Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զօր. Քահուաժի. «Բանակը Կարողութիւն Ունի Շարունակելու Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարն Ու Պահպանելու Երկրին Ապահովական Կայունութիւնը»

Յունուար 13, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

kahwaji_borderline_11217

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ այցելեց Լիբանանի արեւելեան սահմանները` Մասնաայի եւ Ռաշայայի շրջաններուն մէջ տեղակայուած լիբանանեան բանակի զօրանոցները, ուր ստուգեց բանակին որդեգրած ապահովական միջոցառումները, յատկապէս սահմանի պաշտպանութեան իմաստով:

Ապա ան հանդիպում մը ունեցաւ բանակի սպաներուն եւ բանակայիններուն հետ` անոնց տալով զինուորական շարք մը ցուցմունքներ:

Զօր. Քահուաժի դրուատեց բանակին կողմէ Լիբանանի սահմանները պահպանելու իմաստով թափուած ջանքերը: Ան նշեց, որ բանակը կարողութիւնը ունի շարունակելու ահաբեկչութեան դէմ պայքարն ու պահպանելու երկրին ապահովական կայունութիւնը, ինչ ալ ըլլան պայմանները:

Ան կոչ ուղղեց բանակայիններուն ըլլալու կազմ ու պատրաստ` դիմագրաւելու համար երկրին ապահովութեան սպառնացող բոլոր մարտահրաւէրները:

Զօր. Քահուաժի ընդգծեց, որ բանակը պատրաստ է արագօրէն դէմ դնելու ահաբեկչական որեւէ գործողութեան կամ ահաբեկիչներուն կողմէ դէպի Լիբանան որեւէ ներխուժումի:

Ան շեշտեց, որ սահմաններուն ապահովութեան շնորհիւ լիբանանեան սահմանամերձ շրջաններու գիւղերուն եւ գիւղաքաղաքներուն մէջ կը տիրէ խաղաղ եւ ապահով մթնոլորտ:

Զօր. Քահուաժի դիտել տուաւ նաեւ, որ Լիբանանի վայելած ապահովական կայունութիւնը բանակին զոհողութիւններուն եւ բանակի գաղտնի սպասարկութեան կողմէ ահաբեկչական բջիջներու բացայայտման ու անոնց դէմ հասցուած կանխահաս հարուածներուն շնորհիւ է:

Նախորդը

Վերջին Ժամ . Իսրայէլեան Օդուժը Կը Ռմբակոծէ Դամասկոսի Մօտ Մազզէի Օդակայանը

Յաջորդը

«Ընտրական Օրէնքներուն Մասին Իւրաքանչիւր Քաղաքական Ուժ Իր Անկեղծ Կարծիքը Պէտք Է Յայտնէ» Շեշտեց Քանաան

RelatedPosts

Սալամ. «Լիբանան Նուրբ Փուլէ Կ՛անցնի, Շրջանային  Շրջադարձի Մը Պայմաններուն Մէջ,  Որոնց Լուսանցքին Վրայ Չի Կրնար Մնալ»
Լիբանանեան

Պատասխանելով Հըզպալլայի Բաց Նամակին` Սալամ. «Պատերազմի Եւ Խաղաղութեան Որոշումը Վերապահուած Է Պետութեան, Եւ Ոչ Ոք Այդ Որոշումը Տալու Իրաւասութիւն Ունի»

Նոյեմբեր 8, 2025
Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց  Նախարարութիւնն Ու Եուրոփոլը Կը Նշեն.  «Հըզպալլան Տակաւին Վտանգաւոր  Կազմակերպութիւն Մըն Է, Որ Մտադիր Է  Արտասահմանի Մէջ  Իր Ներկայութիւնը Պահպանել»
Լիբանանեան

Ուաշինկթըն. «Այսուհետեւ Իրանին Եւ Հըզպալլային Կարելի Չէ Արտօնել Լիբանանը Գերի Պահել»

Նոյեմբեր 8, 2025
Թեհրան. «Կը Զօրակցինք Պաղեստինցիներուն Որդեգրած Որեւէ Որոշումի, Որ Ցեղասպանութեան Դադրեցման Եւ Իսրայէլեան Ուժերու Կազայէն Հեռացման Կը Յանգեցնէ»
Լիբանանեան

Թեհրան. «Կը Դատապարտենք Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Վայրագ Օդային Յարձակումները»

Նոյեմբեր 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?