Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Եւ Սալման Թագաւոր Կ՛ընդգծեն Լիբանանեան-Սէուտական Յարաբերութիւններուն Պատմական Ըլլալու Իրողութիւնը

January 11, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

aoun_salman_11017

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ ետք ժամը 1:30-ին Ռիատի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ Ալ Սէուտ թագաւորին հետ:

Պաշտօնական ընդունելութեան բոլոր արարողակարգերը աւարտելէ ետք, Սալման թագաւոր նախագահ Աունը եւ անոր ընկերակցող լիբանանեան պաշտօնական պատուիրակութիւնը առաջնորդեց սրահ մը, ուր պատրաստուած էր ճաշի սեղան մը` ի պատիւ նախագահ Աունի:

Ճաշելէ ետք տեղի ունեցաւ ընդարձակ հանդիպում նախագահ Աունի, լիբանանեան պատուիրակութեան, Սալման թագաւորին եւ սէուտցի պետական պաշտօնատարներուն միջեւ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:

Ապա տեղի ունեցաւ դռնփակ հանդիպում մը` նախագահ Աունի եւ Սալման թագաւորին միջեւ:

Կէս ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին Սալման թագաւորը շեշտեց, որ Ռիատ մնայուն կերպով կը զօրակցի Լիբանանին` աւելցնելով, որ նախագահ Աունի նկատմամբ Սէուտական Արաբիոյ վստահութիւնը մեծ է, «եւ նախագահ Աուն երկիրը պիտի առաջնորդէ դէպի ապահով եւ կայուն վայրեր», ըսաւ ան:

Սալման թագաւորը հաստատեց, որ Սէուտական Արաբիոյ համար Լիբանան անփոխարինելի է` շեշտելով, որ Ռիատ կը փափաքի Լիբանանի հետ իր պատմական յարաբերութիւնները պահպանել եւ աւելի եւս ամրապնդել:

Սալման թագաւորը ընդգծեց, որ Ռիատ Լիբանանի եւ լիբանանցիներու ներքին հարցերուն միջամուխ չի դառնար, այլ լիբանանցիներուն կը ձգէ իրենց վերաբերող հարցերուն շուրջ որոշումներ տալու իրաւունքը: Ան սէուտցի պատասխանատուներուն յանձնեց նախագահ Աունի արծարծած տնտեսական, ապահովական, զինուորական եւ զբօսաշրջական հարցերը սերտելու եւ իրենց լիբանանցի պաշտօնակիցներուն հետ լուծումներու մասին որոշումներու յանգելու պարտականութիւնը` աւելցնելով, որ սէուտցի քաղաքացիները Լիբանանի նկատմամբ յատուկ սէր կը տածեն:

Իր կարգին, նախագահ Աուն հաստատեց, որ լիբանանցիներուն եւ սէուտցիներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող պատմական յարաբերութիւնները պիտի շարունակուին` նշելով, որ Սէուտական Արաբիա իր կատարած այցելութեան նպատակը այդ յարաբերութիւններուն պատմական ըլլալու իրողութիւնը վերահաստատելն է:

Նախագահ Աուն ներկայացուց նախագահական ընտրութենէն ետք Լիբանանի մէջ տիրող քաղաքական կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ լիբանանցիներուն շահերուն ծառայող բոլոր կէտերուն շուրջ քաղաքական ուժերուն միջեւ տեղի ունեցած համախոհութիւնը:

Նախագահ Աունի եւ Սալման թագաւորին միջեւ կայացած հանդիպումին մանրամասնութիւններուն մասին հաղորդուեցաւ նաեւ, որ նախագահ Աուն Ռիատէն խնդրած է օժանդակել լիբանանեան բանակին` դիմադրելու համար ահաբեկչութեան եւ երկրին սպառնացող ապահովական մարտահրաւէրներուն` վերահաստատելով նախապէս լիբանանեան բանակին կատարուած սէուտական նուիրատուութիւնը:

Այս պահանջին անսալով` Սալման թագաւորը պահանջեց սէուտցի պատասխանատուներէն անմիջապէս լուծել այդ հարցը:

Անդրադառնալով դիւանագիտական ներկայացուցչութեան հարցին` Սալման թագաւորը դրական կեցուածք ցուցաբերեց, յայտնելով, որ Ռիատ յանձնառու կը մնայ Լիբանանի հետ իր պատմական յարաբերութիւններուն պահպանումին:

Նախագահ Աուն Սալման թագաւորը հրաւիրեց Լիբանան` խնդրելով լուծել նաեւ դէպի Լիբանան սէուտական թռիչքներուն հարցը: Երեկոյեան ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, թէ Սէուտական Արաբիա բեկանած է լիբանանեան բանակին տրամադրուած նուիրատուութիւնը սառեցնելու որոշումը:

Ռիատի Մէջ

Նախագահ Աուն Ռիատի իր կեցութեան վայրին` Սէուտ ընտանիքին պալատին մէջ

ընդունեց Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ատել Ժուպէյրը եւ ներդրումի եւ առեւտուրի նախարար Մաթետ Քասպին, որ ընդգծեց սէուտցի քաղաքացիներուն Լիբանան վերադարձի կարելիութիւնը` ընդգծելով, որ ինք պիտի ըլլայ Լիբանան վերադարձող առաջին սէուտցին:

Հանդիպումներուն ներկայ գտնուեցաւ նախագահ Աունի ընկերակցող լիբանանեան պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ, կրթութեան նախարար Մարուան Համատէ, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ, պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆ, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք, տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշի, տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ռաէտ Խուրի, հանրապետութեան նախագահութեան հարցերու պետական նախարար Փիեռ Ռաֆֆուլ, ինչպէս նաեւ հանրապետութեան նախագահութեան ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շքէյր եւ Սէուտական Արաբիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Ապտել Սաթթար Իսա:

Հանդիպում` Սէուտական Արաբիոյ
Լիբանանեան Գաղութի
Ներկայացուցիչներուն Հետ

Նախագահ Աուն Ռիատի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Սէուտական Արաբիոյ լիբանանեան գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ` հաստատելով, որ լիբանանեան-սէուտական երկկողմանի յարաբերութիւնները պիտի վերադառնան իրենց նախկին հեզասահ ընթացքին, իսկ յաջորդող օրերը պիտի փաստեն այդ իրականութիւնը:

«Կը մաղթենք, որ վերադառնաք հայրենիք, նոյնիսկ եթէ անիկա ըլլայ սովորական այցելութեան նպատակով: Կը յուսանք, որ Լիբանանի համապատասխան գործունէութիւն կ՛ունենաք եւ կը պահպանէք անոր վարկը, ինչպէս նաեւ կը գործէք պահպանելու համար Լիբանանի հիւրընկալ բնոյթը», ըսաւ ան:

Նշենք, որ նախագահ Աուն այսօր պաշտօնական այցելութեամբ մը կ՛ուղղուի Տոհա, ուր հանդիպում մը պիտի ունենայ Քաթարի Թամիմ պըն Համատ պըն Խալիֆա Ալ Թանի իշխանին հետ:

 

Նախորդը

«Լիբանան Կ՛ուղղուի Դէպի Բարգաւաճում, Իսկ Ազգային Շահերը Ապահովելու Առումով Տարակարծութիւններ Չկան» Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի

Յաջորդը

Հռոմի Պապին Նուիրակը Փորձած Է Կասեցնել Ցեղասպանութիւնը. Գիրք` Վատիկանի Գաղտնի Արխիւներու Հիման Վրայ

RelatedPosts

ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան  29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը`  Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան 29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը` Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ

January 14, 2026
ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան  29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը`  Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ-ն Որոշեց Մասնակցիլ 2026-ի Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն` Նախապատուութիւնը Տալով Դաշինքային Ձեւաչափին

January 14, 2026
Ըստ «Ռոյթըրզ» Լրատու Գործակալութեան.  Իրանի Մէջ Բողոքի Ցոյցերու  Ժամանակ Զոհուած Է Մօտ 2000 Մարդ
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Ռոյթըրզ» Լրատու Գործակալութեան. Իրանի Մէջ Բողոքի Ցոյցերու Ժամանակ Զոհուած Է Մօտ 2000 Մարդ

January 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.