Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Սէուտական Արաբիոյ Եւ Քաթարի Հետ Լիբանանի Յարաբերութիւնները Վերադարձած Են Իրենց Բնականոն Եւ Հեզասահ Վիճակին» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Յունուար 13, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Aoun_jazeera_11217

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն «Արապիա» եւ «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայաններուն հետ իր ունեցած հարցազրոյցներուն ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանան օր մը օրանց արաբական շահերը չէ հարուածած, յատկապէս Սէուտական Արաբիոյ:

Ան նշեց, որ ինք առաջին այցելութեամբ Սէուտական Արաբիա մեկնած է, որովհետեւ զինք հրաւիրող առաջին երկիրը եղած է Սէուտական Արաբիան:

Ան նշեց, որ Ռիատ կատարած իր այցելութենէն ետք երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները վերադարձած են իրենց բնականոն վիճակին` աւելցնելով, որ ինք կը մաղթէ, որ Ծոցի երկիրներու քաղաքացիները զբօսաշրջութեան եւ ներդրումներու իմաստով վերադառնան Լիբանան:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ ապահովական կայունութիւնը հարիւր առ հարիւր համեմատութեամբ հաստատուած է, բացի ինքնաշարժի արկածներէն:

Անդրադառնալով Սուրիոյ տագնապին` նախագահ Աուն յայտնեց, որ այդ տագնապին լուծումը միայն քաղաքական կրնայ ըլլալ, աւելցնելով, որ լիբանանեան կարգ մը ուժերու կողմէ Սուրիոյ պատերազմին մասնակցելու որոշումը պետական որոշում չէ եղած: «Իբրեւ Լիբանանի նախագահ ես կը ներկայացնեմ բոլոր լիբանանցիները եւ այս կամ այն քաղաքական ուժին ո՛չ կրնամ զօրակցիլ եւ ո՛չ ալ հակադրուիլ: Իսկ այս իմաստով լիբանանցիները շարք մը մեկնաբանութիւններ ունին, հետեւաբար ամէնէն առողջ կեցուածքը դրական չէզոքութիւնն է», ըսաւ նախագահ Աուն:

Անդրադառնալով Լիբանան ապաստանած սուրիացի տեղահանուածներուն` նախագահ Աուն շեշտեց, որ անոնք պէտք է Սուրիա վերադառնան, երբ այդտեղ ապահովական կայունութիւնը հաստատուի:

Դիմադրութեան զէնքին եւ անոր դերակատարութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով, նախագահ Աուն շեշտեց, որ այդ զէնքը մաս կը կազմէ Միջին Արեւելքի տագնապին, ուր գոյութիւն ունին Միացեալ Նահանգները, Ռուսիան, Իրանը, Թուրքիան եւ Սէուտական Արաբիան, եւ այդ հարցին լուծումը լիբանանեան պետութեան կարողութիւնները կը գերազանցէ:

Ներքին լիբանանեան առումով նախագահ Աուն անհրաժեշտ նկատեց Թաէֆի համաձայնագիրին գործադրութիւնը` պահպանելու համար լիբանանեան ազգային համերաշխութիւնն ու իսլամ-քրիստոնեայ համակեցութիւնը, ինչպէս նաեւ շեշտեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան սպասուած ընտրական օրէնքին հիման վրայ:

Նախորդը

«Յանձնառու Պիտի Ըլլանք, Որ Քաղաքացիական Պաշտպանութեան Ուժերուն Քննութիւնները Հիմնուած Ըլլան Փորձառութեան Եւ Ատակութեան Վրայ» Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի

Յաջորդը

Ցաւակցական Այցելութիւն Հաշեմի Ռաֆսանճանիի Մահուան Առիթով

RelatedPosts

Ձմեռնային Ժամանակացոյց
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

Հոկտեմբեր 25, 2025
Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին.  Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է  Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին. Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ
Լիբանանեան

Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?