
Լիբանանի մէջ ալեւի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Ասատ Ասի շաբաթ օր մահացաւ Զղարթայի «Մուաուատ» հիւանդանոցին մէջ:
Իր մահէն քանի մը օր առաջ շէյխ Ասի ենթարկուած էր կաթուածի մը եւ փոխադրուած հիւանդանոց:

Շէյխ Ասիի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ երէկ, Ժապալ Մըհսենի մէջ` ներկայութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի ներկայացուցիչ, նախարար Փիեռ Ռաֆֆուլի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Քասեմ Ապտել Ազիզի, բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի ներկայացուցիչ, գնդապետ-զօրավար Եուսեֆ Ժապերի, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի ներկայացուցիչ շէյխ Մոհամետ Սալեհի, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով հոգեւորականներու, քաղաքապետներու եւ թաղապետներու:
Նշենք, որ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան ցաւակցութիւն յայտնեց շէյխ Ասատ Ասիի մահուան առիթով եւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ կատարեց անոր ընտանեկան պարագաներուն եւ ալեւի համայնքի հոգեւոր պետի տեղակալ Մոհամետ Օսֆուրի հետ:
Տըրիան բարձր գնահատեց հանգուցեալ հոգեւոր պետին ազգային դերակատարութիւնը` լիբանանեան միասնականութեան ամրապնդման ի խնդիր:


