Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Շնորհաւորեց Քուէյթի Իշխանը

January 30, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն քուէյթեան «Նահար» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շնորհաւորեց Քուէյթի շէյխ Սապահ Ահմետ Սապահ իշխանը` երկրին իշխանութիւնը ստանձնելուն 11-ամեակին առիթով:

Ան նշեց, որ քուէյթցի եղբայր ժողովուրդը ուրախութեամբ կը նշէ Սապահ իշխանի սահմանադրական իշխանութեան ստանձնումին 11-ամեակը, որովհետեւ իր ժողովուրդին վստահութիւնը վայելող Սապահ իշխանը երկիրը բարգաւաճեցուց` պահպանելով անոր կայունութիւնն ու զարգացումը:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ վերջին տասնամեակին Միջին Արեւելքը ապրեցաւ ճակատագրական փուլ մը, որուն ընթացքին Քուէյթի իշխանը առանցքային դերակատարութիւն ունեցաւ արաբական երկիրներուն եւ արաբ ղեկավարներուն միջեւ տեսակէտներու մերձեցում կատարելու առումով:

«Լիբանան, որ Քուէյթին զօրակցեցաւ անոր դիմագրաւած սեւ հանգրուանին ընթացքին, կը յիշէ, թէ ինչպէ՛ս Քուէյթ զօրակցեցաւ իրեն` շրջանային թէ միջազգային առումով, ապահովելու համար Լիբանանի իրաւունքներն ու պահպանելու համար երկրին անկախութիւնը», շեշտեց նախագահ Աուն:

Ան հաստատեց, որ Լիբանան կը ձգտի Քուէյթի հետ իր յարաբերութիւնները ամրապնդել եւ գործել ի խնդիր լիբանանցի ու քուէյթցի ժողովուրդներու փոխադարձ շահերու ապահովումին:

Միւս կողմէ, ֆրանսական «Էլ. Սէ. Ի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանան կը գտնուի վերջին առիթի մը դիմաց` վերականգնելու համար իր հզօր պետականութիւնը:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ ոչ ոք պէտք է պետութենէն աւելի հզօր ըլլայ` աւելցնելով, որ երկրին գերիշխանութիւնը պաշտպանելու համար իրենք կարիք ունին ապահովութեան ուժերու, որոնք միշտ պատրաստ են եւ արթուն կը հսկեն երկրին անվտանգութեան:

Այս շրջագիծին մէջ, նախագահ Աուն ընդգծեց լիբանանեան բանակին կարողութիւնները բարելաւելու կարեւորութիւնը` բարձր գնահատելով երկիրը ահաբեկչական վտանգներէն փրկելու բանակին զոհողութիւնները:

Անդրադառնալով Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին` նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանան զանոնք սրտանց եւ մարդկային մօտեցումով հիւրընկալած է, աւելցնելով սակայն, որ անոնք մինչեւ վերջ չեն կրնար Լիբանանի մէջ ապաստանիլ եւ պէտք է վերադառնան Սուրիա:

Նախագահական երկրորդ նստաշրջանի մը մասին մտածելու հաւանականութեան ակնարկող հարցումի մը պատասխանելով` նախագահ Աուն ըսաւ. «Ես երկրորդ նստաշրջանի մը մասին չեմ մտածեր, այլ կը փափաքիմ ունենալ պատրաստուած լաւ, ատակ եւ հզօր յաջորդ մը»:

Նախագահ Աուն յայտնեց, որ իրեն համար քաղաքականութիւնը այլոց օգնել է եւ ինքզինք պետութեան, ժողովուրդին, հայրենիքին ու գեղեցիկ բնութեան տրամադրութեան տակ դնել է:

 

 

Նախորդը

Շէյխ Ասատ Ասի Մահացաւ

Յաջորդը

Հայաստանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Նախկին Դեսպանը Իր Երկրի Արտաքին Գործոց Նախարարի Օգնականի Պաշտօնակատար Դարձած Է

RelatedPosts

Շէյխ Տրիան Եւ Դեսպան Պուխարի.  «Լիբանանի Փրկութիւնն Ու Կանգնումը Միայն  Զէնքի Վերջնական Մենաշնորհումով Է»
Լիբանանեան

Շէյխ Տրիան Եւ Դեսպան Պուխարի. «Լիբանանի Փրկութիւնն Ու Կանգնումը Միայն Զէնքի Վերջնական Մենաշնորհումով Է»

January 20, 2026
Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներ
Լիբանանեան

Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներ

January 20, 2026
Երիտասարդութեան Եւ Մարմնակրթութեան  Արաբ Նախարարներու Նիստը Աւարտեցաւ
Լիբանանեան

Երիտասարդութեան Եւ Մարմնակրթութեան Արաբ Նախարարներու Նիստը Աւարտեցաւ

January 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.