Ռիաշի. «Տեղեկատուութեան Մարզը Ճնշելու Տրամադիր Չեմ, Սակայն Ասպարէզը Պաշտպանելն Ու Պատշաճութիւնը Յարգելը Հիմնական Է»
Տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշի երէկ կէսօրէ առաջ նախարարութեան կեդրոնին մէջ նախագահեց Լսատեսողական լարատուամիջոցներու ազգային խորհուրդի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան խորհուրդի նախագահ Ապտել Հատի Մահֆուզ եւ ձայնասփիւռի ու պատկերասփիւռի կայաններուն ներկայացուցիչները: Ռիաշի շեշտեց, որ տեղեկատուութեան նախարարութիւնը լրագրողներուն եւ լրատուամիջոցներու սեփականատէրերուն նախարարութիւնն է` աւելցնելով, որ ինք անոնց մաս կը կազմէ: Ռիաշի յայտնեց, որ ոմանք բողոքած են «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանին եւ...




















