
Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ կէսօրէ ետք վարչապետարանին մէջ ընդունեց Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերու անդամ կամաւորներու պատուիրակութիւն մը` ներկայութեամբ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուքի եւ Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն գնդապետ-զօրավար Ռեմոն Խաթթարի:
Հարիրի յայտնեց, որ իրենք յանձնառու պիտի ըլլան, որ Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերուն քննութիւնները հիմնուած ըլլան փորձառութեան եւ ատակութեան վրայ:
Վարչապետ Հարիրիի այցելեց նաեւ հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին քաղաքական իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Սլէյման շեշտեց, որ համամասնական դրութեամբ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելը որոշ ժամանակէ մը ի վեր քննարկումի ընթացքին մէջ է` աւելցնելով, որ այդ դրութիւնը Լիբանանի կազմուածքին կը համապատասխանէ, սակայն նման օրէնք մը գործադրելու իմաստով կան որոշ մտավախութիւններ, որոնց շարքին է` Լիբանանի մէջ զէնքի գոյութիւնը:
«Սակայն երեսփոխանական ընտրութիւնները պէտք է կատարուին, նոյնիսկ եթէ ընտրական նոր օրէնք մը գոյութիւն չունենայ: Իսկ այս պարագային, 1960-ի ընտրական օրէնքը շատ աւելի լաւ է, քան ընտրական անծանօթ օրէնք մը, որուն արդիւնքը կրնայ երկիրը անորոշութեան մատնել», ըսաւ ան:
Վարչապետ Հարիրիի այցելեցին նաեւ աշխատանքի նախարար Մոհամետ Քապպարա, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ եւ մարդկային իրաւունքներու հարցերու պետական նախարար Այման Շքէյր:


