Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաթարի Մէջ. Նախագահ Աուն Մաղթեց, Որ Տոհա Օժանդակէ Լիբանանին` Բացայայտելու Համար Առեւանգուած Բանակայիններուն Ճակատագիրը

January 12, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

aoun_sheikh_tamim_11117

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն, երէկ առաւօտեան աւարտելէ ետք Ռիատ կատարած իր պաշտօնական այցելութիւնը, ուղղուեցաւ Տոհա, ուր  հանդիպում մը ունեցաւ Քաթարի Թամիմ պըն Համատ պըն Խալիֆա Ալ Թանի իշխանին հետ:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նախագահ Աունի ընկերակցող լիբանանեան պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ, կրթութեան նախարար Մարուան Համատէ, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ, պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆ, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք, տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշի, տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ռաէտ Խուրի, հանրապետութեան նախագահութեան հարցերու պետական նախարար Փիեռ Ռաֆֆուլ, ինչպէս նաեւ հանրապետութեան նախագահութեան ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շքէյր եւ Քաթարի մէջ Լիբանանի դեսպան Հասան Նաժմ, ինչպէս նաեւ անոնց քաթարցի պաշտօնակիցները:

Քննարկուեցան երկկողմանի գործակցութիւնը աշխուժացնելու եւ յարաբերութիւնները ամրապնդելու հեռանկարները:

Ընդլայնուած հանդիպումէն ետք Թամիմ իշխանն ու նախագահ Աուն ունեցան կէս ժամ տեւած դռնփակ հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան շարք մը հարցեր:

Նախագահ Աուն եւ Թամիմ իշխան համաձայնեցան վերականգնել երկու երկիրներուն միջեւ միացեալ յանձնախումբերը, նախագահութեամբ` երկու երկիրներու վարչապետներուն:

Թամիմ իշխանը շեշտեց, որ Լիբանան մուտք գործած է նոր փուլ մը նախագահական ընտրութենէն ետք` աւելցնելով, որ զօր. Միշել Աունի ընտրութեան որոշումը լաւագոյն որոշումն էր, որովհետեւ նախագահ Աուն Լիբանանը պիտի առաջնորդէ դէպի ապահով վայրեր:

Քաթարի իշխանը դրուատեց լիբանանեան բանակին եւ ապահովական կառոյցներուն ի գործ դրած ջանքերն ու զոհողութիւնները` պահպանելու համար երկրին ապահովական կայունութիւնը, նշելով, որ այդ կայունութեան շնորհիւ քաթարցի բազմաթիւ ընտանիքներ տօնական օրերուն այցելեցին Լիբանան:

Թամիմ իշխանը պատրաստակամութիւն յայտնեց օժանդակելու Լիբանանի բարգաւաճման ծրագիրներուն` աւելցնելով, որ ինք կը քաջալերէ քաթարցի ներդրողները, որ Լիբանանի մէջ ներդրումներ կատարեն:

Իր կարգին, նախագահ Աուն բարձր գնահատեց լիբանանեան-քաթարեան յարաբերութիւնները եւ անհրաժեշտ նկատեց անոնց ամրապնդումը, գրեթէ բոլոր մարզերուն մէջ:

Նախագահ Աուն անդրադարձաւ նաեւ Լիբանանի մէջ արձանագրուած նուաճումներուն, որոնց շարքին են երկրին ապահովական կայունութեան հաստատումը եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը:

Նախագահ Աուն մաղթեց, որ Տոհա օժանդակէ Լիբանանին` բացայայտելու համար ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ առեւանգուած բանակայիններուն, Պուլոս Եազիժի եւ Եուհաննա Իպրահիմ եպիսկոպոսներուն, ինչպէս նաեւ լրագրող Սամիր Քասսապի ճակատագիրը:

Թամիմ իշխանը խոստացաւ նախագահ Աունին այդ իմաստով օժանդակութիւն ցուցաբերել, հակառակ այդ թղթածրարին փշոտ եւ զգայուն ըլլալուն:

Ապա նախագահ Աուն Թամիմ իշխանը հրաւիրեց Լիբանան` իշխանէն ստանալով այդ հրաւէրին ընդառաջելու խոստում:

Հանդիպումին աւարտին Քաթարի իշխանը ճաշկերոյթ մը սարքեց ի պատիւ նախագահ Աունի եւ լիբանանեան պատուիրակութեան:

Ռիատի Մէջ

Նշենք, որ նախանցեալ երեկոյեան Ռիատի մէջ լիբանանցի եւ սէուտցի գործարարներուն կողմէ սարքուեցաւ ընթրիք մը` ի պատիւ նախագահ Աունի:

Ընթրիքին ընթացքին նախագահ Աուն արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ շեշտեց, թէ լիբանանեան-սէուտական յարաբերութիւններուն սառցահալը կատարուած է, աւելցնելով, որ Լիբանանի տնտեսութեան եւ զբօսաշրջութեան նպատակով հիմնական երկու ազդակներ արդէն իսկ երաշխաւորուած են: «Անոնք են` ապահովութիւնն ու կայունութիւնը: Հետեւաբար դո՛ւք որոշեցէք, թէ ե՛րբ կը սկսիք ձեր աշխատանքին», ըսաւ ան:

Միւս կողմէ, սէուտական «Ռիատ» եւ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթերուն հետ իր ունեցած հարցազրոյցներուն ընթացքին, նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանան կը պայքարի ահաբեկչութեան դէմ եւ կը կանխարգիլէ երկրին սահմաններէն ահաբեկիչներուն Լիբանան մուտքը` այդ գործողութիւններուն պարագային արձանագրելով 100 առ հարիւր յաջողութիւն:

«Կ՛աշխատինք բարելաւել մեր կարողութիւնները, որպէսզի ահաբեկչութիւնը չյաջողի խզել մեր երկիրը, ինչպէս նաեւ մեր միասնականութիւնը», ըսաւ նախագահ Աուն:

Պատասխանելով Սուրիա կատարելիք հաւանական այցելութեան մասին հարցումի մը` նախագահ Աուն շեշտեց, որ ներկայիս Սուրիա այցելելու հաւանականութիւն չկայ, սակայն Լիբանանի մէջ գտնուող սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը կրնայ պարտադրել նման այցելութիւն մը, որովհետեւ Լիբանանի վրայ այդ թղթածրարին հետեւանքները ծանր կը կշռեն, եւ երբ նման թնճուկներ գոյութիւն ունենան, պէտք է զանոնք լուծելու նպատակով խորհրդակցութիւններ կատարել:

 

Նախորդը

Պըրրի. «Խորհրդարանը Կը Միտի Կառավարութեան Հաշուետուութեան Նիստեր Գումարել»

Յաջորդը

Վանաձորի Աւագանին Լուծարելու Առաջարկ-Դիմում

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.