Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փորձելով Ընտրական Օրէնքի Բարեփոխումը Անջատել Կառավարութեան «Թնճուկ»-էն. Ընտրական Օրէնքին Վերաբերող Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին

December 15, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ten_121416

Բոլոր կողմերը գոհացնող եւ արդար ներկայացուցչութիւն ապահովող ընտրական օրէնքի մշակման վերաբերեալ Ազգային ազատ հոսանքի սկսած նախաձեռնութիւնը շարունակուեցաւ երէկ մէկէ աւելի ուղղութիւններով: Արդարեւ, Ազգային ազատ հոսանքը ներկայացնող տարբեր պատուիրակութիւններ երէկ անջատ այցելութիւններ տուին առնչակից կողմերուն եւ կուսակցութիւններուն` Մարատա հոսանքին, Ղովմի կուսակցութեան եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան` փորձելով տարբեր կողմերու հետ հասարակաց եզր մը գտնել այս հարցին առնչութեամբ:

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան պատուիրակութեան առաջին կայանը եղաւ Պնաշհի, ուր Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի հետ քննարկուեցան ընտրական յատկապէս համամասնական օրէնքին մանրամասնութիւնները: Հանդիպումին ներկայ էին Մարատայի կողմէ` նախկին նախարար Եուսեֆ Սաատէ եւ Ֆրենժիէի զաւակը` Թոնի Ֆրենժիէ: Իսկ Ազգային ազատ հոսանքը կը ներկայացնէին երեսփոխաններ Ալեն Աուն, Զիատ Ասուատ եւ Ուալիտ Խուրի: Այս առիթով երեսփոխան Ալեն Աուն լաւատեսութեամբ արտայայտուեցաւ կողմերու համախոհութեան, յատկապէս` ընտրական օրէնքին առնչութեամբ: «Նախագահի ընտրութեան էջը փակուեցաւ, կառավարութեան կազմութիւնն ալ ընթացքի մէջ է, եւ ներկայիս մեր ճիգերը կեդրոնացուցած ենք ընտրական օրէնքին բարեփոխման վրայ», ընդգծեց Աուն` մաղթելով, որ Մարատայի հետ յարաբերութիւնները վերադառնան իրենց բնականոն հունին, եւ այս գծով մենք պէտք է իրարու օգնենք: «Որեւէ վէրք դարմանուելու համար ժամանակի կարիք ունի», դիտել տուաւ Աուն:

Ղովմի կուսակցութեան երեսփոխան Ասաատ Հարտանի հետ հանդիպումի ընթացքին Հարտան շեշտեց կողմերը ներկայացնող ընտրական արդար օրէնքի որդեգրումը:

Երեկոյեան Քլեմանսոյի մէջ երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ խորհրդակցութիւնները նոյնպէս կեդրոնացան ընտրական, յատկապէս` համամասնական օրէնքին վրայ: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Ժոմպլաթի երկու զաւակները` Թէյմուր եւ Ասլան, երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպ, երեսփոխաններ Ղազի Արիտի, Հանրի Հըլու, Մարուան Համատէ եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Զաֆեր Նասեր: Իսկ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան պատուիրակութեան մաս կը կազմէին` Ալեն Աունի կողքին երեսփոխաններ Զիատ Ասուատ, Նաամթալլա Ապի Նասր եւ Ղասսան Մուխայպեր: Այս առիթով երեսփոխան Ալեն Աուն յայտնեց, որ անհրաժեշտ է վանել տիրող մտատանջութիւնները: «Խորհրդակցութիւնները ընթացան շատ անկեղծ մթնոլորտի մէջ, սակայն պէտք է շարունակել եւ ամբողջացնել զանոնք եւ յանգիլ հասարակաց պատկերացումի», ընդգծեց երեսփոխան Ալեն Աուն:

Նախորդը

Հայաստան- Լիբանան Յարաբերութիւններու Սերտացման Ճիգերու Ծիրին Մէջ. Հայաստանի Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեան Այցելեց Նախարար Միշել Ֆարաոնի

Յաջորդը

Նախքան Ամանորը Սպիտակ Ծուխի Արձակման Խոստումներու Լոյսին Տակ. Կառավարութեան Կազմի Յայտարարութիւնը Կրկին Ձգձգուեցաւ

RelatedPosts

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական  Գործակցութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու  Լուծման Համար Դիւանագիտական  Լուծումներուն Կը Կառչինք»
Լիբանանեան

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական Գործակցութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու Լուծման Համար Դիւանագիտական Լուծումներուն Կը Կառչինք»

October 30, 2026
Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ  Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում

October 30, 2026
Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց  Պէյրութի Նաւահանգիստ
Լիբանանեան

Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պէյրութի Նաւահանգիստ

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.