Ժեմայէլ. «Մարտ 8-ի Քաղաքական Ուժերը Յաջողած Են Կազմել Կառավարութիւն Մը, Որ Բնաւ Մեզի Չի Նմանիր»
Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որմէ ետք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ 11 տարուան պայքարէ մը ետք, անցնող երկամեակին ընթացքին Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը իրենց հակակշիռին տակ առած են երկիրը, «իսկ նախանցեալ օր անոնք յաջողեցան կազմել կառավարութիւնը, որ լիբանանեան լրատուամիջոցներուն կողմէ որակուեցաւ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերու կառավարութիւն», ըսաւ ան: Սամի Ժեմայէլ հաստատեց,...



















