Երկրին մէջ քաղաքական խորհրդակցութիւններու առանցքը երէկ դարձեալ կազմեց կառավարութեան կազմութեան փութացումը, հակառակ այս առնչութեամբ կարգ մը առնչակից կողմերու ցուցաբերած կարծր կեցուածքին, ինչ որ որոշ լարուածութիւն ստեղծեց` մտավախութիւն առթելով կառավարութեան կազմութեան յառաջիկայ տարեսկիզբին յետաձգման վերաբերեալ:
Ըստ իրազեկ աղբիւրներու, յառաջիկայ 48 ժամերը վճռական կարեւորութիւն ունին ցարդ տարուած եւ տարուող ճիգերու արդիւնաւորման առնչութեամբ: Ըստ նոյն աղբիւրներուն նշանակեալ վարչապետ Հարիրի գրեթէ ամբողջացուցած է կառավարութեան կազմը, եւ այս գծով անոր Պաապտա այցելութիւնը խիստ մօտալուտ կը թուի: Ըստ լրագրող, մեկնաբան Թարեք Թարշիշիի, «խոչընդոտները» գրեթէ հարթուած են, եւ կ՛ակնկալուի, որ վարչապետ Հարիրի մօտերս այցելէ Պաապտա` նախագահ Աունին ներկայացնելու 24 նախարարներէ բաղկացած նախարարական անուանացանկ մը: Թարշիշի հաւանական նկատեց, որ նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի նախագահ Աունի ներկայացնէ 30 նախարարներէ բաղկացած կազմ մը, ինչ որ կրնայ աւելցնել պետական նախարարներու թիւը` միաժամանակ գոհացնելով բոլոր կողմերը:
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան աղբիւրներ աւելի լաւատես կը թուին ըլլալ` գրեթէ վճռուած նկատելով կառավարութեան կազմութեան հարցը:
«48 ժամերու ընթացքին կառավարութիւնը կը յայտարարուի», յայտարարեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատուներէն, երեսփոխան Զիատ Ասուատ:
«Ոչ ոքի դէմ վեթօ կայ, մենք բաց ենք բոլորին նկատմամբ եւ կը գտնուինք կառավարութեան կազմութեան ժամկէտի նախավերջին քայլին մէջ», ընդգծեց երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն:
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ ոչ մէկ պատրուակ կայ ձգձգելու կառավարութեան կազմութիւնը:
Իրենց կարգին, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան աղբիւրներ եւս հերքեցին կառավարութեան չմասնակցելու կամ զայն պոյքոթի ենթարկելու հաւանականութիւնը` չծածկելով հանդերձ Այն Թինէի մէջ իրենց ընդվզումը Մարատայի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի կատարած յայտարարութեան կապակցութեամբ:
Ըստ «Ախպար» օրաթերթին, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը ընդունած է ստանձնել առողջապահութեան նախարարութիւնը` տեղեկատուութեան եւ ընկերային հարցերու նախարարութեանց կողքին:
Իսկ այլ աղբիւրներ նշեցին, որ նշեալ նախարարութիւններուն կողքին Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան «վերապահուած է» նաեւ փոխվարչապետի պաշտօնը:
«Ժատիտ» կայանին համաձայն, «Ժամեր ետք, նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի կը դառնայ իսկական վարչապետ»:
«Էն. Պի. Էն.» պատկերասփիւռի կայանը եւս հաղորդեց, որ 24 նախարարներ ընդգրկող կառավարական կազմ մը արդէն իսկ պատրաստ եւ վճռուած է: Ըստ նոյն աղբիւրին, այս գծով քուլիսային սերտ խորհրդակցութիւններ կատարուած են ու կը կատարուին Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նախագահ, արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ժըպրան Պասիլի, նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի գրասենեակի տնօրէն Նատեր Հարիրիի եւ Հըզպալլայի ներկայացուցիչ Ուաֆիք Սաֆայի միջեւ:
Կառավարութեան կազմին գծով «Նաշրա» կայքը հաւանական նկատեց, որ ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Նուհատ Մաշնուք դուրս մնայ կազմէն եւ զինք փոխարինէ երեսփոխան Ժամալ Ժարրահը: Լաւատեղեակ աղբիւրներու վերագրելով իր տեղեկութիւնները, նշեալ կայքը հաւանական նկատեց նաեւ, որ Սաատ Հարիրի անձամբ ստանձնէ ներքին գործոց նախարարի պաշտօնը` երեսփոխան Ժամալ Ժարրահը նշանակելով իբրեւ ներքին գործոց նախարարութեան հարցերու պետական նախարար եւ Նուհատ Մաշնուքին յանձնելով հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութիւնը:
Դարձեալ անուններու եւ պաշտօններու առեւտուրին մէջ, ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Ալի Հասան Խալիլ նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիին «լուսաբանած» է Այն Թինէի մէջ երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի կատարած վերջին յայտարարութիւնը:
Խալիլ Հարիրիին «թելադրած է» կառավարութիւնը ընդարձակել մինչեւ 30 նախարարի` «գոհացնելու եւ ներկայացնելու համար բոլոր կողմերը»:
«Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանը, որ հաղորդեց այս տեղեկութիւնները, հաւանական նկատեց կառավարութեան կազմին յայտարարութիւնը յառաջիկայ ժամերուն, եթէ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը «ընդունի» առողջապահութեան նախարարութիւնը ստանձնել: