
Հակառակ բոլոր նախատեսութիւններուն, երէկ կառավարութեան կազմութեան յայտարարութիւնը կրկին յետաձգուեցաւ` որոշ մտավախութիւն ստեղծելով մինչեւ յառաջիկայ տարեսկիզբ անոր ձգձգման առնչութեամբ:
Արդարեւ, նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր նախագահ Միշել Աունին ներկայացուց 24 նախարարներ ընդգրկող կառավարութեան ցանկ մը: Հարիրի իրեն հետ ունէր նաեւ աւելի ընդլայնուած կազմ մը, բաղկացած` 30 նախարարներէ: Նախագահին հետ խորհրդակցութեան աւարտին Հարիրի Պաապտայէն իր մեկնումի պահուն բաւարարուեցաւ նշելով, որ կառավարութեան կազմութիւնը տակաւին յաւելեալ խորհրդակցութիւններու կը կարօտի:
Այս ձգձգումը իր ստեղծած յուսախաբութեան կողքին դուռ բացաւ զանազան մեկնաբանութեանց եւ վերլուծումներու, որոնց պարագային իւրաքանչիւր մեկնաբան կը փորձէր որոշ կողմի մը վարկածը պաշտպանել` կազմութեան ձախողութիւնը վերագրելով «հակադիր» կողմի դրած պայմաններուն:
Դէպքերու հոլովոյթին հետեւող իրազեկ աղբիւրներու համաձայն, նախագահ Աուն արգելք չունի կառավարութեան կազմի ընդարձակման գծով, սակայն կազմի ընդլայնման կարելիութիւնը իր կարգին «կը սրէ կարգ մը կողմերու ախորժակները»` համակիր նախարարներու յաւելման եւ իրենց քաղաքական դիրքերու ամրագրման իմաստով: Ըստ նոյն աղբիւրներուն, որոշ կողմեր կը նախընտրեն 30 նախարարներով ընդլայնուած կազմը, եւ այս` առիթ ընծայելու համար կառավարութեան կազմին մէջ բոլոր կողմերու ներկայացման: Իսկ այլ կողմեր անտեղի կը գտնեն նման հաւանականութիւն այն հիմնաւորումով, որ այս կառավարութեան գործունէութեան տեւողութիւնը համեմատաբար աւելի կարճ է եւ քանի մը ամսուան կեանք ունի: Անոր հիմնական առաքելութիւնն է իրագործել 21 մայիս 2017-ին նախատեսուող երեսփոխանական ընտրութիւնները: Իրագործում մը, որուն յաջողութեան համար հիմնական պահանջ է ընտրական օրէնքի փոփոխութիւնը կամ վերամշակումը այնպէս մը, որ բոլոր կողմերը արդարօրէն իրենց ներկայացուցիչը ունենան նորակազմ խորհրդարանին մէջ: Հրամայական պահանջ մը, որ առնչակից կողմերը կը մղէ կառավարութեան կազմի թիւէն անդին մտածելու, յատկապէս երբ նկատի ունենանք, որ յառաջիկայ գարնան նախատեսուող նոր խորհրդարանը պիտի դրսեւորէ նախագահ Աունի իշխանութեան իսկական դիմագիծն ու արեւելումի «կողմնացոյցը»:
Այսուհանդերձ պատկան կողմեր կառչած մնացին իրենց լաւատեսութեան` անխուսափելի նկատելով կառավարութեան կազմութիւնը նախքան ամանորեան տօները: Այս ծիրին մէջ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ժըպրան Պասիլ երէկ երեկոյեան պատկերասփռուած յայտարարութեամբ մը քանի մը օրերու հարց նկատեց կառավարութեան կազմին յայտարարութիւնը` նշելով, որ մետասաներորդ պահուն յառաջացած խոչընդոտները կարելի է հարթել յառաջիկայ ժամերուն` զանոնք որակելով «չնչին» եւ «ոչ լուրջ» արգելքներ: Պասիլ յիշեցուց, որ նախատեսուող այս կառավարութիւնը «փոխանցման» կառավարութիւն է, միաժամանակ վերահաստատելով, որ պէտք է մասնակից դարձնել բոլոր կողմերը, առանց զանց առնելու որեւէ խմբաւորում: Պասիլ նաեւ ընդգծեց, որ այդ արգելքները նախագահ Աունէն կամ նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիէն չէ որ կը դրուին:
Այս գծով քուլիսային խորհրդակցութիւնները թափ առած են եւ «խաղաղարար» կողմեր կը փորձեն միջնորդութեան նախաձեռնել եւ փութացնել կառավարութեան կազմութիւնը:
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ «Թուիթըր»-ի իր հաշիւով կոչ ուղղեց պատկան կողմերուն վերադառնալու ընթացաւարտ կազմի կառոյցին, «որոշ բարեփոխումներով, ուր կշիռ ունենան Մարատա հոսանքի եւ լիբանանեան ուժերու բաժինները», եւ չմխրճուելու թիւերու տաղտուկին մէջ:
Միւս կողմէ, լիբանանցի նախկին դեսպանի մը կարծիքով` տօներու նախօրեակին կառավարութեան կազմութեան յաջողութիւնը նախընթաց մը պիտի ըլլայ: Փաստօրէն 2005-էն ի վեր ասիկա առաջին կառավարութիւնն է, որ համեմատաբար աւելի կարճ ժամանակի մը մէջ կը կազմուի:
Յառաջիկայ օրերը, եթէ ոչ ժամերը պիտի գան առաւել եւս բիւրեղացնելու պատկերը:


