարար Միշել Ֆարաոնի` գլխաւորելով պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէր Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան: Խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութեանց զարգացման վրայ, յատկապէս` զբօսաշրջական եւ տնտեսական մարզերուն մէջ, քաղաքական խիստ լաւ ու սերտ յարաբերութեանց կողքին: Այս առիթով Յակոբեան նախարար Ֆարաոնը հրաւիրեց յառաջիկայ ամիս այցելելու Հայաստան`...

Փաթըրսըն Շարունակեց Իր Հանդիպումները Լիբանանցի Պատասխանատուներուն Հետ

Փաթըրսըն Շարունակեց Իր Հանդիպումները Լիբանանցի Պատասխանատուներուն Հետ

Երկրի զանազան կողմերու պատասխանատուներուն կատարած իր այցելութեանց ծիրին մէջ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի միջինարեւելեան հարցերու օգնական Անն Փաթըրսըն երէկ հանդիպումներ ունեցաւ ընթացաւարտ կառավարութեան վարչապետ Սաէպ Սալամի, արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ժըպրան Պասիլի եւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ: Այս առիթով Փաթըրսըն բարձր գնահատեց լիբանանեան բանակի դերը երկրի անդորրութեան ամրապնդման մէջ` խոստանալով յաւելեալ զարկ տալ եւ աշխուժացնել լիբանանեան բանակին...

Չորեքշաբթի Օրուան Հերթական  Հանդիպումներու Ընթացքին.  Պըրրի Զարմանք Կը Յայտնէ Կառավարութեան  Կազմութեան Հրամանագիրի Ուշացման Գծով

Չորեքշաբթի Օրուան Հերթական Հանդիպումներու Ընթացքին. Պըրրի Զարմանք Կը Յայտնէ Կառավարութեան Կազմութեան Հրամանագիրի Ուշացման Գծով

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ զարմանք յայտնեց կառավարութեան կազմութեան ձգձգման գծով, մանաւանդ որ անիկա կը նախատեսուէր երկուշաբթի օրուան «դասաւորումէն ետք»: Չորեքշաբթի օրուան խորհրդարանական հերթական հանդիպումներուն ընթացքին Պըրրիի վերագրուած յայտարարութիւններուն ծիրին մէջ նշուեցաւ, որ կառավարութեան կազմը 99 առ հարիւր պատրաստ է, եւ կողմերը բաւարարուած են իրենց վերապահուած բաժիններով: Միւս կողմէ, խորհրդարանի նախագահը երէկ վերահաստատեց 1960-ի օրէնքին դէմ իր ընդդիմութիւնը: Նման օրէնքի...

Հակառակ Որոշ Լարուածութիւն  Ստեղծող Կեցուածքներուն.  Կառավարութեան Կազմութեան Յայտարարութիւնը` Խիստ Մօտալուտ

Հակառակ Որոշ Լարուածութիւն Ստեղծող Կեցուածքներուն. Կառավարութեան Կազմութեան Յայտարարութիւնը` Խիստ Մօտալուտ

Երկրին մէջ քաղաքական խորհրդակցութիւններու առանցքը երէկ դարձեալ կազմեց կառավարութեան կազմութեան փութացումը, հակառակ այս առնչութեամբ կարգ մը առնչակից կողմերու ցուցաբերած կարծր կեցուածքին, ինչ որ որոշ լարուածութիւն ստեղծեց` մտավախութիւն առթելով կառավարութեան կազմութեան յառաջիկայ տարեսկիզբին յետաձգման վերաբերեալ: Ըստ իրազեկ աղբիւրներու, յառաջիկայ 48 ժամերը վճռական կարեւորութիւն ունին ցարդ տարուած եւ տարուող ճիգերու արդիւնաւորման առնչութեամբ: Ըստ նոյն աղբիւրներուն նշանակեալ վարչապետ Հարիրի գրեթէ ամբողջացուցած է կառավարութեան...

Օրըստօրէ Կը Շեշտուին Նախագահ Աունի Իշխանութեան Նկատմամբ  Զօրակցութեան Կեցուածքները

Օրըստօրէ Կը Շեշտուին Նախագահ Աունի Իշխանութեան Նկատմամբ Զօրակցութեան Կեցուածքները

Հակառակ կառավարութեան կազմութեան ձգձգուող ճիգերուն եւ այս երեւոյթը նախագահ Աունի իշխանութեան սկիզբը դանդաղեցնող ազդակ նկատող միտումներուն, նախագահ Աունի անձին եւ իր գլխաւորած իշխանութեան նկատմամբ վստահութեան եւ զօրակցութեան կեցուածքները կը շարունակուին տեղական թէ արտաքին մակարդակներու վրայ: Այս դիտանկիւնէն պէտք է ընկալել նախագահ Աունի վերագրուած յայտարարութիւնը իր այցելուներուն, թէ` կառավարութեան կազմութեան գծով քայլերը կը շարունակուին մէկէ աւելի մակարդակներու վրայ ու երկրի բարգաւաճման...

Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում  Համախմբումի Նիստէն Ետք.  Քանաան. «Ազգային Միութեան Կառավարութեան Մէջ  Ոչ Մէկ Կողմ Պէտք Է Զանց Առնուի»

Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումի Նիստէն Ետք. Քանաան. «Ազգային Միութեան Կառավարութեան Մէջ Ոչ Մէկ Կողմ Պէտք Է Զանց Առնուի»

«Եթէ կ՛ուզենք ազգային միութեան կառավարութիւն կազմել, այն ատեն պէտք չէ զանց առնել որեւէ կողմ», յայտարարեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան երէկ, համախմբումի շաբաթական հերթական նիստին աւարտին: «Ան որ կ՛ուզէ իր բաժինը զիջիլ այլ կողմի մը, ազատ է, սակայն չի կրնար պարտադրել իրավիճակ մը, որ կը հակասէ իր իսկ իրավիճակին», շեշտեց երեսփոխան Քանաան` անուղղակիօրէն ակնարկելով խորհրդարանի նախագահին...

Ընտրական Նոր Օրէնքին Գծով Քուլիսային  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին.  Ընտրական Օրէնքի Մշակման Սեղմ Յանձնախո՞ւմբ

Ընտրական Նոր Օրէնքին Գծով Քուլիսային Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին. Ընտրական Օրէնքի Մշակման Սեղմ Յանձնախո՞ւմբ

Նախագահ Միշել Աունի իշխանութեան «դիմագիծը» վճռող ընտրական նոր օրէնքին գծով խորհրդակցութիւնները երէկ շարունակուեցան առնչակից պատկան կողմերուն միջեւ: Այս իմաստով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան պատուիրակութիւնը երէկ անջատ այցելութիւններ տուաւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան կեդրոնը եւ նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի կեդրոնական Պէյրութի բնակարանը: «Իսկական պետութիւն կերտելու համար անհրաժեշտ է բոլոր կողմերը արդարօրէն ներկայացնող ընտրական օրէնք մշակել», ըսաւ Ազգային ազատ հոսանքի կուսակցութեան պատասխանատուներէն երեսփոխան Իպրահիմ...

Վերահաստատելով Իր Երկրի  Զօրակցութիւնը Լիբանանին.  Եգիպտոսի Դեսպանը Այցելեց Վարչապետ Հարիրիի

Վերահաստատելով Իր Երկրի Զօրակցութիւնը Լիբանանին. Եգիպտոսի Դեսպանը Այցելեց Վարչապետ Հարիրիի

Նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Եգիպտոսի դեսպան Նազիհ Նաժարին, որ եկած էր վերահաստատելու իր երկրին զօրակցութիւնը Լիբանանին` բոլոր մարզերուն մէջ: «Վարչապետ Հարիրիէն տեղեկացայ կառավարութեան կազմութեան գծով տարուող ճիգերուն արդիւնքները եւ կը մաղթեմ, որ շուտով կազմուի կառավարութիւնը, եւ երկու երկիրներու կառավարութիւններու փոխադարձ գործակցութեան ծիրին մէջ յառաջիկայ ամիսներուն կարենանք վերակենդանացնել յատկապէս առեւտրական եւ տնտեսական գործառնութիւնները: Նաեւ`...

«Նոել»-էն Ետք «Սիւզի» Ձիւնամրրիկը Կը Հարուածէ Լիբանանը

«Նոել»-էն Ետք «Սիւզի» Ձիւնամրրիկը Կը Հարուածէ Լիբանանը

«Նոել» ձիւնամրրիկի տեղատարափ անձրեւներէն ետք կը նախատեսուի, որ ցուրտի ալիքը աւելի սաստկանայ եւ «Սիւզի» ձիւնամրրիկը հարուածէ Լիբանանը` իր տեղատարափ անձրեւներով եւ ձիւնի տեղումներով: Օդերեւութաբանական աղբիւրներու համաձայն, կացութիւնը պիտի բարելաւուի ուրբաթ օր, իսկ յառաջիկայ շաբաթասկիզբին Լիբանան պիտի ենթարկուի «Ճիմի» ձիւնամրրիկի հարուածներուն: Ըստ նոյն աղբիւրներուն, այսօր պիտի շարունակուի տեղատարափ անձրեւը եւ 800 մեթր բարձրութենէն սկսեալ ձիւնի տեղումները պիտի սաստկանան: Այս առումով ներքին...

Մաշնուք. «Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն  Մասին Կատարած Յայտարարութիւնս Քաղաքական  Կեցուածք Չէր, Այլ` Կը Վերաբերէր  Ներքին Գործոց Նախարարութեան Կարողութեան»

Գլխաւորելով Ապահովական Նիստի Մը` Նախարար Մաշնուք Ցուցմունքներ Տուաւ Պատասխանատուներուն

Ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Նուհատ Մաշնուք երէկ շարունակեց երկրի ապահովական վիճակի հսկողութեան իր ճիգերը, յատկապէս տօնական օրերու նախօրեակին: Այս ծիրին մէջ, Մաշնուք երէկ նախագահեց ապահովական նիստի մը, ներկայութեամբ` պատկան կողմերու ներկայացուցիչներուն, եւ այս գծով ցուցմունքներ տուաւ բաժանմունքներու պատասխանատուներուն, ապահովութեան եւ անդորրութեան հաստատման գծով, տօնական օրերու խճողումին եւ «Թոհուբոհին» մէջ:  

Կառավարութեան Կազմութեան Եւ Ընտրական Օրէնքի Մշակման Գծով Աշխուժ Խորհրդակցութիւններ

Կառավարութեան Կազմութեան Եւ Ընտրական Օրէնքի Մշակման Գծով Աշխուժ Խորհրդակցութիւններ

Կառավարութեան կազմութիւնը շատ հաւանական է յառաջիկայ քանի մը օրերուն, եթէ ոչ ժամերուն: Երկրին հրատապ գլխաւոր հարցերը` կառավարութեան կազմութիւնն ու ընտրական օրէնքի վերամշակման հարցը առանցքը կազմեցին երէկ քաղաքական, հոգեւոր ու պաշտօնական խորհրդակցութիւններուն: Նախագահ Միշել Աունի իշխանութեան առաջնահերթ մարտահրաւէրին` կառավարութեան կազմութեան գծով, կը թուի, թէ դրական տրամադրութիւնները գերիշխող են սպասողական վիճակին վրայ: Փաստօրէն, շաբաթավերջի խորհրդակցութիւններն ու անոնց հետեւող մեկնաբանութիւնները անհրաժեշտ կը նկատէին...

Ներքին Գործոց Նախարարը Այցելեց Ռայի Պատրիարքին

Ներքին Գործոց Նախարարը Այցելեց Ռայի Պատրիարքին

Կառավարութեան կազմութեան եւ ընտրական օրէնքի մշակման գծով տարուող ճիգերը առանցքը կազմեցին ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի եւ մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքին միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումին: Այս առիթով նաեւ նախարար Մաշնուք ներկայ եղաւ ծառատնկումի արարողութեան` Պքերքէի կից շրջանին մէջ:

Մամլոյ Արձակուրդ

Մոհամետ մարգարէի ծննդեան տօնին առիթով եւ համաձայն Մամլոյ սենտիքայի որոշումին, «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ երկուշաբթի, 12 դեկտեմբեր 2016-ին: Մեր յաջորդ թիւը` երեքշաբթի, 13 դեկտեմբեր 2016-ին:

Page 775 of 986 1 … 774 775 776 … 986

Արխիւներ