Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Հարիրի Նախագահեց Կառավարութեան Նիստին

January 12, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ministerial-Council_11117

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, վարչապետարանին մէջ նախագահեց կառավարութեան նիստին:

Հարիրին նիստին ընթացքին ողջունեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի Սէուտական Արաբիա կատարած այցելութիւնը, որ պատմական այցելութիւն մըն է եւ բոլոր չափանիշներով յաջող:

Հարիրի դրուատեց լիբանանեան-սէուտական հեզասահ յարաբերութիւնները` շեշտելով, որ կառավարութիւնը միշտ պիտի զօրակցի նախագահ Աունին` ի խնդիր Լիբանանի գերագոյն շահերուն:

Վարչապետը գնահատեց նախարարաց խորհուրդին կողմէ Պաապտայի նիստին ընթացքին տրուած որոշումները, յատկապէս հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութեան յատուկ նշանակումներուն վերաբերեալ, եւ յոյս յայտնեց, որ նշանակումները շարունակուին կառավարութեան յառաջիկայ նիստերուն ընթացքին:

Նիստէն ետք մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրի յայտնեց, որ կառավարութիւնը Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներուն թղթածրարը քննարկելու առումով նոր մօտեցում մը որդեգրեց` նկատի ունենալով այդ թղթածրարին լուծման համար յատուկ ռազմավարութիւն մը ճշդելու անհրաժեշտութիւնը:

Խուրի աւելցուց, որ կառավարութիւնը առկախեց քարիւղի թղթածրարին քննարկումը` նկատի ունենալով, որ մեծ թիւով նախարարներ ճամբորդութեան պատճառով կը բացակային նիստէն:

Նշենք, որ նիստէն ետք Հարիրի հանդիպում մը ունեցաւ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոսի հետ` քննարկելու համար Պէյրութի միջազգային օդակայանին մօտակայքը գտնուող Քոսթա Պրաւայի թափօններու թաղման վայրին մօտ կայք հաստատած թռչուններու հարցը:

Հանդիպումէն ետք Ֆընիանոս շեշտեց, որ Հարիրի որոշած է այդ թռչունները հեռացնելու նպատակով Քոսթա Պրաւայի թափօններու թաղման վայրին շուրջ գտնուող ձայնային սարքերուն թիւը աւելցնել, որպէսզի ապահովուի քաղաքացիական օդանաւորդութիւնը:

 

 

 

Նախորդը

«Պիտի Քուէարկենք Ի Նպաստ Կիներու Ներկայացուցչութեան Մասնաբաժինին» Շեշտեց Ինայա Իզէտտին

Յաջորդը

Պըրրի. «Խորհրդարանը Կը Միտի Կառավարութեան Հաշուետուութեան Նիստեր Գումարել»

RelatedPosts

Մըրքոս. «Բանակը Աշխատանք Պիտի Տանի  Լիթանի Գետէն Հիւսիս Զինաթափումի Ծրագիրի  Պատրաստութեան Վրայ Եւ Զայն Փետրուարին  Ներկայացնէ Կառավարութեան»
Լիբանանեան

Մըրքոս. «Բանակը Աշխատանք Պիտի Տանի Լիթանի Գետէն Հիւսիս Զինաթափումի Ծրագիրի Պատրաստութեան Վրայ Եւ Զայն Փետրուարին Ներկայացնէ Կառավարութեան»

January 9, 2026
Նեթանիահու. «Լիբանանեան Կառավարութեան  Եւ Բանակին Ջանքերը Բաւարար Չեն»
Լիբանանեան

Նեթանիահու. «Լիբանանեան Կառավարութեան Եւ Բանակին Ջանքերը Բաւարար Չեն»

January 9, 2026
Լիբանանեան Բանակը Ձերբակալեց Թրիփոլիի  Տօնածառը Հրկիզելու Դէպքին Մեղսակիցները
Լիբանանեան

Բանակը Զէնքի Մենաշնորհման Ծրագիրի Առաջին Փուլի Նպատակներու Իրագործումը Յայտարարեց

January 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.