Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խորհրդարանը Համաձայն Գտնուեցաւ Բարգաւաճման Միջազգային Կազմակերպութենէն Վարկ Ստանալու Օրինագիծի Մը

January 27, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին գումարեց իր օրէնսդրական նիստը` նախագահութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի:

Խորհրդարանը համաձայն գտնուեցաւ բարգաւաճման միջազգային կազմակերպութենէն 100 միլիոն տոլար վարկի փոխառութիւն մը կատարելու օրինագիծի մը:

Խորհրդարանը վաւերացուց նաեւ Լիբանանէն դուրս փոխադրուող բեռնատարերը մեքանիզմի տուրքէ զերծ կացուցելու օրինագիծը:

Նիստին ընթացքին երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան դարձեալ առաջարկեց քննարկել պետական հաստատութիւններուն մէջ պայմանագրութեամբ գործող պաշտօնեաներուն թղթածրարը, որ անցեալ շաբաթ յետաձգուած էր:

Հարիրի յայտնեց, որ ինք այդ թղթածրարը ուսումնասիրելու համար տակաւին երկու շաբթուան ժամանակի կարիք ունի:

Սակայն նիստէն ետք Հարիրի-Քանաան հանդիպումի մը ընթացքին որոշուեցաւ եռակողմանի հանդիպում մը կատարել իրենց եւ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի միջեւ` մէկ շաբթուան ընթացքին աւարտելու համար այդ թղթածրարին քննարկումը:

Ապա քննարկուեցաւ պետական հաստատութիւններու պաշտօնեաներու եւ բանակայիններու աշխատավարձի յաւելումներուն վերաբերող օրէնքը, որ յետաձգուեցաւ` նկատի ունենալով, որ անիկա պիտի վաւերացուի պետական ամավարկի շրջագիծին մէջ:

Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ առաջարկեց քաղաքապետարաններուն վրայ պարտադրուած տուրքերը զեղչելու օրինագիծ մը, որ մերժուեցաւ եւ փոխանցուեցաւ խորհրդարանական համապատասխան յանձնախումբին:

Խորհրդարանի օրէնսդրական նիստը աւարտեցաւ կէսօրուան ժամը 12:30-ին: Յաջորդ նիստը պիտի գումարուի երեքշաբթի, 7 փետրուար 2017-ին:

ՆՇԵՆՔ, որ վարչապետ Հարիրի երէկ երեկոյեան մեկնեցաւ Փարիզ: Անոր այցելութիւնը անձնական է եւ պիտի տեւէ քանի մը օր:

 

 

Նախորդը

Ռիաշի. «Տեղեկատուութեան Մարզը Ճնշելու Տրամադիր Չեմ, Սակայն Ասպարէզը Պաշտպանելն Ու Պատշաճութիւնը Յարգելը Հիմնական Է»

Յաջորդը

Մոկերինի Վերահաստատեց Եւրոպական Միութեան Զօրակցութիւնը Լիբանանին Եւ Գնահատեց Երկրին Մէջ Տիրող Քաղաքական Դրական Մթնոլորտը

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.