Լիբանանեան

Պըրրի Հրաւիրեց Կառավարութեան  Հարցապնդումի Խորհրդարանական Նիստի

Պըրրի Հրաւիրեց Կառավարութեան Հարցապնդումի Խորհրդարանական Նիստի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հրաւիրեց կառավարութեան հարցապնդումի խորհրդարանական նիստի մը, որ պիտի գումարուի երեքշաբթի, 7 փետրուարին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին: Միւս կողմէ, Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը եւ շրջանը յուզող իրադարձութիւնները: Պըրրի ընդունեց Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին կրթութեան նախարար Մարուան Համատէ, երեսփոխան Ղազի...

Պասիլ Հութի Հետ Քննարկեց  Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Պասիլ Հութի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Մարթին Հութը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Հութ յայտնեց, որ Պասիլի հետ լուսարձակի տակ առած է Լիբանանի մէջ տիրող դրական մթնոլորտը, որ իրականացաւ հանրապետութեան նախագահի ընտրութենէն եւ կառավարութեան կազմութենէն ետք: Հութ գնահատեց Լիբանանի մէջ տիրող իրավիճակը` աւելցնելով, որ Պասիլին ներկայացուցած...

Ժեմայէլ Ընդունեց Ժողովրդավարական  Հանդիպումի Մէկ Պատուիրակութիւնը

Ժեմայէլ Ընդունեց Ժողովրդավարական Հանդիպումի Մէկ Պատուիրակութիւնը

Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ կուսակցութեան Սայֆիի կեդրոնին մէջ ընդունեց Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին երեսփոխաններ Աքրամ Շեհայէպ, Ալաէտտին Թըրրօ, Հանրի Հըլու եւ Ուաէլ Ապու Ֆաուր, ինչպէս նաեւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Զաֆեր Նասեր: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ երեսփոխան Ֆատի Հապըր, Փաղանգաւոր կուսակցութեան փոխնախագահ Ժոզեֆ Ապու Խալիլ եւ խորհրդատու Միշել Խուրի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան...

Շորթըր Այցելեց Միւֆթի  Տըրիանի Եւ Սարրաֆի

Շորթըր Այցելեց Միւֆթի Տըրիանի Եւ Սարրաֆի

Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըր երէկ այցելեց Տար Ֆաթուա, ուր  հանդիպում մը ունեցաւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Շորթըր այցելեց նաեւ Եարզէ, ուր ընդունուեցաւ պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆի կողմէ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս Լիբանանի վերաբերող հարցեր: Նախարար Սարրաֆ բարձր գնահատեց լիբանանեան բանակին օժանդակելու առումով Բրիտանիոյ դերակատարութիւնը,...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Սաատ Հարիրի խստիւ դատապարտեց Քեպեքի մզկիթներէն մէկուն դէմ կատարուած ահաբեկչական յարձակումը` հաստատելով, որ ահաբեկչութիւնը կրօն չունի: ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Մարուան Համատէ յայտնեց, որ ինք պետական ամավարկի վաւերացումը փետրուար ամսուան ընթացքին կը նախատեսէ` աւելցնելով, որ ամավարկը պիտի ներառէ աշխատավարձի յաւելումները: ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Մըլհեմ Ռիաշի շեշտեց, որ 1960-ի ընտրական օրէնքին վերադարձը բացառուած է` աւելցնելով, որ ինք քաջ գիտէ, որ...

Հայոց Բանակի Հիմնադրութեան 25-Ամեակի Նշում`  Հարաւային Լիբանանի Շամաա Գիւղին Մէջ

Հայոց Բանակի Հիմնադրութեան 25-Ամեակի Նշում` Հարաւային Լիբանանի Շամաա Գիւղին Մէջ

«Դուք Կը Կատարէք Խաղաղապահ Առաքելութիւն`  Քաջ Գիտակցելով, Որ Ի՛նչ Կը Նշանակէ Անիկա  Իւրաքանչիւր Երկրի Եւ Ընտանիքի Համար»    Շեշտեց Քափիթեն Աթոյեան ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն մաս կազմող հայկական զօրախումբը` դեսպան Մկրտչեանի եւ գնդապետ-զօրավար Չիլլոյի հետ Հարաւային Լիբանանի Շամաա գիւղին մէջ գտնուող ՖԻՆԻՒԼ-ի արեւմտեան զօրանոցին մէջ 28 յունուարին տիրեց տօնական մթնոլորտ: 2014-ին Լիբանան եկած եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի իտալական այդ զօրանոցին մէջ ծառայող...

