ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, փոխներկայացուցիչ Աւետիս Կիտանեան եւ անդամ Յակոբ Հաւաթեան երէկ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեցին Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան եւ երեսփոխաններ Ղասսան Մուխայպեր եւ Նաժի Ղարիոս:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ ընտրական նոր օրէնք մը մշակելու առումով համախմբումին նախաձեռնութիւնը:
Հանդիպումէն ետք Քանաան յայտնեց, որ «մեր առաջադրած նախաձեռնութիւնը այն է, որ ընտրական օրէնքի մշակումը նկատուի երեսփոխանական պլոքներուն առաջնահերթութիւնը, ինչպէս նաեւ դառնայ սահմանադրական հաստատութիւններուն մէջ քննարկուող թղթածրար»:
«Այսօր մենք պատիւը ունինք այցելելու ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին եւ անոր ղեկավարութեան հետ քննարկելու ընտրական օրէնքին վերաբերող մանրամասնութիւնները:
Համաձայն ենք ընտրական օրէնքը մշակելու աշխատանքը շարունակելու անհրաժեշտութեան շուրջ` անկախ անոր դիմագրաւած խոչընդոտներէն: Ամէն ջանք ի գործ պէտք է դնենք` ընտրական նոր օրէնք մը մշակելու եւ վաւերացնելու նպատակով», ըսաւ ան:
Քանաան շեշտեց բոլոր կողմերուն ճշգրիտ ներկայացուցչութիւնը ապահովելու կարեւորութիւնը` շեշտելով, որ Թաէֆի համաձայնագիրէն ի վեր գործակցութիւն գոյութիւն չունի` նկատի ունենալով քրիստոնեայ համայնքին ներկայացուցչութեան խախտումը, հետեւաբար նաեւ իսլամ-քրիստոնեայ հաւասարակշռութեան խախտումը, որուն հետեւանքները` ժողովրդավարութեան եւ վստահութեան վրայ, շօշափելի կը դառնան:
«Այսօր ամէն ջանք ի գործ կը դնենք մեր հոգերը բաժնող կուսակցութիւններուն եւ երեսփոխանական պլոքներուն հետ` յանգիլ կարենալու ընտրական միացեալ օրէնքի մը, որ արդար ըլլայ եւ բազմազանութեամբ խորհրդանշուող մեր ընկերութեան մէջ բոլորին ներկայացուցչութիւնը ապահովէ, առանց մէկը իրաւազրկելու: Հակառակ անոր որ առաջադրուած են համամասնական, մեծամասնական եւ խառն ընտրական օրինագիծեր, բայց պահանջուածը այն է, որ բոլոր համայնքները ներկայացուին: Իսկ մենք` իբրեւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւն եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբում, յանձնառու ենք հայ համայնքին ներկայացուցչութեան եւ այս իմաստով կը բաժնենք մեր դաշնակիցին` ՀՅ Դաշնակցութեան մտահոգութիւնը: Մենք կ՛ուզենք նաեւ փոքրամասնութիւններու ներկայացուցչութիւնը ապահովել, որովհետեւ կը նկատենք, որ լիբանանեան ընկերութիւնը բաղկացնող իւրաքանչիւր շերտ արժէք է եւ իւրայատկութիւն, եւ այս դիտանկիւնէն մեկնելով բոլորս կը վերածուինք մեծամասնութիւններու: Հանդիպումին ընթացքին քննարկեցինք նաեւ այս հարցերը եւ անհրաժեշտ նկատուող բարեկարգումները, որոնք կը միտին ամրապնդել ընտրական գործողութեան թափանցիկութիւնը: Մեր նպատակն է, որ մեր խմբաւորումը ամէնէն մօտիկ ապագային ընտրական նոր օրէնքի մը շուրջ համաձայնութիւն գոյացնէ», ըսաւ ան:
Իր կարգին, երեսփոխան Բագրատունի ըսաւ. «Համախմբումին նախաձեռնութիւնը նաեւ մեր նախաձեռնութիւնն է: Մենք շնորհակալութիւն կը յայտնենք համախմբումը ներկայացնող պատուիրակութեան այցելութեան համար: Ընտրական օրէնքին գծով փոխանակեցինք մեր տեսակէտները, եւ կարեւոր է հասնիլ այն փուլին, երբ ժողովուրդին պիտի աւետենք, թէ ընտրական օրէնքի մը շուրջ համաձայնութիւն չկարենալ գոյացնելու առասպելը, որ տարիներէ ի վեր տիրական է եւ կասկածի տակ առած ընտրական նոր օրէնք մը մշակելու մեր կարողութիւնը, այլեւս գոյութիւն չունի: Այսօր պահանջուածը ճշգրիտ ներկայացուցչութեան ապահովումն է` արդար ներկայացուցչութիւն մը ապահովելու տրամաբանութենէն մեկնելով:
ՀՅ Դաշնակցութիւնը, ինչպէս քրիստոնեայ այլ կուսակցութիւններ, տառապեցաւ իրաւազրկումէ` անարդար ընտրական օրէնքներուն պատճառով: Ոմանք ականջ չտուին 2000-ին կատարած մեր յայտարարութիւններուն, որոնք զգուշացումներ էին` ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն չապահովելու իմաստով, եւ անարդար ներկայացուցչութիւնը պատճառ դարձած էր քաղաքական տարակարծութիւններու, ապահովական ցնցումներու եւ տնտեսական քայքայումի: Իսկ Ազգային ուխտի եւ փոխադարձ գործակցութեան իշխանութեան օրով, արդէն իսկ ժամանակն է յանգելու արդար ընտրական օրէնքի մը, որ կը միտի համամասնական ըլլալ:
Այս իմաստով պահանջուած է ընդունիլ բոլորը: Ինչպէս մենք կը յարգենք ուրիշին իւրայատկութիւնները, կը պահանջենք, որ ուրիշն ալ յարգէ մեր առանձնայատկութիւնները, որդեգրելով նոյն չափանիշը` ի խնդիր Ազգային ուխտին եւ գործակցութեան: Հետեւաբար, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ մեր կեցուածքները համահունչ են եւ կրնան ներառել նաեւ քաղաքական այլ կողմեր:
Մենք կը գտնուինք նոր փուլի մը դիմաց, կա՛մ կ՛օգտուինք անկէ եւ կա՛մ կը ձախողինք մեր զաւակներուն ապահով զգացնելու եւ երկրին ապագան ապահովելու առաքելութեան մէջ: Մենք վստահ ենք, որ բոլոր քաղաքացիները արդար իրաւունք պիտի ունենան` նոր իշխանութեան մէջ ներկայացուելու, Լիբանանի թէ այլ գաղութներու պարագային: Կը մաղթենք, որ արտերկրի լիբանանցիները արժանանան մեր յատուկ ուշադրութեան, որովհետեւ լիբանանահայութիւնը իր կարգին մեծ թիւով զաւակներ ունի լիբանանեան գաղութներուն մէջ: Արտերկրի լիբանանցիները պէտք է նկատի առնուին ընտրական նոր օրէնքին մէջ, բարեկարգումներ կատարուին` ջնջելու համար տասնեակ տարիներու ընթացքին բոյն դրած փտածութիւնը, ինչպէս նաեւ ապահովելու նոր սկիզբ մը»: