Լիբանանեան

Մոհամետ Մարգարէի Ծննդեան  Տօնին Առիթով Իր Խօսքին Մէջ.  «Կը Գտնուինք Ճակատագրական Կարեւոր Փուլի Մէջ,  Եւ Նախագահ Աունի Հետ Մեր Կապերը Խիստ Լաւ Են»  Ընդգծեց Սէյիտ Հասան Նասրալլա

Մոհամետ Մարգարէի Ծննդեան Տօնին Առիթով Իր Խօսքին Մէջ. «Կը Գտնուինք Ճակատագրական Կարեւոր Փուլի Մէջ, Եւ Նախագահ Աունի Հետ Մեր Կապերը Խիստ Լաւ Են» Ընդգծեց Սէյիտ Հասան Նասրալլա

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ վերահաստատեց նախագահ Միշել Աունի հետ տիրող բարեկամական յարաբերութիւնները: Մոհամետ մարգարէի ծննդեան տօնին առիթով պատկերասփռուած ելոյթով մը Նասրալլա երէկ երեկոյեան անդրադարձաւ տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւններուն` նշելով, որ իսլամներ եւ քրիստոնեաներ կը դիմագրաւեն գոյութենական ու քաղաքակրթական մարտահրաւէրներ եւ մաղթեց, որ տօնական այս օրերը առիթ ըլլան միասնութեան եւ գործակցութեան: Իր խօսքը գլխաւոր երեք կէտերու մէջ սահմանափակելով`...

Քանաան-Ռիաշի Միացեալ  Հանդիպումի Մը Ընթացքին.  Քանաան. «Միջքրիստոնէական Հասկացողութիւնը  Պիտի Վերամրագրէ Մեր Ներկայութիւնը»

Քանաան-Ռիաշի Միացեալ Հանդիպումի Մը Ընթացքին. Քանաան. «Միջքրիստոնէական Հասկացողութիւնը Պիտի Վերամրագրէ Մեր Ներկայութիւնը»

«Միջքրիստոնէական հասկացողութիւնը մեզ պիտի վերադարձնէ հրապարակը` ամրագրելով մեր ներկայութիւնը քարտէսին վրայ», յայտարարեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան երէկ` նշելով, որ այս քայլը մեկնակէտ պիտի ըլլայ բոլորի համախմբումին մէկ հայրենիքի մէջ: Տըպպայէի մէջ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան տեղեկատուական բաժանմունքի նախկին պատասխանատու Մըլհեմ Ռիաշիի հետ կայացած հանդիպումի մը ընթացքին արտայայտած իր այս կեցուածքին ընթացքին երեսփոխան Քանաան շեշտեց, որ ընտրական...

Այն Թինէի Մէջ.  «Պըրրի Նախանձախնդիր Է Կառավարութեան  Կազմութեան Եւ Մթնոլորտը Դրական Է»  Հաստատեց Վարչապետ Սաատ Հարիրի

Այն Թինէի Մէջ. «Պըրրի Նախանձախնդիր Է Կառավարութեան Կազմութեան Եւ Մթնոլորտը Դրական Է» Հաստատեց Վարչապետ Սաատ Հարիրի

Կառավարութեան կազմութեան ճիգերը արդիւնաւորելու եւ  յատկապէս զայն նախքան տօնական օրերը իրագործելու վճռակամութեամբ պատկան կողմեր աշխուժ խորհրդակցութիւններու ձեռնարկած են այս օրերուն: Այս ծիրին մէջ նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ երեկոյ այցելեց Այն Թինէ, ուր գլուխ գլխի խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ: Շուրջ երկու ժամ տեւած խօսակցութեանց ներկայ էին նաեւ ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Ալի Հասան Խալիլ եւ Հարիրիի գրասենեակի...

Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց  Երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանը

Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանը

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան երէկ այցելեց մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքին: Խորհրդակցութեանց առանցքները կազմեցին շրջանի ու յատկապէս Լիբանանի ընդհանուր իրավիճակը, կառավարութեան կազմութեան ճիգերու լոյսին տակ: Այս առիթով երեսփոխան Քանաան յայտարարեց, որ պիտի շարունակէ իր ճիգերը եւ այցելէ պատկան բոլոր մարմիններուն, բնորոշելու եւ անջատելու համար կառավարութեան կազմութեան հարցը ընտրական օրէնքէն: Երեսփոխան Քանաանին կ՛ընկերանային իր եղբայրները:  

Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը  Պատրաստ Է Ընտրութեանց Կայացման

Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Ընտրութեանց Կայացման

Ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Նուհատ Մաշնուք երէկ յայտարարեց, թէ իր նախարարութիւնը կազմ ու պատրաստ է երեսփոխանական յառաջիկայ ընտրութիւններու կայացման գծով` յարգելով սահմանադրական ճշդուած ժամկէտներու թուականը: Նախարար Մաշնուք այս յայտարարութիւնը կատարեց ընդունելէ ետք Միացեալ նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը: Տեղական ու շրջանային իրադրութեան կողքին խօսակցութիւնները արծարծեցին նաեւ երեսփոխանական յառաջիկայ ընտրութիւնները` շեշտելով կառավարութեան կազմութեան փութացման անհրաժեշտութիւնը` դիմակալել կարենալու համար Լիբանանին դէմ ցցուող ապահովական,...

ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը  Այցելեց Նեպիհ Պըրրիի

ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Նեպիհ Պըրրիի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի: Պատուիրակութեան մաս կազմեցին Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, փոխներկայացուցիչ Աւետիս Կիտանեան եւ Րաֆֆի Աշքարեան: Հանդիպումէն ետք երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահին հետ իւրաքանչիւր հանդիպումէ ետք լաւատեսութեամբ կը լեցուինք, որովհետեւ ան միշտ լաւատես է: «Կրնանք ըսել, որ Պըրրի ամենայն անկեղծութեամբ եւ լրջութեամբ կը գործէ` օժանդակելու համար վարչապետ...

Ռայի Պատրիարքը Հանրապետութեան  Նախագահը Կը Հրաւիրէ Պքերքէի Մէջ  Մատուցուելիք Ս. Ծննդեան Պատարագին

Ռայի Պատրիարքը Հանրապետութեան Նախագահը Կը Հրաւիրէ Պքերքէի Մէջ Մատուցուելիք Ս. Ծննդեան Պատարագին

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան ժամը 10:00-ին Պաապտայի մէջ ընդունեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Ռայի պատրիարքը մաղթեց, որ նոր կառավարութիւնը կազմուի նախքան Ս. Ծննդեան տօնը` կոչ ուղղելով զօրակցելու հանրապետութեան նախագահին, «որովհետեւ հանրապետութեան նախագահին զօրակցելով` նեցուկ կանգնած կ՛ըլլանք ամբողջ Լիբանանին, յատկապէս նկատի ունենալով, որ նախագահ Աուն տէր կը կանգնի լիբանանեան միասնականութիւնն...

Վարչապետ Հարիրի Կը Շարունակէ  Կառավարութեան Կազմութեան Ճիգերը

Վարչապետ Հարիրի Կը Շարունակէ Կառավարութեան Կազմութեան Ճիգերը

Վարչապետ Սաատ Հարիրի կառավարութեան կազմութեան ճիգերու շրջագիծին մէջ երէկ երեկոյեան Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկրին մէջ տիրող ընդհանուր կացութիւնը: Հանդիպումին առանցքը կազմեց նաեւ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը: Հարիրիի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակ. հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ...

Մեհրապի Մէջ.   «Կը Մաղթենք, Որ Կառավարութիւնը Շուտով  Կազմուի` Պետական Հաստատութիւններուն  Աշխատանքը Կանոնաւորելու Համար»   Շեշտեց Էմանուէլ Պոն

Մեհրապի Մէջ. «Կը Մաղթենք, Որ Կառավարութիւնը Շուտով Կազմուի` Պետական Հաստատութիւններուն Աշխատանքը Կանոնաւորելու Համար» Շեշտեց Էմանուէլ Պոն

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ Մեհրապի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էմանուէլ Պոնը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ներկայութեամբ` Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ տեղեկատուական հարցերու պատասխանատուներ Փիեռ Ապու Ասիի եւ Շարլ Ժապպուրի: Հանդիպումին ընթացքին ներկաները քննարկեցին սուրիական իրադարձութիւնները` յոյս յայտնելով, որ Հալէպի շրջափակումը աւարտի եւ Սուրիոյ տագնապին լուծման գծով քաղաքական յստակ որոշումներ տրուին:...

