
«Նոել» ձիւնամրրիկի տեղատարափ անձրեւներէն ետք կը նախատեսուի, որ ցուրտի ալիքը աւելի սաստկանայ եւ «Սիւզի» ձիւնամրրիկը հարուածէ Լիբանանը` իր տեղատարափ անձրեւներով եւ ձիւնի տեղումներով:
Օդերեւութաբանական աղբիւրներու համաձայն, կացութիւնը պիտի բարելաւուի ուրբաթ օր, իսկ յառաջիկայ շաբաթասկիզբին Լիբանան պիտի ենթարկուի «Ճիմի» ձիւնամրրիկի հարուածներուն:
Ըստ նոյն աղբիւրներուն, այսօր պիտի շարունակուի տեղատարափ անձրեւը եւ 800 մեթր բարձրութենէն սկսեալ ձիւնի տեղումները պիտի սաստկանան:
Այս առումով ներքին ապահովութեան ուժերը կոչ ուղղեցին քաղաքացիներուն աչալրջութեամբ վարելու իրենց ինքնաշարժները եւ յատկապէս զգուշանալու սառոյցի սահանքներէն:


