Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մոկերինի Վերահաստատեց Եւրոպական Միութեան Զօրակցութիւնը Լիբանանին Եւ Գնահատեց Երկրին Մէջ Տիրող Քաղաքական Դրական Մթնոլորտը

January 27, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան Պաապտայի մէջ ընդունեց Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինին` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Քրիսթինա Լասընի:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանան սկսած է հսկայ աշխատանքի մը` վերահաստատելու համար արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող ապահովական կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ կանոնաւորելու համար սահմանադրական հաստատութիւններուն աշխատանքը:

Նախագահ Աուն Լիբանանի անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Մոկերինիի` Եւրոպական Միութեան տրամադրած օժանդակութիւններուն համար` յոյս յայտնելով, որ Եւրոպական Միութիւնը կը շարունակէ տնտեսական եւ բարգաւաճման մարզերուն մէջ օժանդակել Լիբանանին:

Նախագահ Աուն ըսաւ, որ Լիբանանի զարթօնքը կ՛ընդգրկէ ելեկտրականութեան, ջուրի, ջրամբարներու, ճամբաներու, աղբի, ելեկտրոնային կառավարութեան, ինչպէս նաեւ այլ ծրագիրներու իրագործումը:

Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին` լիբանանցիներուն ձգտումներուն համապատասխանող եւ ոչ ոք իրաւազրկող պատշաճ օրէնքի մը գործադրութեամբ: Ան հաստատեց, որ ինք հաւատարիմ պիտի մնայ լիբանանցիներուն եւ ամբողջ աշխարհին դիմաց իր արտասանած երդման ճառին գործադրութեան:

Սուրիոյ տագնապին ակնարկելով` նախագահ Աուն նշեց, որ Լիբանան կը զօրակցի սուրիական տագնապի խաղաղ լուծման` աւելցնելով, որ սուրիացի գաղթականները Լիբանանի վրայ  հսկայական բեռ են:

Իր կարգին, Մոկերինի շնորհաւորեց նախագահ Աունը անոր ընտրութեան առիթով եւ շեշտեց, որ Եւրոպական Միութիւնը կ՛ողջունէ Լիբանանի սահմանադրական հաստատութիւններուն աշխատանքի վերսկսումը:

Ան ըսաւ, որ Եւրոպական Միութիւնը կառչած կը մնայ Լիբանանի զօրակցութեան եւ բարձր կը գնահատէ սուրիացի գաղթականներուն նկատմամբ Լիբանանի ցուցաբերած զոհողութիւնն ու անոնց տրամադրուած օժանդակութիւնները:

Մոկերինի ընդգծեց, որ Եւրոպական Միութիւնը պիտի շարունակէ նիւթական յատկացումներ կատարել եւ նեցուկ կանգնիլ սուրիացի գաղթականներուն հոգատարութեամբ զբաղող լիբանանեան հիւրընկալ ընկերութիւններուն:

Մոկերինի նախագահ Աունը հրաւիրեց այցելելու Եւրոպական Միութեան կեդրոնը` Պրիւքսէլ:

Պըրրիի Մօտ

Մոկերինի այցելեց նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որուն հետ քննարկեց խորհրդարանին աշխատանքները, յատկապէս Լիբանանի, շրջանին եւ Եւրոպայի համար կարեւոր նկատուող ծրագիրները գործադրելու հեռանկարները:

Մոկերինի նշեց, որ Պըրրիի հետ քննարկած է երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացումը, ինչպէս նաեւ ընտրական նոր օրէնք մը մշակելու կարեւորութիւնը:

«Եւրոպական Միութիւնը կատարեալ զօրակցութիւն կը յայտնէ Լիբանանի սահմանադրական հաստատութիւններու աշխատանքին», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ իրենց համար Պըրրի վստահելի անձնաւորութիւն մըն է, եւ իրենք համոզուած են, որ ի վերջոյ խորհրդարանը ընտրական օրէնքի մը շուրջ պիտի համաձայնի եւ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարէ:

Վարչապետարանին Մէջ

Մոկերինի, որ չորեքշաբթի գիշեր հասած էր Պէյրութ, իր ժամանումէն անմիջապէս ետք ուղղուած էր վարչապետարան, ուր ընդունուած էր վարչապետ Հարիրիի կողմէ:

Հանդիպումէն ետք Մոկերինի շեշտած էր, որ Եւրոպական Միութեան համար Լիբանան ռազմավարական գործընկեր է:

Մոկերինի բարձր գնահատած էր Լիբանանի մէջ ազգային միասնականութիւնն ու համերաշխութիւնը, ինչպէս նաեւ երկրին մէջ տիրող քաղաքական ներդաշնակութիւնն ու համախոհական մթնոլորտը:

Պասիլի Հետ

Պուսթրոս պալատին մէջ Մոկերինի հանդիպում մը ունեցաւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլի հետ:

Հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Պասիլ յայտնեց, որ

յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին արտաքին գործոց նախարարութիւնը պիտի կազմակերպէ ահաբեկչութեան դէմ խորհրդաժողով մը` աւելցնելով, որ Լիբանան պիտի գործակցի Եւրոպական Միութեան հետ` տնտեսական բարգաւաճման նպատակով:

Պասիլ հաստատեց, որ Լիբանան կը փափաքի Սուրիոյ պատերազմին խաղաղ լուծման ապահովումը եւ կը պահանջէ նախաձեռնել սուրիական քաղաքական տարբեր ուժերը իրարու մօտ բերելու եւ լուծումի մը յանգելու քայլերուն:

Իր կարգին, Մոկերինի յայտնեց, որ Լիբանան կատարած իր այցելութիւնը զօրակցութեան պատգամ է` շեշտելով, որ Լիբանանի հանդէպ Եւրոպական Միութեան զօրակցութիւնը պիտի շարունակուի:

Ժըմմէյզէ

Եւրոպական Միութեան Ժըմմէյզէի կեդրոնին մէջ Մոկերինի ընդունեց Պար Էլիասի պետական վարժարանի աշակերտութեան մէկ պատուիրակութիւնը եւ սուրիացի գաղթական երեխաներ, ներկայութեամբ` կրթութեան նախարար Մարուան Համատէի:

Մոկերինի դպրոցին յանձնեց անոր շահած Պոնի ժողովրդավարութեան միջազգային  մրցանակը` 10 հազար եւրոյի արժողութեամբ, բարձր գնահատելով Լիբանանի հիւրընկալութիւնը եւ կրթութեան նախարարութեան ցուցաբերած հոգատար մօտեցումը` սուրիացի գաղթական պատանիներուն ուսում ջամբելու առումով:

Աւարտելէ ետք Լիբանան կատարած իր պաշտօնական այցելութիւնը, երէկ երեկոյեան Մոկերինի մեկնեցաւ Պէյրութէն:

 

Նախորդը

Խորհրդարանը Համաձայն Գտնուեցաւ Բարգաւաճման Միջազգային Կազմակերպութենէն Վարկ Ստանալու Օրինագիծի Մը

Յաջորդը

Ռեքս Թիլըրսըն Պատասխանած Է Ցեղասպանութեան Մասին Հարցումներու

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.