Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լիբանան Կ՛ուղղուի Դէպի Բարգաւաճում, Իսկ Ազգային Շահերը Ապահովելու Առումով Տարակարծութիւններ Չկան» Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի

January 11, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

hariri_kaaki_11017

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Մամլոյ սենտիքայի մէկ պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ` սենտիքայի նախագահ Աունի Քաաքիի:

Հանդիպումին ընթացքին վարչապետ Հարիրի դրուատեց լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն ջանքերը` ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու իմաստով:

«Լիբանանցիներուն համար ասիկա յստակ ճշմարտութիւն է, իսկ սպառնալիքը առկայ է: Մեր ճակատագիրն է պահպանել երկիրը եւ ամրապնդել անոր ապահովական կայունութիւնը», ըսաւ Հարիրի:

Ան նշեց, որ Լիբանան կ՛ուղղուի դէպի բարգաւաճում` ընդգծելով, որ ազգային շահերը ապահովելու իմաստով տարակարծութիւններ չկան:

«Մենք սկսած ենք քաղաքականութեամբ աշխատիլ` վերջ տալով նախապէս իրարու դէմ աշխատելու սովորութեան: Հանրապետութեան նախագահին եւ մեր ծրագիրը երկրին զարգացումն ու բարգաւաճումը ապահովելուն, ինչպէս նաեւ փտածութեան դէմ պայքարելուն շուրջ կը կեդրոնանայ», հաստատեց Հարիրի:

Հարիրի դիտել տուաւ, որ իրենք յանձնառու կը մնան երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշգրիտ թուականին կատարելու պատասխանատուութեան` աւելցնելով, որ իրենց մեծագոյն յանձնառութիւնը սակայն կը մնայ ընտրական նոր օրէնքի մը մշակումը:

«Համամասնական դրութեամբ ընտրական օրէնքի մշակումը քաղաքական ուժերուն զօրակցութեան արժանի է, իսկ ես անձամբ յանձնառու կը մնամ այդ օրէնքին պարագային կիներու ներկայացուցչութեան մասնաբաժինը պարտադրելու սկզբունքին, որովհետեւ երկրին քաղաքական կեանքին մէջ կիներու դերակատարութիւնը պէտք է ամրապնդել», ըսաւ Հարիրի:

Հարիրի նշեց, որ ընտրական օրէնքին իմաստով ինք Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի մտավախութիւնները կը հասկնայ` աւելցնելով, որ կառավարութեան պարտականութիւնն է բոլոր համայնքները հանգստացնել, «եւ այս իմաստով Ժոմպլաթի հետ փոխադարձ խորհրդակցութիւններ գոյութիւն ունին», աւելցուց ան:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի Սէուտական Արաբիա կատարած այցելութեան մասին Հարիրի ըսաւ, որ հիմնականը նախագահ Աունի եւ Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին միջեւ հանդիպումն է` ընդգծելով, որ այդ հանդիպումին լոյսին տակ երկկողմանի յարաբերութիւնները բարելաւելու իմաստով շօշափելի իրականութիւններու դիմաց պիտի գտնուին բոլորը:

Մուսթաքպալ Պլոքի Նիստ

Նշենք, որ Մուսթաքպալ պլոքը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որմէ բխած հաղորդագրութեան մէջ ընդգծուեցաւ, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի Սէուտական Արաբիա կատարած այցելութիւնը դրական ազդեցութիւն ունի Սէուտական Արաբիոյ եւ Ծոցի երկիրներուն հետ երկկողմանի-եղբայրական յարաբերութիւնները բարելաւելու իմաստով:

Մուսթաքպալ պլոքը յայտնեց, որ լիբանանցիները կը գիտակցին Լիբանանի եւ Ծոցի երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները հեզասահ դարձնելու կարեւորութեան` նկատի ունենալով այդ յարաբերութիւններուն ունենալիք դրական ազդեցութիւնը Լիբանանի վրայ, յատկապէս ներկայիս երկրին դիմագրաւած տնտեսական տագնապին ընթացքին:

Մուսթաքպալ պլոքը անհրաժեշտ նկատեց, որ կառավարութիւնը անյապաղ պատրաստէ 2017-ի պետական ամավարկը եւ կեդրոնանայ ընտրական նոր օրէնք մը մշակելու աշխատանքին վրայ:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Մուսթաքպալ պլոքը կը նախընտրէ խառն ընտրական օրէնքին (մեծամասնական եւ համամասնական օրէնքներու խառնուրդ) հիման վրայ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարել:

 

Նախորդը

Ռիատի Մէջ. Լիբանանցի Նախարարներ Հանդիպումներ Կ՛ունենան Իրենց Սէուտցի Պաշտօնակիցներուն Հետ

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Եւ Սալման Թագաւոր Կ՛ընդգծեն Լիբանանեան-Սէուտական Յարաբերութիւններուն Պատմական Ըլլալու Իրողութիւնը

RelatedPosts

Վարչապետարանին Մէջ  Սալամ-Հնգեակ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետարանին Մէջ Սալամ-Հնգեակ Հանդիպում

January 13, 2026
Եգիպտոս Սուրիոյ Ճամբով Լիբանան Օրական  50 Միլիոն Խորանարդ Մեթր Կազ Մղելու Սկսա՞ծ Է
Լիբանանեան

Եգիպտոս Սուրիոյ Ճամբով Լիբանան Օրական 50 Միլիոն Խորանարդ Մեթր Կազ Մղելու Սկսա՞ծ Է

January 13, 2026
Ընտրութիւններու Վերահսկողութեան  Մարմինը Տուաւ Իր Երդումը
Լիբանանեան

Ընտրութիւններու Վերահսկողութեան Մարմինը Տուաւ Իր Երդումը

January 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.