Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ռայ». «ՏԱՀԵՇ-ի Մօտ Գտնուող Լիբանանցի Բանակայիններուն Մեծամասնութիւնը Ողջ Է»

Յունուար 12, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

lebanese_soldiers_11117

Քուէյթեան «Ռայ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով վստահելի աղբիւրներէ, կը գրէ, որ ՏԱՀԵՇ-ի մօտ գտնուող լիբանանցի բանակայիններուն մեծամասնութիւնը տակաւին ողջ է, մինչ առեւանգուած 9 բանակայիններէն 3-ին  ճակատագիրը կը մնայ անորոշ:

Միւս կողմէ, առեւանգուած բանակայիններու ծնողներուն հետ կատարուած «Տի.Էն.Էյ.»-ի քննութեան արդիւնքը ցոյց տուած է, որ այն դիակները, որոնք գտնուած էին Լիբանանի արեւելեան սահմանի քարանձաւներէն մէկուն մէջ, անոնց զաւակներուն չեն պատկանիր: «Ռայ» կ՛աւելցնէ, որ 2014-ին ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ առեւանգուած լիբանանցի բանակայիններու թղթածրարին քննարկումը անբաւարար կը նկատուի Լիբանանի կողմէ, հակառակ Քաթարի ցուցաբերած օժանդակութեան եւ ներդրումին` 13-րդ միջնորդի մը նշանակումով բանակայիններուն ճակատագիրը բացայայտելու ճիգերուն շրջագիծին մէջ:

Ընդհակառակն` Տոհայի մէջ կատարուելիք քննարկումները կրնան յանգիլ այնպիսի բանակցութիւններու, որոնց իբրեւ արդիւնք կրնայ գերիներու ամբողջական եւ բազմակողմանի փոխանակում կատարուիլ:

Այս հարցերով հետաքրքրուող շրջանակներ «Ռայ»-ին յայտնած են, որ ամբողջական գործողութիւնը, որ պիտի սկսի քաթարեան-լիբանանեան երկխօսութեամբ, պիտի ընդգրկէ լայնածաւալ փոխանակման գործողութիւն, որ կը ներառէ նաեւ իրաքեան «Հըզպալլա»-ի կողմէ առեւանգուած 25 քաթարցի որսորդներ, Սուրիոյ պետութեան մօտ գտնուող գերեվարուածները, Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ «Ժապհաթ Նուսրա-Քայիտա եւ Հըզպալլա»-ի մօտ գտնուող միլիսներու բանտարկուած անդամները, ինչպէս նաեւ դիակներու փոխանակում:

Այս հարցին ծանօթ շրջանակներ յայտնեցին, որ բազմակողմանի այս գործողութիւնը կրնար կատարուիլ Հալէպի ճակատամարտին վերջին քառորդ ժամուան ընթացքին, եթէ Ռուսիա անմիջապէս զինադուլ չհաստատէր:

Նոյն շրջանակները աւելցուցին, որ սուրիական վարչակարգը, Իրանը եւ Հըզպալլան ճնշում բանեցուցին փոխանակման գործողութիւնը ընդլայնելու առումով. անոնք արգիլեցին զինեալ խմբաւորումներուն եւ անոնց ընտանիքներուն Հալէպէն դուրս գալը` բացի փոխանակման ընդարձակ գործողութեան մը ծիրին մէջ:

Սակայն այս ծրագիրը կարելի չեղաւ իրականացնել, նկատի ունենալով ռուսական կողմին ցուցաբերած աճապարանքը` զինեալներուն փոխարէն Ֆուայի եւ Քաֆարիայի շրջաններէն 1250 վիրաւորուած ու ախտաւորուած քաղաքացիներ դուրս բերելու գործողութիւնը յաջողցնելու իմաստով:

«Ռայ» նկատել տուաւ նաեւ, որ Քաթար երբեք իր յարաբերութիւնները չէր խզած լիբանանեան Հըզպալլային հետ, հակառակ Սուրիոյ պատերազմին իմաստով անոնց միջեւ արձանագրուած մեծ տարակարծութիւններուն: Քաթար, որուն շահերուն կը ծառայէ գերիներու ամբողջական փոխանակման գործողութիւնը, իր օգնութիւնը ցուցաբերած է այդ գործողութիւնը հասունցնելու գործին, որպէսզի տուն դարձնէ նաեւ այն 25 քաթարցիները, որոնք 2015-ին առեւանգուած էին Ապու Ֆատքի գլխաւորած իրաքեան «Հըզպալլա»-ի փաղանգներուն ձեռամբ: Ասիկա իրաքեան շարժում մըն է, որ ոչ մէկ կապ ունի Լիբանանի Հըզպալլային հետ, սակայն իրանեան բանակին հետ շատ լաւ յարաբերութեան մէջ է:

 

Նախորդը

Ժեմայէլ Եւ Շամուն Կը Քննարկեն Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Վերաբերող Հարցեր

Յաջորդը

Պասիլ. «Կարելի Չէ Ըսել, Որ Լիբանան Սուրիոյ Տագնապէն Հեռու Է, Երբ Անոր Հողերուն Վրայ Մէկուկէս Միլիոն Սուրիացի Տեղահանուած Կայ»

RelatedPosts

Այցելելով Պաապտայի Պալատ`  «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր,  Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն»  Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պաապտայի Պալատ` «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր, Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն» Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը

Յուլիս 9, 2025
Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց  Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ  Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու
Լիբանանեան

Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու

Յուլիս 9, 2025
Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը  Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»
Լիբանանեան

Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?