Լիբանանեան

Բանակը Կը Պարտադրէ Իր Հակակշիռը

Բանակը Կը Պարտադրէ Իր Հակակշիռը

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Ուատի Քարամ-Հերմել շրջանին մէջ բանակը կրակ բացաւ լիբանանցի քաղաքացի Ալի Մոհամետ Տանտաշի ուղղութեամբ, որովհետեւ ան մերժած էր կանգ առնել բանակի անցարգելին մօտ` փորձելով շրջանցել զայն: 25 տարեկան երիտասարդ Տանտաշ, որ ծանրօրէն վիրաւորուած էր, փոխադրուեցաւ Պաթուլ հիւանդանոց, ուր մահացաւ: Նշենք, որ բանակը մինչեւ ուշ գիշեր խուզարկումներ կատարեց Հերմելի բարձունքներուն վրայ`...

Պըրրի Չորեքշաբթի Եւ Հինգշաբթի Օրերը Խորհրդարանը Հրաւիրեց Օրէնսդրական Նիստերու

Պըրրի Չորեքշաբթի Եւ Հինգշաբթի Օրերը Խորհրդարանը Հրաւիրեց Օրէնսդրական Նիստերու

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ խորհրդարանը հրաւիրեց օրէնսդրական ցերեկային եւ գիշերային նիստերու` չորեքշաբթի, 18 եւ հինգշաբթի, 19 յունուարին: Նիստերուն ընթացքին պիտի քննարկուին խորհրդարանի դիւանին կողմէ ճշդուած օրակարգերը, որոնք կը բովանդակեն շարք մը օրինագիծեր: Ցերեկային նիստերը պիտի սկսին կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին:  

«Կառավարութիւնը Ներդաշնակութեամբ Կը Գործէ»  Շեշտեց Ղասսան Հասպանի

«Կառավարութիւնը Ներդաշնակութեամբ Կը Գործէ» Շեշտեց Ղասսան Հասպանի

Փոխվարչապետ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի շեշտեց, որ իրենք լրջօրէն կը գործեն ի խնդիր փոփոխութիւններու յառաջացման` աւելցնելով, որ 24 ժամուան ընթացքին անկարելի է տիրող կացութիւնը փոխել: «Մենք կարիքը ունինք պետականաշինութեան աշխատանքը սկսելու եւ կը մաղթենք, որ քաղաքացիները դրական մօտեցում ցուցաբերեն այս գործելաոճին նկատմամբ` առանց ժխտական երեւոյթներուն կառչած մնալու», ըսաւ ան: Հասպանի ընդգծեց, որ կառավարութիւնը ներդաշնակութեամբ կը գործէ` աւելցնելով, որ հրատապ հարցերը...

«Սալման Թագաւորը Յանձնառու Է Լիբանանեան Ազգային Միասնականութեան Եւ Համերաշխութեան»  Շեշտեց Միւֆթի Տըրիան

«Սալման Թագաւորը Յանձնառու Է Լիբանանեան Ազգային Միասնականութեան Եւ Համերաշխութեան» Շեշտեց Միւֆթի Տըրիան

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան շաբաթավերջին Ռիատի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին հետ: Հանդիպումէն ետք միւֆթի Տըրիան յայտնեց, որ Սալման թագաւորը յանձնառու է լիբանանեան ազգային միասնականութեան, համերաշխութեան եւ բարգաւաճումին, աւելցնելով, որ Սէուտական Արաբիա կը զօրակցի բոլոր լիբանանցիներուն եւ բոլորին բարեկամն է: Ան շեշտեց, որ Լիբանան միշտ հպարտ զգացած է Սէուտական Արաբիոյ հետ իր...

«Ընտրական Նոր Օրէնք Մը Կարելի Է Մշակել, Երբ Փտածութեան Վերջ Դրուի»   Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

«Ընտրական Նոր Օրէնք Մը Կարելի Է Մշակել, Երբ Փտածութեան Վերջ Դրուի» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահին ընտրութեամբ երկրին մէջ սկսած նոր իշխանութեան եւ կառավարութեան կողքին անհրաժեշտ է մտայնութիւնները փոփոխութեան ենթարկել, ինչպէս նաեւ հանրային կեանքին ծառայող դասակարգը ենթարկել հոգեկան, բարոյական եւ մարդկային վերանորոգումի: «Երբ այս փոփոխութիւնները եւ վերանորոգումը արձանագրուի, ապա միայն կարելի կ՛ըլլայ վերջ դնել...

Ռիաշի. «Հանրապետութեան Նախագահը Պիտի Ըլլայ Հըզպալլայի Եւ Սէուտական Արաբիոյ Միջեւ Յարաբերութիւններուն Սառցահալը Ապահովող Երաշխիքը»

Ռիաշի. «Հանրապետութեան Նախագահը Պիտի Ըլլայ Հըզպալլայի Եւ Սէուտական Արաբիոյ Միջեւ Յարաբերութիւններուն Սառցահալը Ապահովող Երաշխիքը»

Տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշի շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն պիտի ըլլայ Հըզպալլայի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ յարաբերութիւններուն սառցահալը ապահովող երաշխիքը: Ան ընդգծեց, որ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու իմաստով ռազմավարական ամբողջական յանձնառութիւն գոյութիւն ունի: Ռիաշի յայտնեց, որ իրենք դէմ են Սուրիոյ տագնապին Հըզպալլայի միջամտութեան, «սակայն քաղաքական իրապաշտութիւնը չի ջնջեր սկզբունքային գործունէութիւնը», ըսաւ ան: Ռիաշի նշեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան...

Ընդհանուր Ապահովութեան Ուժերը Ձերբակալեցին Երկու Սուրիացիներ

Ընդհանուր Ապահովութեան Ուժերը Ձերբակալեցին Երկու Սուրիացիներ

  Ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն ընդհանուր տնօրէնութիւնը ահաբեկչութեան եւ ահաբեկչական բջիջներուն դէմ իր մղած պայքարին շրջագիծին մէջ ձերբակալեց երկու սուրիացիներ, որոնք ՏԱՀԵՇ-ի պատասխանատուներէն մէկուն հետ կապի մէջ էին: Պաապտայի մէջ ձերբակալուած սուրիացի Հ. Խ., ծնեալ` 1992-ին, կը ծրագրէր Լիբանանի մէջ ահաբեկչական գործողութիւններ կատարել: Իսկ Ժիպէյլի մէջ ձերբակալուած սուրիացի Հ. Ա., ծնեալ` 1994-ին, կը ծրագրէր սուրիացի երիտասարդներ զինուորագրել եւ զանոնք Սուրիա գործուղել`...

Ժոմպլաթ Ռիաշիի Հետ Քննարկեց Քաղաքական Իրադարձութիւնները

Ժոմպլաթ Ռիաշիի Հետ Քննարկեց Քաղաքական Իրադարձութիւնները

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ շաբաթավերջին Քլեմանսոյի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշիի հետ, ներկայութեամբ` Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատուական բաժանմունքի պատասխանատու Ռամի Ռայէսի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկիրը յուզող քաղաքական իրադարձութիւնները: Միւս կողմէ, Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս պիտի կազմեն երեսփոխաններ Ղազի Արիտի, Աքրամ Շեհայէպ, Ուաէլ Ապու Ֆաուր եւ Հանրի Հըլու, այսօր պիտի սկսի...

Ըստ ՄԱԿ-ի` Սուրիացի Գաղթականներուն Թիւը Նուազած Է

Ըստ ՄԱԿ-ի` Սուրիացի Գաղթականներուն Թիւը Նուազած Է

Լիբանանի մէջ սուրիացի գաղթականներու յատուկ ՄԱԿ-ի գրասենեակի բանբեր Լիզա Ապու Խալետ յայտնեց, որ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն թիւը նուազած է: Ան նշեց, որ մինչեւ 2015 իրենց մօտ արձանագրուած են մէկ միլիոն երկու հարիւր հազար գաղթականներ, որոնց թիւը նուազած է ներկայիս` հասնելով մէկ միլիոն 17 հազար գաղթականի:

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ հանդիպում մը ունեցաւ պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ժորժ Քարաայի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին ապահովական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ապահովական զոյգ հաստատութիւններուն միջեւ գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը: ԱՐՍԱԼԻ քաղաքապետ Պասել Հուժէյրի կոչ ուղղեց Լիբանանի ապահովական կառոյցներուն` հաշուետուութեան կանչելու Արսալի ապահովութիւնը խախտող յանցագործները: ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շեշտեց, որ Լիբանան արաբական աշխարհի կառուցուածքին անբաժանելի...

Վարչապետ Հարիրի Մաշնուքի Եւ Սարրաֆի Հետ Քննարկեց Անոնց Նախարարութիւններուն Վերաբերող Հարցեր

Վարչապետ Հարիրի Մաշնուքի Եւ Սարրաֆի Հետ Քննարկեց Անոնց Նախարարութիւններուն Վերաբերող Հարցեր

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ երեկոյեան ժամը շուրջ 7:00-ին վարչապետարանին մէջ ընդունեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեան հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուքն ու պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆը, որոնց հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ զոյգ նախարարութիւններուն վերաբերող հարցեր: Վարչապետ Հարիրի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, վարչապետարանին մէջ նախագահեց Լիբանան ապաստանած սուրիացի տեղահանուածներուն վերաբերող նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան փոխվարչապետ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի, կրթութեան եւ...

Նախարար Աւետիս Կիտանեան Ընդունեց ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Պատուիրակութիւնը

Նախարար Աւետիս Կիտանեան Ընդունեց ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Պատուիրակութիւնը

Երէկ` ուրբաթ, 13 յունուար 2017-ին, Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ նախարար Աւետիս Կիտանեան ընդունեց ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային վարչութեան պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Շրջանային վարչութեան ատենապետ տոքթ. Աւետիս Տաքէսեանի: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Շրջանային վարչութեան փոխատենապետ Միքայէլ Վայէճեան, անդամներ Սեդրակ Քիւրէճեան, Լեւոն Բարսեղեան եւ Վիգէն Թոսունեան: ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը շնորհաւորեց նախարար Աւետիս Կիտանեանը` զբօսաշրջութեան նախարարի պաշտօնը ստանձնելուն առիթով, եւ յաջողութիւն մաղթեց նախարարութեան...

Ընդհանուր Ապահովութեան Ընդհանուր Ուժերը Ձերբակալած Են Հինգ Ահաբեկիչներ` Չորս Լիբանանցի Եւ Սուրիացի Մը

Ընդհանուր Ապահովութեան Ընդհանուր Ուժերը Ձերբակալած Են Հինգ Ահաբեկիչներ` Չորս Լիբանանցի Եւ Սուրիացի Մը

Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը ահաբեկչութեան եւ ահաբեկչական բջիջներուն դէմ իր մղած պայքարին շրջագիծին մէջ ձերբակալեց չորս լիբանանցի ահաբեկիչներ` Հ. Ն., Օ. Զ., Մ. Ֆ. եւ Մ. Հ. Ֆ., որոնք ուղղակիօրէն կապուած էին ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն: Հարցաքննութեան իբրեւ արդիւնք` Հ. Ն., որ ծանօթ է Ապու Եազիտ ծածկանունով,  խոստովանեցաւ, որ ինք կը պատկանի ահաբեկչական կազմակերպութեան մը եւ կարգ մը երիտասարդներ զինուորագրած է`...

Ըստ «Ախպար»-ի.  Լիբանանի Մէջ Թուրքիոյ Դեսպանատան Առնուազն Երկու Պաշտօնեաներ 15 Յունիսէն Ետք Փախուստ Տուած Են

Ըստ «Ախպար»-ի. Լիբանանի Մէջ Թուրքիոյ Դեսպանատան Առնուազն Երկու Պաշտօնեաներ 15 Յունիսէն Ետք Փախուստ Տուած Են

Լիբանանեան «Ախպար» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ թրքական իշխանութիւնները գաղտնի սպասարկութեան սպայ մը ուղարկած են Լիբանան` իրենց երկրին դեսպանատան մէջ ապահովական պատասխանատուութիւնը ստանձնելու, սակայն առանց տեղափոխելու ներկայիս դեսպանատան մէջ այդ պաշտօնը վարող սպան: Նոր սպան դարձած է տարիներէ ի վեր Լիբանան գտնուող վերջինիս ղեկավարը: Նոր սպան ստանձնած է Լիբանանի մէջ տեղեկահաւաքի բոլոր աշխատանքները, ներառեալ` տեղեկութեանց փոխանակման համար լիբանանեան ապահովական կառոյցներուն հետ...

Սարրաֆ Քաակի Եւ Քահուաժիի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Բանակին Վերաբերող Հարցեր

Սարրաֆ Քաակի Եւ Քահուաժիի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Բանակին Վերաբերող Հարցեր

Պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆ երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակը, որուն հետ քննարկեց ՄԱԿ-ի վերաբերող շարք մը հարցեր, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ին եւ լիբանանեան բանակին միջեւ գործակցութեան հեռանկարները: Հանդիպումէն ետք Քաակ յայտնեց, որ ՄԱԿ միշտ կը գործակցի պաշտպանութեան նախարարին հետ` պահպանելու համար լիբանանեան հողերուն ապահովութիւնը, ինչպէս նաեւ երկրին ապահովական կայունութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը: Քաակ...

Ժոմպլաթ Նամակներ Կը Ստանայ Էրտողանէն Եւ Ապպասէն

Ժոմպլաթ Նամակներ Կը Ստանայ Էրտողանէն Եւ Ապպասէն

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ նամակ մը ստացաւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանէն` իբրեւ պատասխան Պոլսոյ պայթումը դատապարտող իր հեռագիրին: Էրտողան գնահատեց Ժոմպլաթի զօրակցութիւնը` ահաբեկչութեան դէմ մղուած պայքարին առումով, նշելով, որ լիբանանցի իրենց եղբայրներուն ցուցաբերած զօրակցութիւնը իրենց համար ուժի աղբիւր մըն է: Էրտողան շեշտեց, որ ահաբեկչութեան դէմ մղուած պայքարին առումով միջազգային գործակցութիւնը հիմնական կարեւորութիւն կը ներկայացնէ, աւելցնելով,...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց, որ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին գումարուելիք օրէնսդրական նիստը արդէն իսկ արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ: ՓՏԱԾՈՒԹԵԱՆ դէմ պայքարի պետական նախարար Նիքոլա Թուէյնի շեշտեց, որ ընտրական օրէնքը երկրին պատկանելիութեան օրէնքն է եւ պէտք է զայն փոփոխութեան ենթարկել: ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարար Ինայա Իզէտտին շեշտեց, որ ընտրական օրէնքը քննարկումի ընթացքին մէջ է, որպէսզի կարելի ըլլայ հասնիլ բոլորը գոհացնող լուծումներու: ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԱԾՆԵՐՈՒ...

«Մեր Նպատակն Է Վերականգնել Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը` Պահպանելով Հայկական Տարբեր Կողմերը Ներկայացնելու Անոր Աւանդը»  Շեշտեց Յ. Բագրատունի

«Մեր Նպատակն Է Վերականգնել Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը` Պահպանելով Հայկական Տարբեր Կողմերը Ներկայացնելու Անոր Աւանդը» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Լեպանիզ Քորա»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ ՀՄԸՄ-ի եւ Ռիատիի միջեւ պասքեթպոլի մրցումի մը ընթացքին Ռիատիի համակիրներուն կողմէ թրքական դրօշակ բարձրացնելու արարքին: Ան յայտնեց, որ ինք կապուած է Ռիատիի հովանաւոր պատասխանատուներուն հետ եւ անոնց ուղղած յստակ հարցում մը. «Մենք լիբանանեա՞ն, թէ՞ թրքական խումբի հետ կը խաղանք: Եթէ խումբը...

Ճայերը Կը Սպառնան Քաղաքացիական Օդանաւորդութեան Ապահովութեան, Իսկ Կառավարութիւնը Կը Փութայ Գործնական Քայլեր Առնելու

Ճայերը Կը Սպառնան Քաղաքացիական Օդանաւորդութեան Ապահովութեան, Իսկ Կառավարութիւնը Կը Փութայ Գործնական Քայլեր Առնելու

Քոսթա Պրաւայի թափօններու թաղման վայրին եւ Ղատիր գետին խառնուած կոյուղիներուն ծով թափած վայրին մէջ վխտացող ճայերը, որոնք կը խախտեն քաղաքացիական օդանաւորդութեան ապահովութիւնը, երէկ մղեցին, որ լիբանանեան գործադիր եւ դատական իշխանութիւնները լծուին աշխատանքի: Երէկ երեկոյեան ժամը 7:30-ին վարչապետարանին մէջ վարչապետ Սաատ Հարիրի նախագահեց ապահով քաղաքացիական օդանաւորդութեան վերաբերող նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան կենսոլորտի նախարար Թարեք Խաթիպ, հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու...

Ցաւակցական Այցելութիւն Հաշեմի Ռաֆսանճանիի Մահուան Առիթով

Ցաւակցական Այցելութիւն Հաշեմի Ռաֆսանճանիի Մահուան Առիթով

Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախկին նախագահ Ալի Աքպար Հաշեմի Ռաֆսանճանիի մահուան առիթով, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի ընտանիքին եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքին անունով ցաւակցութիւն յայտնեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպանին: Այս առիթով կատարուած յայտարարութեամբ մը Բագրատունի նշեց, որ Ռաֆսանճանի կը նկատուի չափաւորութեան, արդարամտութեան եւ երկխօսութեան խորհրդանիշ մը, որ նաեւ յատուկ յարաբերութիւններ ունէր իրանահայութեան հետ: Ան շեշտեց,...

Page 768 of 986 1 … 767 768 769 … 986

Արխիւներ