Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի. «Մաշնուքի Իրաւունքն Է Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Նախապատրաստական Աշխատանքին Սկսիլ»

January 10, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

berri_palestinian_delegation_10917

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հիգշաբթի, 12 յունուարին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Այն Թինէի մէջ պիտի նախագահէ խորհրդարանի դիւանի նիստին` պատրաստելու համար խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին ընթացքին քննարկուելիք օրակարգը:

Պըրրի երէկ ընդունեց Պաղեստինեան ազգային խորհուրդի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Սելիմ Զաանունի եւ ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Պաղեստինեան իշխանութեան դեսպան Աշրաֆ Տապպուրի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան խորհրդարանին վերաբերող հարցեր, լիբանանեան եւ պաղեստինեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները:

Պըրրիի այցելեց նաեւ նախկին նախարար Խալիլ Հըրաուի:

Նշենք, որ Իրանի նախկին նախագահ Ալի Աքպար Հաշեմի Ռաֆսանճանիի մահուան առիթով Պըրրի ցաւակցագիրներ յղեց Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա սէյիտ Ալի Խամենէիի, Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի, Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիժանիի եւ Ռաֆսանժանիի ընտանիքին:

Միւս կողմէ, հարցազրոյցի մը ընթացքին Պըրրի բարձր գնահատեց լիբանանեան բանակին եւ ապահովական կառոյցներուն ճիգերն ու զոհողութիւնները, որոնց շնորհիւ Լիբանանը կարելի եղած է փրկել ահաբեկչական գործողութիւններէ:

Անդրադառնալով երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարելու մասին հարցումի մը` Պըրրի շեշտեց, որ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի իրաւունքն է երեսփոխանական ընտրութիւններուն նախապատրաստական աշխատանքին սկսիլ:

Ակնարկելով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ ընտրական համաձայնութեան` Պըրրի նշեց, որ այդ համաձայնութիւնը անբաւարար է եւ իր նպատակին կրնայ չհասնիլ, որովհետեւ ընտրական օրէնքը վաւերացնելու համար կարիքը կայ քաղաքական բոլոր ուժերուն միջեւ համախոհութեան:

Նախորդը

Վարչապետ Հարիրի Բրիտանիոյ Դեսպանին Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Գործակցութեան Ամրապնդումը

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Պաշտօնական Այցելութեամբ Մը Մեկնեցաւ Սէուտական Արաբիա

RelatedPosts

Սալամ. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Բացարձակապէս Պիտի Չարտօնէ, Որ Իր Հողերը Օգտագործուին Արաբ Եղբայրներէն Ոեւէ Մէկը Թիրախաւորելու»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Բացարձակապէս Պիտի Չարտօնէ, Որ Իր Հողերը Օգտագործուին Արաբ Եղբայրներէն Ոեւէ Մէկը Թիրախաւորելու»

February 14, 2026
Պըրրի. «Երեսփոխանական Ընտրութիւններու Իրենց Ժամկէտին Կատարման Կառչած Եմ»
Լիբանանեան

Պըրրի. «Երեսփոխանական Ընտրութիւններու Իրենց Ժամկէտին Կատարման Կառչած Եմ»

February 14, 2026
Հաժժար. «Շնորհակալութիւն Բոլորին,  Որոնք Նպաստեցին Ընտրական  Հոլովոյթի Յաջողութեան»
Լիբանանեան

Հաժժար. «Ընտրութիւնները Պիտի Կայանան Իրենց Ժամկէտին` Անոնց Շուրջ Բարձրացող Աղմուկէն Անկախ»

February 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.