Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութեան Կազմութեան Եւ Ընտրական Օրէնքի Մշակման Գծով Աշխուժ Խորհրդակցութիւններ

Դեկտեմբեր 13, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կառավարութեան կազմութիւնը շատ հաւանական է յառաջիկայ քանի մը օրերուն, եթէ ոչ ժամերուն:

Երկրին հրատապ գլխաւոր հարցերը` կառավարութեան կազմութիւնն ու ընտրական օրէնքի վերամշակման հարցը առանցքը կազմեցին երէկ քաղաքական, հոգեւոր ու պաշտօնական խորհրդակցութիւններուն:

Նախագահ Միշել Աունի իշխանութեան առաջնահերթ մարտահրաւէրին` կառավարութեան կազմութեան գծով, կը թուի, թէ դրական տրամադրութիւնները գերիշխող են սպասողական վիճակին վրայ:

Փաստօրէն, շաբաթավերջի խորհրդակցութիւններն ու անոնց հետեւող մեկնաբանութիւնները անհրաժեշտ կը նկատէին կառավարութեան կազմութիւնը մինչեւ այս շաբաթասկիզբ` մտավախութիւն յայտնելով, որ այլապէս կրնայ յետաձգուիլ մինչեւ յառաջիկայ տարեսկիզբ:

franagieh_berri_121216

Երէկ տեղի ունեցած մագոգային այցելութիւնները պարզեցին, թէ կառավարութեան կազմութեան ուղին Պքերքէ – Այն Թինէ «ճակատ»-էն աւելի կարճ ու դիւրին է: Յատկապէս, որ կազմութեան հիմնական թնճուկներուն առնչակից կարեւոր դէմքերէն` Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ այցելեց Պքերքէ, ապա Այն Թինէ, ուր մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքին եւ ապա խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ գլխաւորաբար խորհրդակցեցաւ կառավարութեան կազմութեան շուրջ: Ֆրենժիէ նախագահ Միշել Աունի հետ իր «անհասկացողութեան» հարթումին գործը «յանձնեց» Ռայի պատրիարքին` նշելով, որ ինք պիտի վարուի այնպէս` ինչպէս պատրիարք Ռայի կ՛ուզէ:

Սակայն միաժամանակ Ֆրենժիէ կառչած մնաց իր սկզբունքներուն` դիտել տալով, որ նախագահին հետ յարաբերութիւնները բարեկամական են, եւ եթէ նախագահը կ՛ուզէ շարունակել բարեկամութիւնը` «տրամադիր ենք»: «Այլապէս, եթէ ան կ՛ուզէ ճակատ բանալ, մենք ալ պատրաստ ենք պայքարելու», ընդգծեց Ֆրենժիէ:

Այսուհանդերձ, մթնոլորտը աւելի աշխուժ տպաւորութիւն ձգեց, յատկապէս Ֆրենժիէի Այն Թինէ այցելութենէն ետք, որուն ընթացքին ան շնորհակալութիւն յայտնեց խորհրդարանի նախագահին, որ Մարատա հոսանքին վերապահած է խնդրայարոյց գլխաւոր նախարարութիւններէն` հանրօգուտ շինութեանց նախարարութիւնը: «Մենք մեր իրաւունքը ստացանք», ընդգծեց երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ:

Կը թուի, թէ 24-էն 30-ի միջեւ նախարարներ ընդգրկող կառավարութեան կազմութեան ճիգերը յառաջիկայ օրերուն, եթէ ոչ ժամերուն, կը հասնին իրենց բարեյաջող դրական եզրայանգումին:

Այսուհանդերձ, կարգ մը մեկնաբաններ անհաւանական չեն նկատեր, որ հարցերը վերադառնան «զերօ կէտ»-ին, յատկապէս այն տեղեկութիւններէն ետք, թէ Մաարապի մէջ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ ընդվզումով «ընկալած է» Ֆրենժիէի յայտարարութիւնը Այն Թինէի մէջ: Ըստ նոյն աղբիւրներուն, Ժահժահ «լուսաբանական կապակցութիւն» մը կը սպասէ խորհրդարանի նախագահէն կամ նշանակեալ վարչապետէն` յիշեցնելով, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը տակաւին կառչած կը մնայ հանրօգուտ շինութեանց նախարարութեան:

Կառավարութեան կազմութեան ճիգերու ծիրին մէջ նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ երեկոյեան կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան տեղեկատուութեան բաժանմունքի նախկին պատասխանատու Մըլհեմ Ռիաշին, որ գործուղուած էր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի կողմէ: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Հարիրիի խորհրդականներէն Ղաթթաս Խուրի եւ երեսփոխան Օքապ Սաքր: Խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան կառավարութեան կազմութեան գծով տարուող ճիգերու նորագոյն քայլերուն, յատկապէս` Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի յայտարարութիւններուն լոյսին տակ: «Վարչապետ Հարիրիի քով ամէն ինչ միշտ լաւ ու դրական է», յայտարարեց Ռիաշի մեկնումի պահուն:

Վարչապետ Հարիրի երէկ նաեւ ընդունեց ելեւմուտքի նախարարութեան պաշտօնակատար Ալի Հասան Խալիլը, որուն հետ քննեց կառավարութեան կազմութեան գծով  առնուող վերջին քայլերը եւ այս գծով առնչակից պատկան կողմերու կեցուածքները:

Աւելի ուշ լիբանանեան «Էլ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ նոր կառավարութեան մէջ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը «պիտի ստանայ» առողջապահութեան նախարարութիւնը:

Նոյն ծիրին մէջ, երէկ ուշ գիշերին նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի խորհրդական Ղաթթաս Խուրի այցելեց Մաարապ` «գործուղուելով» վարչապետ Հարիրիի կողմէ: Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան տեղեկատուութեան բաժանմունքի նախկին պատասխանատու Մըլհեմ Ռիաշիի ներկայութեան տեղի ունեցած խորհրդակցութեանց աւարտին թղթակիցներու հարցումներուն պատասխանելով  Ղաթթաս Խուրի ըսաւ. «Ժահժահի հետ խորհրդակցիլը հիմնական է, եւ վարչապետ Հարիրի նախանձախնդիր է յարգելու Ժահժահին հետ կատարուող խորհրդակցութիւնները, բանակցութիւնները ներկայիս կեդրոնացած են «բոլոր կողմերը գոհացնող» կառավարութեան կազմութեան ճիգերուն վրայ` նկատի առնելով վերջին երկու օրերու խորհրդակցութեանց արդիւնքները»:

Միւս կողմէ, Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր նախագահ Միշել Աունի հետ խորհրդակցեցաւ երկրի հրատապ հարցերուն, յատկապէս կառավարութեան կազմութեան եւ ընտրական օրէնքին շուրջ: Այս առիթով երեսփոխան Ժեմայէլ քննադատեց նախարարական պաշտօններու համար «փութացող» կողմերը` կոչ ուղղելով հարթելու կառավարութեան կազմութեան առջեւ ցցուող խոչընդոտները եւ պատրաստուելու ընտրական նոր օրէնքի մշակման ու բանաձեւումին:

Նաեւ Ընտրական Օրէնքին Գծով

Սահմանադրական նոյնքան կարեւոր իրադարձութեան` ընտրական օրէնքի մշակման գծով եւս քուլիսային ճիգերը շարունակուեցան երէկ: Այս ծիրին մէջ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան պատուիրակութիւն մը մագոգային անջատ այցելութիւններ տուաւ երէկ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքին, Լիբանանեան ուժերուն եւ նախկին նախարար Թալալ Արսլանին:

Այցելութեանց ընթացքին խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեց (երեսփոխանական) ընտրական օրէնքի մշակման հրամայական պահանջը, տիրող պայմաններու լոյսին տակ յատկապէս ժամանակի տեւողութեան իմաստով:

Այս գծով արծարծուեցան «1960-ի կամ Տոհայի ժողովին վերահաստատուած ընտրական օրէնքը, համամասնական եւ խառն օրէնքները:

Կողմերէն իւրաքանչիւրը իր կեցուածքն ու տեսակէտը պարզեց յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութեանց (եւ անկէ ետք) որդեգրուելիք ընտրական օրէնքին շուրջ` առաջնակարգ նախանձախնդրութիւն ցուցաբերելով իրենց ստանալիք քուէներու, եւ հետեւաբար` երեսփոխաններու թիւին գծով:

Յառաջիկայ օրերուն այս հարցը առաւել եւս պիտի քննարկուի, առ ի պատրաստութիւն 2017-ի գարնան նախատեսուող երեսփոխանական ընտրութեանց:

Նախորդը

Ներքին Գործոց Նախարարը Այցելեց Ռայի Պատրիարքին

Յաջորդը

Սամպօ. Էդիկ Պետրոսեան` Աշխարհի Ուսանողական Ախոյեանութեան Փոխախոյեան

RelatedPosts

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?