Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընտրական Նոր Օրէնքին Գծով Քուլիսային Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին. Ընտրական Օրէնքի Մշակման Սեղմ Յանձնախո՞ւմբ

December 14, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

free-patriot-1_121316

Նախագահ Միշել Աունի իշխանութեան «դիմագիծը» վճռող ընտրական նոր օրէնքին գծով խորհրդակցութիւնները երէկ շարունակուեցան առնչակից պատկան կողմերուն միջեւ:

Այս իմաստով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան պատուիրակութիւնը երէկ անջատ այցելութիւններ տուաւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան կեդրոնը եւ նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի կեդրոնական Պէյրութի բնակարանը:

«Իսկական պետութիւն կերտելու համար անհրաժեշտ է բոլոր կողմերը արդարօրէն ներկայացնող ընտրական օրէնք մշակել», ըսաւ Ազգային ազատ հոսանքի կուսակցութեան պատասխանատուներէն երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան երէկ: Քանաան դիտել տուաւ, որ «26 տարիներէ ի վեր քրիստոնէական ներկայացուցչութիւնը գոհացուցիչ չէր»` նշելով, որ բոլոր կողմերը հաւասարապէս ներկայացնող ընտրական օրէնքի որդեգրումը կրնայ սրբագրել երեւոյթը: Քանաան ընդգծեց, որ ընտրական նոր օրէնքի մշակումը անհրաժեշտութիւն կը նկատուի գրեթէ բոլոր կողմերու եւ կուսակցութիւններու աշխատելաոճի ուղեգիծին մէջ:

Քանաան աւելցուց, որ լուսարձակէ հեռու խորհրդակցութիւնները կը շարունակուին ընտրական նոր օրէնքի մշակման վերաբերեալ հասարակաց եզրեր գտնելու նպատակով: «Յանձնառու ենք քննելու որեւէ բանաձեւ, որ կ՛ապահովէ ազգային իրա՛ւ գործընկերութիւնը եւ այս գծով արծարծուեցան ընտրական օրէնքի համամասնական եւ Ուղղափառ համախմբումի ներկայացուցած տարբերակները, եւ դուռը բաց է որեւէ բանաձեւի, որ կ՛ապահովէ նշեալ սկզբունքները», ընդգծեց Քանաան:

Իր կարգին, երեսփոխան Ալեն Աուն զանազան կողմերու հետ կատարուող խորհրդակցութեանց ծիրին մէջ յայտնեց, որ այսօր չորեքշաբթի Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան պատուիրակութիւնը պիտի այցելէ Պնեշհի` Մարատայի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի հետ քննելու համար այս հարցը:

Միւս կողմէ, իրազեկ աղբիւրներու համաձայն, կը նախատեսուի յառաջացնել սեղմ յանձնախումբ մը, որուն հիմնական պարտականութիւնը ըլլայ մշակել եւ բանաձեւել ընտրական նոր օրէնքը:

Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Սամի Ժեմայէլ անհրաժեշտ նկատեց, որ խորհրդակցութեանց աւարտին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի այս հարցը արծարծէ խորհրդարանին մէջ` առ ի վաւերացում մշակուած ընտրական նոր օրէնքին:

Յառաջիկայ օրերուն պատուիրակութիւնը պիտի շարունակէ իր այցելութիւնները այլ կուսակցութիւններու հետ` յանգելու համար «կողմերը արդարօրէն ներկայացնող» ընտրական օրէնքի մշակման:

 

Նախորդը

Վերահաստատելով Իր Երկրի Զօրակցութիւնը Լիբանանին. Եգիպտոսի Դեսպանը Այցելեց Վարչապետ Հարիրիի

Յաջորդը

Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումի Նիստէն Ետք. Քանաան. «Ազգային Միութեան Կառավարութեան Մէջ Ոչ Մէկ Կողմ Պէտք Է Զանց Առնուի»

RelatedPosts

Ռուպիօ Նախագահ Աունը Յորդորած Է Լիբանանի  Եւ Իսրայէլի Բանակներուն Միջեւ Ուղղակի  Հաղորդակցութիւնները Սկսելու
Լիբանանեան

Ռուպիօ Նախագահ Աունը Յորդորած Է Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Բանակներուն Միջեւ Ուղղակի Հաղորդակցութիւնները Սկսելու

October 17, 2026
«Քաթարը Կը Փորձէ Լիբանանի Մէջ Ուժանիւթի Հարցի  Համապարփակ Լուծումներ Ներկայացնել»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

«Քաթարը Կը Փորձէ Լիբանանի Մէջ Ուժանիւթի Հարցի Համապարփակ Լուծումներ Ներկայացնել» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

October 17, 2026
Խաթիպզատէ. «Լիբանանի Մէջ Իրանի  Դեսպանի Հարցը Պէտք Չէր Այսչափի Հասնէր»
Լիբանանեան

Խաթիպզատէ. «Լիբանանի Մէջ Իրանի Դեսպանի Հարցը Պէտք Չէր Այսչափի Հասնէր»

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.