Ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Նուհատ Մաշնուք երէկ շարունակեց երկրի ապահովական վիճակի հսկողութեան իր ճիգերը, յատկապէս տօնական օրերու նախօրեակին: Այս ծիրին մէջ, Մաշնուք երէկ նախագահեց ապահովական նիստի մը, ներկայութեամբ` պատկան կողմերու ներկայացուցիչներուն, եւ այս գծով ցուցմունքներ տուաւ բաժանմունքներու պատասխանատուներուն, ապահովութեան եւ անդորրութեան հաստատման գծով, տօնական օրերու խճողումին եւ «Թոհուբոհին» մէջ: