Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան հարցազրոյցի մը ընթացքին անհրաժեշտ նկատեց, որ տեղեկատուութեան մարզը վերջ տայ զբօսաշրջական հաստատութիւնները ցեխարձակումներու թիրախ դարձնելու երեւոյթին, որովհետեւ անիկա կը հարուածէ երկրին զբօսաշրջութեան եղանակը:
Ան շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ մշակուած են բժշկական զբօսաշրջութեան ծրագիրներ` նկատի ունենալով երկրին մէջ բժշկութեան զարգացած մարզը, ինչպէս նաեւ գեղեցկագիտական վիրաբուժութեան մարզի բարգաւաճումը:
Նախարար Կիտանեան ընդգծեց նաեւ ներքին եւ գիւղական զբօսաշրջութեան զարգացման կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ նախարարութիւնը կը ջանայ նաեւ բարելաւել արտաքին զբօսաշրջութիւնը` նկատի ունենալով երկրին մէջ տիրող քաղաքական եւ ապահովական կայունութիւնը:
Պատասխանելով հարցումի մը` նախարար Կիտանեան շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ աշխարհահռչակ վաճառանիշերու սակերը անտրամաբանական են:
«Զբօսաշրջութեան մարզին մէջ ամէն կարողութիւն ունինք նոր իշխանութեան մակարդակով գործելու եւ զբօսաշրջութիւնը բարելաւելու», ըսաւ ան` կոչ ուղղելով արտերկրի լիբանանցիներուն նուազագոյնը անգամուան մը համար վերադառնալու Լիբանան եւ վերստանալու լիբանանեան քաղաքացիութիւնը: