Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի. «Նախագահ Աունի Կեցուածքը Դրական Հարուած Է, Իսկ Խորհրդարանի Չգոյութիւնը Անկարելի Է»

January 28, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ինք կը զօրակցի կառավարութեան նիստին ընթացքին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կատարած այն յայտարարութեան, թէ ինք կը նախընտրէ խորհրդարանի չգոյութիւնը:

«Ես այդ կեցուածքը կը նկատեմ դրական հարուած մը եւ բառացի կերպով չեմ մեկնաբաներ, որովհետեւ ոչ ոք կը փափաքի խորհրդարանին չգոյութիւնը, հետեւաբար անկարելի է խորհրդարան մը չունենալ», ըսաւ Պըրրի:

Ան նշեց, որ նախագահ Աունի կատարած յայտարարութիւնը քաջալերական է եւ կը մղէ քաղաքական կողմերը ուղղուելու ընտրական նոր օրէնքի մը մշակումին, աւելցնելով, որ ընտրական նոր օրէնք մը ունենալու պարագային խորհրդարանին պաշտօնավարութեան թեքնիք երկարաձգումը կարելի է:

«Բայց եւ այնպէս խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը պիտի չերկարաձգենք: Ես եւ հանրապետութեան նախագահը համաձայն ենք այս իմաստով, եւ քաղաքական բոլոր ուժերը կը փափաքին երեսփոխանական ընտրութիւններու կայացումը», ըսաւ Պըրրի:

Խորհրդարանի նախագահը հաստատեց, որ նախագահական պալատին մէջ ընտրական նոր օրէնք մը մշակելու իմաստով կատարուած աշխատանքը` Ամալ շարժումի, Հըզպալլայի, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Մուսթաքպալ հոսանքի ներկայացուցիչներուն միջեւ, դարձեալ պիտի կրկնուի` շարունակելով խորհրդակցութիւնները:

Ան աւելցուց, որ ինք հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ եւ անոր փոխանցած քառակողմանի խորհրդակցութիւններուն մանրամասնութիւնները:

Պըրրի շեշտեց, որ ընտրական օրէնքի իմաստով խորհրդարանը մեծ քանակութեամբ առաջարկներ կատարած է, սակայն կառավարութեան առաքելութիւնն է վաւերացնել ընտրական նոր օրէնքը, ինչպէս խոստացուած էր նախարարաց խորհուրդի աշխատանքային ծրագիրով:

«Եթէ ընտրական նոր օրէնքի մը շուրջ համաձայնութիւն գոյանայ, ապա խորհրդարանը կը վաւերացնէ զայն ու անմիջապէս կ՛ուղղուի դէպի երեսփոխանական ընտրութիւններ», շեշտեց Պըրրի:

 

Նախորդը

«Պիտի Ջանանք Մեր Կարելին Ընել, Որպէսզի Լիբանանեան Ընկերութեան Բոլոր Շերտերը Զբօսաշրջութեան Բարիքներէն Օգտուին» Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

Յաջորդը

«Մեր Պատասխանատուութիւնն Է Կայունութիւնը Ապահովել» Շեշտեց Նախագահ Աուն

RelatedPosts

Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

October 24, 2026
Ուաշինկթըն. «Թաէֆի Համաձայնութեան  Ճշդած Լիբանանեան Քաղաքական Կառոյցի  Փոփոխութեան Առաջարկ Գոյութիւն Չունի»
Լիբանանեան

Ուաշինկթըն. «Թաէֆի Համաձայնութեան Ճշդած Լիբանանեան Քաղաքական Կառոյցի Փոփոխութեան Առաջարկ Գոյութիւն Չունի»

October 24, 2026
Ուալց. «Ժամանակն Է, Որ ՖԻՆԻՒԼ-ը  Հեռանայ Լիբանանէն»
Լիբանանեան

Ուալց. «Ժամանակն Է, Որ ՖԻՆԻՒԼ-ը Հեռանայ Լիբանանէն»

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.