
Երկրի զանազան կողմերու պատասխանատուներուն կատարած իր այցելութեանց ծիրին մէջ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի միջինարեւելեան հարցերու օգնական Անն Փաթըրսըն երէկ հանդիպումներ ունեցաւ ընթացաւարտ կառավարութեան վարչապետ Սաէպ Սալամի, արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ժըպրան Պասիլի եւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ:
Այս առիթով Փաթըրսըն բարձր գնահատեց լիբանանեան բանակի դերը երկրի անդորրութեան ամրապնդման մէջ` խոստանալով յաւելեալ զարկ տալ եւ աշխուժացնել լիբանանեան բանակին տրամադրուող ամերիկեան զօրակցութիւնն ու օժանդակութիւնը, զինական կազմածներու թէ ռազմափորձերու իմաստով:
Ամերիկացի դիւանագէտը նաեւ դրուատեց Լիբանանի դիւանագիտական կապերը` վեր առնելով Լիբանանի վերապահուած կարեւոր դերը շրջանին մէջ:


