Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օրըստօրէ Կը Շեշտուին Նախագահ Աունի Իշխանութեան Նկատմամբ Զօրակցութեան Կեցուածքները

Դեկտեմբեր 14, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հակառակ կառավարութեան կազմութեան ձգձգուող ճիգերուն եւ այս երեւոյթը նախագահ Աունի իշխանութեան սկիզբը դանդաղեցնող ազդակ նկատող միտումներուն, նախագահ Աունի անձին եւ իր գլխաւորած իշխանութեան նկատմամբ վստահութեան եւ զօրակցութեան կեցուածքները կը շարունակուին տեղական թէ արտաքին մակարդակներու վրայ: Այս դիտանկիւնէն պէտք է ընկալել նախագահ Աունի վերագրուած յայտարարութիւնը իր այցելուներուն, թէ` կառավարութեան կազմութեան գծով քայլերը կը շարունակուին մէկէ աւելի մակարդակներու վրայ ու երկրի բարգաւաճման ճիգերը կրնան ընդգրկել բոլորը, բացի անոնցմէ, որոնք չեն ուզեր մասնակցիլ վերածաղկումի քայլերուն: Նախագահ Աուն վերահաստատած է, որ իր առաջնահերթ առաքելութիւնը կը նկատէ ամէն գնով պայքարիլ  փտածութեան դէմ, գործակցաբար նախատեսուող նորակազմ կառավարութեան հետ: «Վճռած եմ հաւասարակշռուած բարգաւաճում իրագործել երկրին մէջ», ընդգծած է նախագահ Աուն` կարեւոր ցուցանիշ նկատելով ցարդ ցուցաբերուող տեղական թէ արտաքին զօրակցութեան քայլերը, յատկապէս` Միջազգային դրամական ֆոնտի քաջալերական կեցուածքը` զօրակցելու Լիբանանին տնտեսական ու բարգաւաճման ծրագիրներու իրագործման մէջ:

Արդարեւ, տեղական մակարդակի վրայ լիբանանեան զանազան կողմերու, նոյնիսկ «երէկի հակառակորդներուն» ցուցաբերած գործակցութեան եւ «զիջումներու» պատրաստակամութեան ոգին, որոշ խանդավառութիւն կը ստեղծէ տօնական օրերու նախօրեակին լաւատեսութեամբ դիմակալելու իշխանութեան այս նոր հանգրուանը:

Այս ծիրին մէջ ուշագրաւ էր օրինակ վերջերս Շիիներու գերագոյն խորհուրդի մէկ պատուիրակութեան շնորհաւորական այցելութիւնը Պաապտա, ուր այս առիթով պատուիրակութիւնը իր խոր յարգանքն ու վստահութիւնը արտայայտեց նախագահ Աունին` զօրակցութիւն յայտնելով իր ձեռնարկելիք ծրագիրներուն յաջողութեան առնչութեամբ:

Նաեւ` Արտաքին Մակարդակի Վրայ

aoun-patterson_121316

Նմանապէս եւ արտաքին մակարդակի վրայ, Միացեալ նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի միջինարեւելեան հարցերու օգնական Անն Փաթըրսըն երէկ Պաապտա այցելելով  նախագահ Աունին փոխանցեց արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի զօրակցական կեցուածքը` շարունակելու իր երկրի օժանդակութիւնն ու  զօրակցութիւնը Լիբանանին, յատկապէս ապահովական (բանակի զինման շարունակումով), տնտեսական-բարգաւաճման եւ քաղաքական իմաստով: Ամերիկացի պաշտօնատարը բարձր գնահատեց Լիբանանի ցուցաբերած հոգածութիւնը սուրիացի գաղթականներուն նկատմամբ: Ան նաեւ իր երկրին գոհունակութիւնը յայտնեց լիբանանեան բանակի ցուցաբերած վճռական քայլերուն գծով  ահաբեկչութեան դիմակալման մէջ: Փաթըրսըն այս առիթով անհրաժեշտ նկատեց յառաջիկայ հանգրուանին զարկ տալու Լիբանանեան-ամերիկեան գործակցութեան եւ համակարգումի ճիգերուն:

Նմանապէս, Միջազգային դրամատան ֆոնտի նախագահի շրջանային ներկայացուցիչ Ֆարիտ Պըլհաժի տուած այցելութիւնները երկրի երեք պետերուն, նոյնքան դրական ցուցանիշ է: Պըլհաժ Պաապտա կատարած իր շնորհաւորական այցելութեամբ Միջազգային դրամական ֆոնտին զօրակցութիւնը յայտնեց նախագահ Աունին` խոստանալով օժանդակել Լիբանանի բարգաւաճման ձգտող ծրագիրներուն:

Պըլհաժ նմանօրինակ այցելութիւններ տուաւ նաեւ նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի:

Այս գծով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան անդամ եւ խորհրդարանի ելեւմուտքի հարցերու մնայուն յանձնախումբի նախագահ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան բարձր գնահատեց Միջազգային դրամական ֆոնտի այս քայլը` յիշեցնելով, որ այս կազմակերպութիւնը կը քաջալերէ Լիբանանի մէջ բարգաւաճման ծրագիրները: «Նախապէս տարեկան մէկ միլիառ տոլարի կը հասնէր անոր ներդրումը, սակայն այդ գումարը նուազած էր պատերազմական պայմաններուն բերումով», ընդգծեց Քանաան:

Նոյն ծիրին մէջ խիստ խոստմնալից քայլ կը նկատուի ՄԱԿ-ի սննդեղէնի միջազգային կազմակերպութեան ՖԱՈՒ-ի (FAO) ներկայացուցիչ Ժոզէ Կրացիանօ Տէ Սիլվայի որոշումը` Պէյրութի մէջ «գրեթէ շրջանային հանգամանք» ունեցող գրասենեակի հաստատման գծով, ինչ որ կրնայ թափ տալ  Լիբանանի մէջ երկրագործական ծրագիրներու բարգաւաճման ու ծաղկումին:

 

Նախորդը

Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումի Նիստէն Ետք. Քանաան. «Ազգային Միութեան Կառավարութեան Մէջ Ոչ Մէկ Կողմ Պէտք Է Զանց Առնուի»

Յաջորդը

Հակառակ Որոշ Լարուածութիւն Ստեղծող Կեցուածքներուն. Կառավարութեան Կազմութեան Յայտարարութիւնը` Խիստ Մօտալուտ

RelatedPosts

Այցելելով Պաապտայի Պալատ`  «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր,  Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն»  Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պաապտայի Պալատ` «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր, Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն» Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը

Յուլիս 9, 2025
Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց  Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ  Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու
Լիբանանեան

Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու

Յուլիս 9, 2025
Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը  Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»
Լիբանանեան

Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?