Նախագահ Աուն Շնորհաւորեց  Քուէյթի Իշխանը

Նախագահ Աուն Շնորհաւորեց Քուէյթի Իշխանը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն քուէյթեան «Նահար» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շնորհաւորեց Քուէյթի շէյխ Սապահ Ահմետ Սապահ իշխանը` երկրին իշխանութիւնը ստանձնելուն 11-ամեակին առիթով: Ան նշեց, որ քուէյթցի եղբայր ժողովուրդը ուրախութեամբ կը նշէ Սապահ իշխանի սահմանադրական իշխանութեան ստանձնումին 11-ամեակը, որովհետեւ իր ժողովուրդին վստահութիւնը վայելող Սապահ իշխանը երկիրը բարգաւաճեցուց` պահպանելով անոր կայունութիւնն ու զարգացումը: Նախագահ Աուն շեշտեց, որ վերջին տասնամեակին...

Շէյխ Ասատ Ասի Մահացաւ

Շէյխ Ասատ Ասի Մահացաւ

Լիբանանի մէջ ալեւի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Ասատ Ասի շաբաթ օր մահացաւ Զղարթայի «Մուաուատ» հիւանդանոցին մէջ: Իր մահէն քանի մը օր առաջ շէյխ Ասի ենթարկուած էր կաթուածի մը եւ փոխադրուած հիւանդանոց: Շէյխ Ասիի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ երէկ, Ժապալ Մըհսենի մէջ` ներկայութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի ներկայացուցիչ, նախարար Փիեռ Ռաֆֆուլի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Քասեմ Ապտել Ազիզի, բանակի...

«Զբօսաշրջութեան Մարզին Մէջ  Ամէն Կարողութիւն Ունինք  Նոր Իշխանութեան Մակարդակով Գործելու»  Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

«Զբօսաշրջութեան Մարզին Մէջ Ամէն Կարողութիւն Ունինք Նոր Իշխանութեան Մակարդակով Գործելու» Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան հարցազրոյցի մը ընթացքին անհրաժեշտ նկատեց, որ  տեղեկատուութեան մարզը վերջ տայ զբօսաշրջական հաստատութիւնները ցեխարձակումներու թիրախ դարձնելու երեւոյթին, որովհետեւ անիկա կը հարուածէ երկրին զբօսաշրջութեան եղանակը: Ան շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ մշակուած են բժշկական զբօսաշրջութեան ծրագիրներ` նկատի ունենալով երկրին մէջ բժշկութեան զարգացած մարզը, ինչպէս նաեւ գեղեցկագիտական վիրաբուժութեան մարզի բարգաւաճումը: Նախարար Կիտանեան ընդգծեց նաեւ ներքին եւ գիւղական զբօսաշրջութեան զարգացման կարեւորութիւնը`...

Վարչապետ Հարիրի  Շնորհաւորեց Զօր. Ֆլինը

Վարչապետ Հարիրի Շնորհաւորեց Զօր. Ֆլինը

Վարչապետ Սաատ Հարիրի շաբաթավերջին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ զօր. Մայքըլ Ֆլինի հետ եւ շնորհաւորեց զայն Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփի Ազգային անվտանգութեան խորհրդատուն նշանակուելուն առիթով: Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Հարիրի եւ զօր. Ֆլին քննարկեցին շրջանային իրադարձութիւնները, Լիբանանի մէջ տեղահանուած սուրիացիներուն պարտադրած բեռը նուազեցնելու Լիբանանի կառավարութեան ջանքերը, ինչպէս նաեւ ամերիկեան իշխանութիւններուն կողմէ լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն տրամադրուած զինուորական օժանդակութիւնները շարունակելու հեռանկարները:...

Ռահմէ Դրուատեց Ռուսիոյ  Դերակատարութիւնը

Ռահմէ Դրուատեց Ռուսիոյ Դերակատարութիւնը

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ շաբաթավերջին իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքինը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու շրջանային զարգացումները: Հանդիպումին ընթացքին Ռահմէ դրուատեց շրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու նպատակով Ռուսիոյ դերակատարութիւնը: Ռահմէ մաղթեց, որ Մոսկուա շարունակէ դէմ դնել հաւատադրժողական ահաբեկչութեան եւ անոր պատճառած մարդկային աղէտներուն, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի կրօնական, մշակութային եւ քաղաքակրթական...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարար Եաագուպ Սարրաֆ շեշտեց, որ ինք բոլոր բանակայիններուն կը խոստանայ յանձնառու մնալ եւ ամէն ջանք ի գործ դնել` ապահովելու համար անոնց աշխատավարձի յաւելումը: ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը չերկարաձգելու նպատակով իրենք համաձայն են խառն ընտրական օրէնքին հիման վրայ երեսփոխանական ընտրութիւններու կայացումին: Պասիլ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Նազիհ Նաժարին, որուն հետ քննարկեց հանրապետութեան նախագահ...

«Մեր Պատասխանատուութիւնն Է  Կայունութիւնը Ապահովել»   Շեշտեց Նախագահ Աուն

«Մեր Պատասխանատուութիւնն Է Կայունութիւնը Ապահովել» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Թրիփոլիի տնտեսական մարզի ներկայացուցիչներուն մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Առեւտուրի, ճարտարարուեստի եւ երկրագործութեան Թրիփոլիի եւ Հիւսիսային Լիբանանի պալատի նախագահ Թուֆիք Տապպուսի: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն յայտնեց, որ լիբանանեան պետութեան պատասխանատուութիւնն է կայունութիւնը ապահովել, որպէսզի տնտեսական մարզի ներկայացուցիչները իրենց աշխատանքը ապահով միջավայրի մէջ կատարեն եւ առիթ ունենան իրենց աշխատանքներուն ապագան ծրագրաւորելու: Միւս կողմէ, «Ախպար»...

Պըրրի. «Նախագահ Աունի Կեցուածքը  Դրական Հարուած Է, Իսկ Խորհրդարանի  Չգոյութիւնը Անկարելի Է»

Պըրրի. «Նախագահ Աունի Կեցուածքը Դրական Հարուած Է, Իսկ Խորհրդարանի Չգոյութիւնը Անկարելի Է»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ինք կը զօրակցի կառավարութեան նիստին ընթացքին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կատարած այն յայտարարութեան, թէ ինք կը նախընտրէ խորհրդարանի չգոյութիւնը: «Ես այդ կեցուածքը կը նկատեմ դրական հարուած մը եւ բառացի կերպով չեմ մեկնաբաներ, որովհետեւ ոչ ոք կը փափաքի խորհրդարանին չգոյութիւնը, հետեւաբար անկարելի է խորհրդարան մը չունենալ», ըսաւ Պըրրի: Ան նշեց, որ...

«Պիտի Ջանանք Մեր Կարելին Ընել, Որպէսզի  Լիբանանեան Ընկերութեան Բոլոր Շերտերը  Զբօսաշրջութեան Բարիքներէն Օգտուին»  Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

«Պիտի Ջանանք Մեր Կարելին Ընել, Որպէսզի Լիբանանեան Ընկերութեան Բոլոր Շերտերը Զբօսաշրջութեան Բարիքներէն Օգտուին» Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան խոստացաւ, որ նախարարութիւնը պիտի ջանայ իր կարելին ընել, որպէսզի լիբանանեան ընկերութեան բոլոր շերտերը զբօսաշրջութեան բարիքներէն օգտուին` աւելցնելով, որ ամբողջ աշխարհին մէջ մարդ արարածը կը մնայ առաջնահերթութիւն: Լիբանանցի անդամալոյծներու համադաշնակցութեան կազմակերպած «Միաձոյլ զբօսաշրջութիւն» խորագիրը կրող խորհրդաժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ Ա. Կիտանեան նշեց, որ իբրեւ պատասխանատուներ իրենք «թերաճ» կը նկատուին, եթէ որեւէ ծրագիր մշակելու եւ գործադրելու...

Պոն Կ՛այցելէ Արսալ

Պոն Կ՛այցելէ Արսալ

Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էմանուէլ Պոն նախանցեալ օր այցելեց Արսալի եւ Լապուէի մէջ գտնուող բանակի զօրանոցները` հասնելով մինչեւ լիբանանեան-սուրիական սահման: Ան ըսաւ, որ լիբանանեան բանակը արժանի է ամէն տեսակ զօրակցութեան` նկատի ունենալով անոր դժուար առաքելութիւնը: Պոն ընդգծեց, որ ֆրանսական պետութիւնը նեցուկ կը կանգնի լիբանանեան բանակին: Միւս կողմէ, բանակը նախանցեալ գիշեր Թրիփոլիի մէջ խստացուց իր հսկողութիւնը, երբ շրջանառութեան մէջ դրուեցան այնպիսի...

Մեհրապի Մէջ.   «Առանց Բոլորին Համաձայնութեան Ընտրական  Օրէնք Մը Կարելի Չէ Գոյացնել»  Շեշտեց Ժահժահ

Մեհրապի Մէջ. «Առանց Բոլորին Համաձայնութեան Ընտրական Օրէնք Մը Կարելի Չէ Գոյացնել» Շեշտեց Ժահժահ

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ նախանցեալ օր Մեհրապի մէջ ընդունեց Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին կրթութեան նախարար Մարուան Համատէ, երեսփոխաններ Աքրամ Շեհայէպ, Հանրի Հըլու, Ուաէլ Ապու Ֆաուր եւ Ալաէտտին Թըրրօ, ինչպէս նաեւ Թայմուր Ժոմպլաթ: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ երեսփոխաններ Ժորժ Ատուան եւ Անթուան Զահրա, ինչպէս նաեւ կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Շանթալ Սարգիս: Հանդիպումէն ետք Ժահժահ շեշտեց,...

Պնաշյիի Մէջ.   «Լիբանանեան Ուժերու Եւ Մարատայի Միջեւ  Հաղորդակցութեան Յանձնախումբ Մը Կայ»   Ըսաւ Ռիաշի

Պնաշյիի Մէջ. «Լիբանանեան Ուժերու Եւ Մարատայի Միջեւ Հաղորդակցութեան Յանձնախումբ Մը Կայ» Ըսաւ Ռիաշի

Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ Պնաշյիի մէջ ընդունեց տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշին, որուն հետ քննարկեց շարք մը հարցեր: Հանդիպումէն ետք Ռիաշի յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան եւ Մարատա հոսանքին միջեւ տարակարծութիւններ կան, եւ բնական է, որ այդ տարակարծութիւնները կարգ մը շրջաններու մէջ տիրական ըլլան: Ռիաշի շեշտեց, որ Ֆրենժիէի հետ ունեցած իր հանդիպումը եղած է շինիչ եւ օգտակար: Ան...

Մոկերինի Վերահաստատեց Եւրոպական Միութեան  Զօրակցութիւնը Լիբանանին Եւ Գնահատեց  Երկրին Մէջ Տիրող Քաղաքական Դրական Մթնոլորտը

Մոկերինի Վերահաստատեց Եւրոպական Միութեան Զօրակցութիւնը Լիբանանին Եւ Գնահատեց Երկրին Մէջ Տիրող Քաղաքական Դրական Մթնոլորտը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան Պաապտայի մէջ ընդունեց Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինին` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Քրիսթինա Լասընի: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանան սկսած է հսկայ աշխատանքի մը` վերահաստատելու համար արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող ապահովական կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ կանոնաւորելու համար սահմանադրական հաստատութիւններուն աշխատանքը: Նախագահ Աուն Լիբանանի անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Մոկերինիի` Եւրոպական...

Խորհրդարանը Համաձայն Գտնուեցաւ  Բարգաւաճման Միջազգային Կազմակերպութենէն  Վարկ Ստանալու Օրինագիծի Մը

Խորհրդարանը Համաձայն Գտնուեցաւ Բարգաւաճման Միջազգային Կազմակերպութենէն Վարկ Ստանալու Օրինագիծի Մը

Խորհրդարանը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին գումարեց իր օրէնսդրական նիստը` նախագահութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի: Խորհրդարանը համաձայն գտնուեցաւ բարգաւաճման միջազգային կազմակերպութենէն 100 միլիոն տոլար վարկի փոխառութիւն մը կատարելու օրինագիծի մը: Խորհրդարանը վաւերացուց նաեւ Լիբանանէն դուրս փոխադրուող բեռնատարերը մեքանիզմի տուրքէ զերծ կացուցելու օրինագիծը: Նիստին ընթացքին երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան դարձեալ առաջարկեց քննարկել պետական հաստատութիւններուն մէջ պայմանագրութեամբ գործող...

Page 763 of 986 1 … 762 763 764 … 986

Արխիւներ