Պեքաասաֆրինի Մէջ.  Զօր. Քահուաժի Կոչ Ուղղեց Շարունակելու  Ահաբեկչութեան Դէմ Պատերազմը

Պեքաասաֆրինի Մէջ. Զօր. Քահուաժի Կոչ Ուղղեց Շարունակելու Ահաբեկչութեան Դէմ Պատերազմը

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ այցելեց Պեքաասաֆրին-Տըննիէ, ուր ստուգեց բանակի 10-րդ ջոկատի անդամներուն դիրքերն ու կեդրոնը: Զօր. Քահուաժի Տըննիէի մէջ տեղակայուած ուժերէն իմացաւ շրջանին մէջ որդեգրուած ապահովական միջոցառումներուն տարողութիւնը` այդ շրջանին ապահովական կայունութեան պաշտպանութեան ի խնդիր, ինչպէս նաեւ հետապնդելու համար ապահովութիւնը խախտող կողմերը: Ապա ան ուղղուեցաւ Քֆարշախնա եւ հանդիպում մը ունեցաւ սպաներուն եւ բանակայիններուն հետ` անոնց տալով անհրաժեշտ...

Նախագահ Աուն Կառավարութեան Կազմութեան  Հոլովոյթը Քննարկեց Ժահժահի Հետ

Նախագահ Աուն Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը Քննարկեց Ժահժահի Հետ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահը, որուն հետ քննարկեց երկիրը յուզող քաղաքական, ընկերային թէ բարգաւաճման շարք մը հարցեր, կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց ազգային միասնականութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը, որ կ՛երաշխաւորէ լիբանանեան ներքին կայունութիւնը խախտելու ամէն տեսակի փորձի ձախողութիւն: Նախագահ Աուն յայտնեց, որ բոլոր քաղաքացիները պէտք...

Պըրրի Կոչ Ուղղեց Մշակելու  Ընտրական Նոր Օրէնք Մը

Պըրրի Կոչ Ուղղեց Մշակելու Ընտրական Նոր Օրէնք Մը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան առումով խորհրդակցութիւնները առկայ կը մնան: Ան հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը բաւական աշխուժ կ՛ընթանայ, յոյս յայտնելով, որ այդ ջանքերը մօտիկ ապագային արդիւնաւորուին կառավարութեան ծնունդի յայտարարութեամբ: Պըրրի ընդգծեց ընտրական նոր օրէնք մը մշակելու կարեւորութիւնը եւ այս իմաստով կոչ ուղղեց բոլորին թաղելու 1960-ի...

Պքերքէի Մէջ .  «Հալէպը Չէ Քանդուած, Այլ` Անկէ  Կը Հեռանան Ահաբեկիչները»   Շեշտեց Միւֆթի Հասսուն

Պքերքէի Մէջ . «Հալէպը Չէ Քանդուած, Այլ` Անկէ Կը Հեռանան Ահաբեկիչները» Շեշտեց Միւֆթի Հասսուն

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Սուրիոյ միւֆթի Ահմետ Պատրէտտին Հասսունը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալիի: Շուրջ երեք քառորդ ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները: Միւֆթի Հասսուն մաղթեց, որ լիբանանեան-սուրիական յարաբերութիւնները ամրապնդուին, եւ կոչ ուղղեց լիբանանցի եւ սուրիացի քաղաքական անձնաւորութիւններուն իրենց տեսակէտները մօտեցնելու եւ հաշտուելու: Միւֆթի...

Վարչապետ Հարիրի Ֆրենժիէի Հետ  Քննարկեց  Կառավարութեան Կազմութեան  Մանրամասնութիւնները

Վարչապետ Հարիրի Ֆրենժիէի Հետ Քննարկեց Կառավարութեան Կազմութեան Մանրամասնութիւնները

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ երեկոյեան Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէն: Անպաշտօն աղբիւրներ յայտնեցին, որ հանդիպումը կատարուած է Հարիրիի պահանջով, աւելցնելով, որ անոնք քննարկած են կառավարութեան կազմութեան մանրամասնութիւնները: Հանդիպումէն ետք Ֆրենժիէ յայտարարեց, որ Հարիրիի հետ փոխանակած են իրենց տեսակէտները: «Մենք չենք ուզեր խոչընդոտել, եւ երկու կողմերը կը կրեն խոչընդոտումին պատասխանատուութիւնը... Մենք համամիտ ենք վարչապետ...

Պեքաասաֆրինի Մէջ Բանակի Անցարգելին Դէմ  Յարձակում Գործած Յանցագործները Ձերբակալուեցան

Պեքաասաֆրինի Մէջ Բանակի Անցարգելին Դէմ Յարձակում Գործած Յանցագործները Ձերբակալուեցան

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, թէ ձերբակալուած են Պեքաասաֆրին - Տըննիէի մէջ բանակի անցարգելին դէմ 4 դեկտեմբեր 2016-ին յարձակում գործած յանցագործները: Բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը կրցած էր ձերբակալել չորս յանցագործներ եւ անցարգելին շրջակայ անտառներուն մէջ բացայայտած զէնք ու զինամթերք, որոնք օգտագործուած էին բանակին դէմ յարձակումին ընթացքին: Յանցագործներն ու գրաւուած զէնքերը յանձնուեցան համապատասխան մարմինին, որպէսզի իր պարտականութիւնը...

ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը  Այցելեց Վարչապետ Հարիրիի

ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վարչապետ Հարիրիի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը 6 դեկտեմբերին այցելեց վարչապետ Սաատ Հարիրիի: Պատուիրակութեան մաս կազմեցին ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, փոխներկայացուցիչ Աւետիս Կիտանեան եւ Րաֆֆի Աշքարեան: Հանդիպումէն ետք երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ վարչապետ Հարիրիի այցելութիւնը կ՛իյնայ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ իշխանութեան պետերուն կատարուած այցելութիւններու շրջագիծին մէջ: Ան նշեց, որ վարչապետին հետ քննարկած են կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը: «Մաղթեցինք,...

«Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթին  Ուշացումը Զիս Չի Մտահոգեր Եւ Կը Յուսամ,  Որ Անոր Ծնունդը Մօտիկ Ապագային Յայտարարուի»  Շեշտեց Նախագահ Աուն

«Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթին Ուշացումը Զիս Չի Մտահոգեր Եւ Կը Յուսամ, Որ Անոր Ծնունդը Մօտիկ Ապագային Յայտարարուի» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին ուշացումը զինք չի մտահոգեր, յոյս յայտնելով, որ անոր ծնունդը մօտիկ ապագային յայտարարուի: Նախագահ Աուն մաղթեց, որ կառավարութիւնը անյապաղ կազմուի` իրականացնելու համար ճշդուած նպատակները, որոնց առաջին կարգին կը գտնուի փտածութեան դէմ պայքարը: Նախագահ Աուն այս յայտարարութիւնները կատարեց Պէյրութի ընտանիքները ներկայացնող պատուիրակութեան մը հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին: Նախագահ Աուն ողջունեց...

«Մեզի Համար Հըզպալլա Անշեղ Սկզբունք Է,  Իսկ Շիի-Քրիստոնեայ Տարակարծութիւն  Երբեք Պիտի Չարձանագրուի»  Շեշտեց Պասիլ

«Մեզի Համար Հըզպալլա Անշեղ Սկզբունք Է, Իսկ Շիի-Քրիստոնեայ Տարակարծութիւն Երբեք Պիտի Չարձանագրուի» Շեշտեց Պասիլ

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլի: Նիստէն ետք Պասիլ շեշտեց, որ Լիբանանը իւրայատուկ երկիր մը դարձնողը ինքնաճանաչումն ու ուրիշը ընդունելու եւ զայն յարգելու արժանիքն է, ինչ որ կը մղէ անձը` համաձայնելու ուրիշին հետ: «Այս է Լիբանանի էութիւնը, ինչպէս նաեւ այլոց իւրայատկութիւնները ճանչնալու եւ անոնց համաձայն գտնուելու իրականութիւնը»,...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա ուրբաթ, 9 դեկտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին պիտի արտասանէ պատկերասփռուած ճառ մը` լուսարձակի տակ առնելու ներկայ քաղաքական իրադարձութիւնները: ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ատեանի Աւագ քննիչ դատախազ Ռիատ Ապու Ղիտա համաձայն գտնուեցաւ բջիջային հեռաձայնի առեւտրական Քամել Ամհազը ազատ արձակել` 15 միլիոն լ. ոսկի արժող երաշխագինով: ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու...

Նախագահ Աուն Ընդունեց ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը

Նախագահ Աուն Ընդունեց ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, փոխներկայացուցիչ Աւետիս Կիտանեան եւ Րաֆֆի Աշքարեան: Երեսուն վայրկեան տեւած հանդիպումին առանցքը կազմեցին նախագահական նոր նստաշրջանի ընթացքին առնուելիք անհրաժեշտ քայլերը` երկրի միասնականութեան եւ զարգացման առնչութեամբ: Քննարկուեցան կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը եւ այդ իմաստով երեւցող ու թաքուն դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ...

Page 776 of 986 1 … 775 776 777 … 986

Արխիւներ