«Սէուտական Արաբիոյ Եւ Քաթարի Հետ Լիբանանի Յարաբերութիւնները Վերադարձած Են Իրենց Բնականոն Եւ Հեզասահ Վիճակին» Շեշտեց Նախագահ Աուն
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն «Արապիա» եւ «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայաններուն հետ իր ունեցած հարցազրոյցներուն ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանան օր մը օրանց արաբական շահերը չէ հարուածած, յատկապէս Սէուտական Արաբիոյ: Ան նշեց, որ ինք առաջին այցելութեամբ Սէուտական Արաբիա մեկնած է, որովհետեւ զինք հրաւիրող առաջին երկիրը եղած է Սէուտական Արաբիան: Ան նշեց, որ Ռիատ կատարած իր այցելութենէն ետք երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները...




















