Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կոչ ուղղեց միջազգային ընտանիքին` թափ ու մղում տալու Լիբանանի նոր իշխանութեան եւ զօրակցելու ընտրական արդիական օրէնքի մշակման ճիգերուն:
Օրէնքներու ելեկտրոնային հետեւողութեան ծրագիրի սկզբնաւորման հանդիսութեան առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ խորհրդարանի նախագահը շեշտեց համամասնական դրութեան հիման վրայ ընտրական նոր ու արդիական օրէնքի մշակման անհրաժեշտութիւնը` նախագահի ընտրութեան եւ կառավարութեան կազմութեան իրագործումներու յաջող քայլերէն ետք: «Որեւէ պարագայի կարելի չէ լիբանանցիներուն պարտադրել ընտրութեան վեց սերունդներ ետ դառնալ», ընդգծեց Պըրրի: