Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը երէկ յետմիջօրէին պաշտօնական այցելութեամբ մը մեկնեցան Սէուտական Արաբիա` ընդառաջելով Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին հրաւէրին:
Նախագահ Աունի կ՛ընկերակցին արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ, կրթութեան նախարար Մարուան Համատէ, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ, պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆ, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք, տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշի, տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ռաէտ Խուրի, հանրապետութեան նախագահութեան հարցերու պետական նախարար Փիեռ Ռաֆֆուլ, ինչպէս նաեւ հանրապետութեան նախագահութեան ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շքէյր: Ռիատի մէջ պատուիրակութեան պիտի միանայ Սէուտական Արաբիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Ապտել Սաթթար Իսա:
Կը նախատեսուի, որ այսօր առաւօտեան նախագահ Աուն եւ անոր ընկերակցող լիբանանեան պատուիրակութիւնը հանդիպում մը ունենան Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին հետ, ինչպէս նաեւ կատարուին առանձին հանդիպումներ լիբանանեան պատուիրակութեան մաս կազմող նախարարներուն եւ անոնց սէուտցի պաշտօնակիցներուն միջեւ:
Նախագահ Աուն հանդիպումներ պիտի ունենայ նաեւ Սէուտական Արաբիոյ մէջ ապրող լիբանանեան գաղութի ներկայացուցիչներուն եւ Ռիատի մէջ ապրող լիբանանցի եւ սէուտցի գործարարներուն հետ:
Պաապտայի մօտիկ աղբիւրներու համաձայն, նախագահ Աուն չորեքշաբթի, 11 յունուարին պիտի մեկնի Տոհա, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ Քաթարի Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանի իշխանին հետ:
Կը նախատեսուի, որ նախագահ Աուն Քաթարի իշխանութիւններուն հետ ունեցած իր քննարկումներուն ընթացքին արծարծէ ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ առեւանգուած բանակայիններուն թղթածրարը, այն յոյսով, որ Տոհա այս առումով կը վերստանձնէ ՏԱՀԵՇ-ի եւ լիբանանեան պետութեան միջեւ միջնորդի իր դերակատարութիւնը:
Նախագահ Աուն երէկ երեկոյեան հասաւ Սէուտական Արաբիա, ուր դիմաւորուեցաւ Ռիատի իշխան Ֆայսալ պըն Պանտար պըն Ապտել Ազիզի կողմէ:
Միւս կողմէ, նախագահ Աուն նախքան Ռիատ իր մեկնումը նախագահական պալատին մէջ ընդունեց ֆրանսացի երեսփոխաններու պատուիրակութիւն մը, ներկայութեամբ` Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիայի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, որոնց լոյսին տակ նախագահ Աուն շեշտեց, որ իրենք կը փափաքին Սուրիոյ տագնապին համար քաղաքական լուծում ապահովել` երաշխաւորելով Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն ապահով տունդարձը:
Ան շեշտեց, որ Սուրիոյ մէջ կան ապահով վայրեր, աւելցնելով, որ յարմար է սուրիացի գաղթականներու տունդարձին իմաստով արդէն իսկ աշխատանքի սկսիլ:
Նախագահ Աուն շեշտեց, որ ապահովութեան ուժերը ամէն ջանք ի գործ կը դնեն դէպի Լիբանան ահաբեկիչներուն մուտքը արգիլելու նպատակով, ինչպէս նաեւ կը կանխարգիլեն ահաբեկիչներուն գործելիք աւերները:
Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Ճափոնի արտաքին հարցերու պետական նախարար Քինթարօ Սոնորա:
Նշենք, որ նախքան իր մեկնումը, նախագահ Աուն ցաւակցագիր մը յղեց Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի, Իրանի նախկին նախագահ Ալի Աքպար Հաշեմի Ռաֆսանճանիի մահուան առիթով: