Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յունուար 31, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Սաատ Հարիրի խստիւ դատապարտեց Քեպեքի մզկիթներէն մէկուն դէմ կատարուած ահաբեկչական յարձակումը` հաստատելով, որ ահաբեկչութիւնը կրօն չունի:

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Մարուան Համատէ յայտնեց, որ ինք պետական ամավարկի վաւերացումը փետրուար ամսուան ընթացքին կը նախատեսէ` աւելցնելով, որ ամավարկը պիտի ներառէ աշխատավարձի յաւելումները:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Մըլհեմ Ռիաշի շեշտեց, որ 1960-ի ընտրական օրէնքին վերադարձը բացառուած է` աւելցնելով, որ ինք քաջ գիտէ, որ ընտրական նոր օրէնքի մը կարելի պիտի ըլլայ յանգիլ:

ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու պետական նախարար Մույին Մերեհպի շեշտեց, որ Լիբանան կարիք ունի տարեկան 3 միլիառ տոլարի` հոգալու համար գաղթականներուն եւ հիւրընկալ ընկերութիւններուն ծախսերը:

ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Ղաթթաս Խուրի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սպանիոյ դեսպան Մելակրոս Հեռնանտոն, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, յատկապէս մշակութային գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Շանթալ Սարգիս շեշտեց, որ խառն ընտրական օրէնքը բոլորին սրտին մօտիկ ընտրական օրէնք մըն է, եւ խորհրդարանին մէջ զայն վաւերացնելու առումով մեծ առիթներ գոյութիւն ունին:

ՊԱՂԵՍՏԻՆԵԱՆ Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ երէկ վնասազերծուած է ական մը: Ականը կը գտնուէր Ֆաթհի բարեկարգչական շարժումի ղեկավար Ահմետ Օ.-ի բնակարանին մօտ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Զիատ Պարուտ յայտնեց, որ ոչինչ կ՛արգիլէ երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարել սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին եւ համաձայն ընտրական նոր օրէնքին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ խառն ընտրական օրէնքը այս հանգրուանին լաւագոյն ընտրական օրէնքն է:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ ժամանակն է ապահովելու ընտրական օրէնք մը, որ կ՛ապահովէ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն ճշգրիտ ներկայացուցչութիւնը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն շեշտեց, որ ընտրական օրէնքին մասին քննարկումները շատ են` աւելցնելով, որ այդ իմաստով վերջնական ոչինչ գոյութիւն ունի:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտ շեշտեց, որ երկկողմանի եւ «անցուկը մոռցուկէ»-ի քաղաքականութիւնները կը փրկեն երկիրն ու հայրենիքը:

ԸՍՏ անպաշտօն տեղեկութիւններու, ընտրական նոր օրէնքի մը քննարկումը կը գտնուի իր վերջնական փուլին մէջ, սակայն այս շաբթուան ընթացքին այդ օրէնքին յայտարարութիւնը բաւական դժուար է:

 

 

Նախորդը

Հիւսիսային Սուրիոյ Մէջ Սպաննուած Թուրք Զինուորներու Թիւը Հասած Է 54-ի

Յաջորդը

Շորթըր Այցելեց Միւֆթի Տըրիանի Եւ Սարրաֆի

RelatedPosts

Աուն Եւ Սալամ Ողջունեցին  Սէուտական Արաբիոյ Որոշումը
Գլխաւոր լուրեր

Աուն Եւ Սալամ Ողջունեցին Սէուտական Արաբիոյ Որոշումը

Նոյեմբեր 15, 2025
Ուաշինկթըն. «Լիբանան Իսրայէլեան Ցամաքային  Ներխուժման Դէմ Ենք Եւ Լրջօրէն  Դիւանագիտական Լուծումի Հասնելու Կ՛աշխատինք»
Լիբանանեան

Դիւանագիտական Աղբիւրներ «Ժատիտ»-ին. Ուաշինկթըն Չ՛ուզեր Միջնորդի Դեր Խաղալ, Այլ Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները Պէտք Է Ուղղակի Ըլլան

Նոյեմբեր 15, 2025
Ըստ «Ետիոթ Ահրոնոթ»-ի.  Իսրայէլ Կը Մօտենայ Պեքայի  Եւ Պէյրութի Դէմ Յարձակում Գործելու
Լիբանանեան

Ըստ «Ետիոթ Ահրոնոթ»-ի. Իսրայէլ Կը Մօտենայ Պեքայի Եւ Պէյրութի Դէմ Յարձակում Գործելու

Նոյեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?