Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յունուար 30, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարար Եաագուպ Սարրաֆ շեշտեց, որ ինք բոլոր բանակայիններուն կը խոստանայ յանձնառու մնալ եւ ամէն ջանք ի գործ դնել` ապահովելու համար անոնց աշխատավարձի յաւելումը:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը չերկարաձգելու նպատակով իրենք համաձայն են խառն ընտրական օրէնքին հիման վրայ երեսփոխանական ընտրութիւններու կայացումին: Պասիլ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Նազիհ Նաժարին, որուն հետ քննարկեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի Եգիպտոս կատարելիք պաշտօնական այցելութեան նախապատրաստական աշխատանքները:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Մըլհեմ Ռիաշի յայտնեց, որ քաղաքական բոլոր կողմերը համոզուած են, որ խառն ընտրական օրէնքը յարմարագոյնն է երկրին քաղաքական բոլոր կողմերուն համար:

ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Թարեք Խաթիպ շեշտեց, որ ընտրական օրէնքին մասին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կեցուածքը լուրջ է, իսկ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ համաձայնութիւնը կարելի է:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Մոհամետ Քապպարա շեշտեց, որ սուրիացի գաղթականներուն վրայ պարտադրուելիք օրէնքներուն լոյսին տակ աշխատանքի մարզին մէջ տիրող ապօրինութիւնը կրնայ հակակշռուիլ:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Սելիմ Ժրայսաթի դատաւորներէն պահանջեց լրատուամիջոցներուն որեւէ կեցուածք չյայտնել կամ յայտարարութիւն չկատարել, եթէ անոնք կանխաւ արտօնութիւն չեն ստացած նախարարութենէն:

ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարար Ինայա Իզէտտին յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի զինք իրաւասու նկատած է արգիլել տալու Լիթանի գետին մէջ որեւէ աղբի կամ աւազի մնացորդացի թափուիլը:

ԾՐԱԳՐԱՒՈՐՈՒՄԻ պետական նախարար Միշել Ֆարաոն անհրաժեշտ նկատեց ընտրական օրէնքի մը շուրջ համաձայնութեան գոյացումը` աւելցնելով, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները կարելի չէ յետաձգել:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերը պէտք է շարունակեն իրենց խորհրդակցութիւնները` յանգելու համար արդարութիւն պարտադրող ընտրական օրէնքի մը որդեգրումին:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ապտել Մեժիտ Սալեհ զգուշացուց ընտրական օրէնքին մէջ արձանագրուելիք օրինազանցութիւններէն: Ան հաստատեց, որ լուսանցքայնացումը կրնայ յանգեցնել պատերազմի:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերը ամէն ջանք ի գործ կը դնեն մշակելու ընտրական օրէնք մը, որ հիմնուած է հաւասարութեան վրայ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա յայտնեց, որ ընտրաշրջաններն ու երեսփոխանները համամասնական ու մեծամասնական դրութեամբ բաժնելու աշխատանքը յառաջդիմութիւն արձանագրած է եւ գրեթէ արժանացած քաղաքական բոլոր ուժերուն հաւանութեան:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Հապըր յայտնեց, որ 1960-ի ընտրական օրէնքը արդար չէ եւ ամբողջ Լիբանանի տարածքին հաւասարութեան սկզբունքով երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացումը չի կրնար ապահովել:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ շեշտեց, որ ընտրական որեւէ օրէնք պէտք է հիմնուի համամասնական դրութեան վրայ, որպէսզի կարելի ըլլայ արդար եւ ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն ապահովել:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն յանձնառու է սահմանադրութեան պաշտպանութեան եւ գործադրութեան: Ան նաեւ աւելցուց, որ նախագահ Աուն արդէն իսկ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքին վստահած է երեսփոխանական ընտրութիւններուն հսկող ընտրական խորհուրդները աշխատանքի հրաւիրելու պարտականութիւնը:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարուան Շարպել շեշտեց, որ մեծ պետութիւններու մէջ ապահովական կառոյցները չեն կրցած ահաբեկչական գործողութիւններուն կանխահաս հարուածներ հասցնել, ինչպէս է պարագան Լիբանանին:

ՊԱԱԼՊԷՔ-Հերմելի նահանգապետ Պաշիր Խտըր յայտնեց, որ իրենք քուէարկութեան կեդրոնները պատրաստելու աշխատանքին մէջ եւ պատրաստ են երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացման, նոյնիսկ եթէ ան կատարուի սահմանադրութեան ճշդուած թուականին:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի շեշտեց, որ լիբանանեան եւ սուրիական պետութիւններուն միջեւ գործակցութիւնը պէտք է ներառէ երկրին քաղաքական բոլոր կողմերը:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատուական հարցերու պատասխանատու Ռամի Ռայէս շեշտեց, որ իրենք պատրաստ են ընտրական որեւէ օրինագիծի շուրջ խորհրդակցելու, աւելցնելով, որ իրենք կը պահանջեն իրենց քաղաքական գոյութիւնը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի պահանջեց, որ ընտրական օրէնքի չափանիշը բոլորին վերաբերի:

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով երեսփոխանական աղբիւրներէ, կը գրէ, թէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի կը պնդէ երեսփոխանական ընտրութիւնները նոր օրէնքով կատարելու անհրաժեշտութեան վրայ, սակայն ան միաժամանակ հաւանական կը նկատէ, որ նոր օրէնքի մը չգոյանալուն պարագային ընտրութիւնները կատարուին 1960-ի ընտրական օրէնքով:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի ներկայացուցած առաջարկը, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները երկու փուլով տեղի ունենան` ոչ ոքի զօրակցութեան արժանացած է:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Պեքաայի մէջ ապահովական ծրագիրը նախորդներուն նման պիտի չըլլայ, այլ տարբեր` իր գործադրուելիք ժամանակով եւ միջոցներով:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով քաղաքական աղբիւրներէ, կը գրէ, թէ լիբանանեան բանակի նոր հրամանատարին նշանակումը գրեթէ վերջնականացած է` աւելցնելով, որ սկզբնական համախոհութիւն գոյացած է գնդապետ-զօրավար Էլիաս Սասինի անձին շուրջ:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, ընտրական օրէնքին շուրջ խորհրդակցութիւնները յանգած են խառն ընտրական օրէնքը վաւերացնելու շուրջ:

 

 

Նախորդը

Թրամփ Կը Նահանջէ Սուրիոյ Մէջ Ապահով Գօտիներ Յառաջացնելու Իր Մտադրութենէն. Դատաւորներ Ժամանակաւոր Կերպով Կը Կասեցնեն Արտաքսումներու Վերաբերեալ Նախագահական Հրամանագիրի Գործադրութիւնը

Յաջորդը

Ռահմէ Դրուատեց Ռուսիոյ Դերակատարութիւնը

RelatedPosts

Նախագահ Աուն Ընդունեց Արաբական  Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարը
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Ընդունեց Արաբական Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարը

Հոկտեմբեր 29, 2025
Խորհրդարանը Նիստ Չգումարեց  Օրինաթիւի Չգոյացման Պատճառով
Լիբանանեան

Խորհրդարանը Նիստ Չգումարեց Օրինաթիւի Չգոյացման Պատճառով

Հոկտեմբեր 29, 2025
«Լիբանանեան Բանակը Հըզպալլայի Մեծաթիւ  Զինապահեստանոցներ Պայթեցուց»  Կը Գրէ «Ռոյթըրզ»
Լիբանանեան

«Լիբանանեան Բանակը Հըզպալլայի Մեծաթիւ Զինապահեստանոցներ Պայթեցուց» Կը Գրէ «Ռոյթըրզ»

Հոկտեմբեր 29, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?