Վարչապետ Հարիրի Բրիտանիոյ Դեսպանին Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Գործակցութեան Ամրապնդումը
Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները: Հանդիպումէն ետք Շորթըր յայտնեց, որ Հարիրիի հետ հանդիպումը շատ լաւ էր` աւելցնելով, որ ինք շնորհաւորած է Հարիրին` վարչապետի պաշտօնին եւ կարճ ժամանակի ընթացքին կառավարութիւնը կազմելուն առիթով: Շորթըր նշեց նաեւ, որ ինք Բրիտանիոյ կառավարութեան լաւագոյն մաղթանքները...




















