Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասիլ. «Կարելի Չէ Ըսել, Որ Լիբանան Սուրիոյ Տագնապէն Հեռու Է, Երբ Անոր Հողերուն Վրայ Մէկուկէս Միլիոն Սուրիացի Տեղահանուած Կայ»

January 12, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

bassil_11117

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ սէուտական «Օքազ» եւ «Ռիատ» օրաթերթերուն հետ իր ունեցած հարցազրոյցներուն ընթացքին շեշտեց լիբանանեան-սէուտական հեզասահ յարաբերութիւններու գոյութեան կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երկկողմանի յարաբերութիւնները բարելաւելու նպատակով է, որ իր առաջին այցելութիւնը կեդրոնացուց Սէուտական Արաբիոյ վրայ:

Անդրադառնալով Սուրիոյ տագնապին եւ Լիբանանէն հեռու ըլլալու իրականութեան` Պասիլ յայտնեց. «Կարելի չէ ըսել, որ Լիբանան Սուրիոյ տագնապէն հեռու է, երբ անոր հողերուն վրայ մէկուկէս միլիոն սուրիացի տեղահանուած կայ»:

Պասիլ շեշտեց, որ միջազգային եւ արաբական առումով Լիբանանի որդեգրած կեցուածքները կը համապատասխանեն երկրին գերագոյն շահերուն` աւելցնելով, որ Լիբանան կը շարունակէ Իսրայէլի եւ ահաբեկչութեան դէմ իր պայքարը:

Ան ընդգծեց նաեւ, որ լիբանանեան ազգային միասնականութեամբ իր բոլոր հարցերը լուծող եւ երկրին դէմ ծառացող դժուարութիւններուն դիմադրող Լիբանանը կը ձգտի յանգիլ նաեւ արաբական միասնականութեան:

«Բարիքէն, սիրոյ զգացումներէն եւ բարեմաղթութիւններէն բացի Լիբանան ոչինչ կը մաղթէ Ծոցի երկիրներուն», նշեց Պասիլ:

Ան դիտել տուաւ, որ Լիբանան թեւակոխած է նոր փուլ, որուն ընթացքին քաղաքական կայունութիւն կ՛արձանագրուի իշխանութեան ժողովրդավարութեամբ, ինչպէս նաեւ ներքին հաւասարակշռութեամբ եւ ճշգրիտ ներկայացուցչութեամբ:

Պասիլ հաստատեց նաեւ տնտեսական բարգաւաճումին կարեւորութիւնը` նշելով, որ Լիբանանի տնտեսական իրավիճակը կը սպառնայ քանդել լիբանանեան գոյացութիւնը, «հետեւաբար ե՛ւ քաղաքական կայունութեան, ե՛ւ տնտեսական կացութեան բարելաւման պարագային կարիքը կայ համախոհութեան վրայ հիմնուած ազգային միասնականութեան», ըսաւ Պասիլ:

 

Նախորդը

«Ռայ». «ՏԱՀԵՇ-ի Մօտ Գտնուող Լիբանանցի Բանակայիններուն Մեծամասնութիւնը Ողջ Է»

Յաջորդը

«Պիտի Քուէարկենք Ի Նպաստ Կիներու Ներկայացուցչութեան Մասնաբաժինին» Շեշտեց Ինայա Իզէտտին

RelatedPosts

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական  Գործակցութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու  Լուծման Համար Դիւանագիտական  Լուծումներուն Կը Կառչինք»
Լիբանանեան

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական Գործակցութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու Լուծման Համար Դիւանագիտական Լուծումներուն Կը Կառչինք»

October 30, 2026
Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ  Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում

October 30, 2026
Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց  Պէյրութի Նաւահանգիստ
Լիբանանեան

Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պէյրութի Նաւահանգիստ

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.