Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Թրիփոլիի տնտեսական մարզի ներկայացուցիչներուն մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Առեւտուրի, ճարտարարուեստի եւ երկրագործութեան Թրիփոլիի եւ Հիւսիսային Լիբանանի պալատի նախագահ Թուֆիք Տապպուսի:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն յայտնեց, որ լիբանանեան պետութեան պատասխանատուութիւնն է կայունութիւնը ապահովել, որպէսզի տնտեսական մարզի ներկայացուցիչները իրենց աշխատանքը ապահով միջավայրի մէջ կատարեն եւ առիթ ունենան իրենց աշխատանքներուն ապագան ծրագրաւորելու:
Միւս կողմէ, «Ախպար» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին նախագահ Աուն յայտնեց, որ ինք շատ լուրջ է երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացումը կասեցնելու իմաստով իրեն տրուած իրաւասութիւնը օգտագործելու որոշում մը տալու առումով, եթէ 1960-ի ընտրական օրէնքը իբրեւ կատարուած իրողութիւն պարտադրուի:
Ան հարց տուաւ, թէ ինչպէ՞ս կարելի է ունենալ 8 տարուան խորհրդարան մը, որ ընտրական նոր օրէնք մը չի կրնար վաւերացնել` աւելցնելով, որ ինք իր կեցուածքներուն մէջ յստակ եղած է, եւ քաղաքական ուժերը առանց ժամանակ կորսնցնելու պէտք է ուղղուին ընտրական նոր օրէնք մը մշակելու` ապահովելու համար խորհրդարանին մէջ լիբանանցիներուն ճշգրիտ ներկայացուցչութիւնը: