Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Բանակի Հիմնադրութեան 25-Ամեակի Նշում` Հարաւային Լիբանանի Շամաա Գիւղին Մէջ

Յունուար 30, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Դուք Կը Կատարէք Խաղաղապահ Առաքելութիւն`  Քաջ Գիտակցելով, Որ Ի՛նչ Կը Նշանակէ Անիկա  Իւրաքանչիւր Երկրի Եւ Ընտանիքի Համար»    Շեշտեց Քափիթեն Աթոյեան

ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ

ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն մաս կազմող հայկական զօրախումբը` դեսպան Մկրտչեանի եւ գնդապետ-զօրավար Չիլլոյի հետ

Հարաւային Լիբանանի Շամաա գիւղին մէջ գտնուող ՖԻՆԻՒԼ-ի արեւմտեան զօրանոցին մէջ 28 յունուարին տիրեց տօնական մթնոլորտ:

2014-ին Լիբանան եկած եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի իտալական այդ զօրանոցին մէջ ծառայող հայկական ուժերը պիտի նշէին հայոց բանակի հիմնադրութեան 25-ամեակը:

Այս առիթով Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեան, ինչպէս նաեւ խումբ մը լիբանանահայեր եւ ՀԵԸ-ի սկաուտներ ուղղուեցան հարաւ` մասնակցելու համար պաշտօնական հանդիսութեան եւ աւելի ուշ հաց կիսելու ու ընկերային մթնոլորտի մը մէջ բարեմաղթութիւններ փոխանցելու զինուորներուն:

Հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահ ուժերու առաքելութեան մաս կազմող այլ երկիրներու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի մէջ գործող հայ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ:

Պաշտօնական հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ կէսօրուան ժամը 12:00-ին, ՖԻՆԻՒԼ-ի արեւմտեան զօրանոցին մէջ գտնուող սրահներէն մէկուն մէջ:

Հանդիսութիւնը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութեամբ եւ Լիբանանի, Հայաստանի հանրապետութեան եւ ՄԱԿ-ի դրօշակներուն դէպի սրահ տողանցքով:

Ապա ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող հայկական 5-րդ ջոկատը` գլխաւորութեամբ ջոկատի հրամանատար քափիթեն Կարէն Աթոյեանի, ողջունեց դեսպան Մկրտչեանը:

Մկրտիչ քհնյ. Քէշիշեան կ՛օրհնէ հայկական զօրախումբը

Մկրտիչ քհնյ. Քէշիշեան «Տէրունական աղօթք»-ով եւ պահպանիչով օրհնեց հայկական ջոկատն ու ներկաները:

Դերգնդապետ Պորսերինի գնահատագիրներ յանձնեց խումբ մը հայ զինուորներու

Քափիթեն Աթոյեան ողջունեց ներկաները` երախտագիտութիւն յայտնելով, որ իրենց համար մեծ պատիւ է, որ այս առիթով անոնք կը գտնուին հայկական ջոկատի կողքին:

«Հայաստանի Հանրապետութեան համար այսօր իւրայատուկ օր է: Այսօր բանակին օրն է եւ հայ զինուորին օրը: Կը խնդրեմ, որ բոլորս մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգենք նահատակ զինուորներուն յիշատակը», ըսաւ ան:

Նահատակներուն յիշատակը մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելէ ետք, քափիթեն Աթոյեան 1992-ին հիմնուած հայոց բանակին 25-ամեակին առիթով շնորհաւորեց ներկաները եւ իր խօսքը ուղղելով հայկական զօրախումբին ըսաւ.

Դեսպան Մկրտչեան գնահատագիրներ կը յանձնէ Կ. Աթոյեանի եւ զօրախումբին մաս կազմող զինուորներուն

«Դուք կը գտնուիք  շարքերուն մէջ այն երկրի բանակին, որ տարիներ շարունակ պաշտպանած է իր երկրի պետական սահմանները, եւ այսօր դուք ձեր պարտքը կատարած էք հպարտութեամբ: Ամիսներ առաջ դուք կը գտնուէիք ղարաբաղեան սահմանագիծին վրայ եւ ձեր առաքելութիւնը ճիշդ կերպով կատարած էք: Դուք հասկցած էք խաղաղութեան գինը` ձեր սեփական մարմինին վրայ զգալով արկերու մահաբեր սարսուռը: Զգացած էք, թէ ինչպէ՛ս մայրը կը սգայ իր որդւոյն կորուստը, նոյնիսկ եթէ ան հերոսացած է: Եւ այժմ դուք կը գիտակցիք խաղաղութեան արժէքին: Իսկ այսօր դուք կը կատարէք խաղաղապահ առաքելութիւն` քաջ գիտակցելով, որ ի՛նչ կը նշանակէ խաղաղապահ առաքելութիւն իւրաքանչիւր երկրի եւ ընտանիքի համար», շեշտեց քափիթեն Աթոյեան` բոլորին մաղթելով խաղաղ ծառայութիւն եւ խաղաղ երկինք:

Սամուէլ Մկրտչեան շնորհակալագիրներ կը յանձնէ գնդապետ Ֆատի Ըսթֆենի…
… դերգնդապետ Իվանօ Պորսերինիի
… եւ գնդապետ-զօրավար Ուկօ Չիլլոյի

Ապա խօսք առաւ դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, որ յայտնեց, թէ այսօր յատկանշական օր մըն է, որովհետեւ անիկա հայոց բանակին հիմնադրութեան օրն է:

«Ձեր նախորդները, ծառայող բոլոր զինուորները, որոնք դրած են բանակին հիմքը, իրենց առաքելութեան սկսած են Հայաստանի անկախութեան հռչակման առաջին օրերէն իսկ: Անոնք մարտնչած են հայ ժողովուրդի դարերով երազած նպատակներուն համար, ազատութեան ձեռքբերումին համար եւ ի վերջոյ կրցած են ձեւաւորել հայոց բանակի հիմքերը: Այդ բանակը կը շարունակէ ծառայել մեր ժողովուրդին, մեր պետութեան անկախութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան պաշտպանութեան ու համազգային նպատակներու իրականացման:

«Սակայն անկախ այդ առաքելութենէն, հայոց բանակը գիտակցած է նաեւ, որ միայն հայրենիքի սահմանները պահպանելով չէ հայ զինուորին առաքելութիւնը, այլ` անհրաժեշտ է ամրապնդուիլ ու ծառայել աւելի լայն նպատակներու իրագործման համար:

«Այդ որոշումը տրուեցաւ, եւ հայոց բանակի խաղաղապահ զօրամասերը ստանձնեցին միջազգային զինուորական առաքելութիւն, եւ իբրեւ այդպիսին իրենց մասնակցութիւնը բերին ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժերուն: Այս շրջագիծին մէջ, հայկական ուժերը 2004-ին ծառայեցին Քոսովոյի մէջ, ապա Աֆղանիստանի, իսկ այսօր կը ծառայեն նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ», յայտնեց դեսպան Մկրտչեան:

Ան բարձր գնահատեց միջազգային խաղաղապահ ուժերուն առաքելութիւնը` նշելով, որ աւելի ազնիւ գործ չկայ, քան երկրի մը եւ ժողովուրդի մը խաղաղութեան ապահովումը, աւելցնելով, որ հայոց բանակը ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն շրջագիծին մէջ կը ծառայէ ի խնդիր այդ ազնիւ նպատակի իրագործման:

«Անփորձանք մնացէ՛ք եւ ծառայեցէ՛ք ի խնդիր Լիբանանի խաղաղութեան եւ ժողովուրդի կայուն բարգաւաճման ու զարգացման», շնորհաւորեց դեսպանը հայկական զօրամասին:

Դեսպան Մկրտչեան` խօսքի պահուն

Սամուէլ Մկրտչեան շնորհաւորեց զօրախումբին անդամները` անոնց մաղթելով ուժ եւ կորով. ան ընդգծեց, որ վերջերս ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու հրամանատար զօր. Մայքըլ Պիրիի կողմէ հայոց բանակին 25-ամեակին առիթով յղուած շնորհաւորագիրի մը մէջ հաստատուած է, թէ հայ զինուորները մասնագիտական պատրաստուածութեամբ գնահատելի աշխատանք կը տանին ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն ծառայութեան շրջագիծին մէջ:

Ան մաղթեց, որ հայկական զօրամասը իր ծառայութիւնը նոյն ձեւով կը շարունակէ` բարձր պահելով Հայաստանի Հանրապետութեան եւ հայոց բանակի պատիւն ու վարկը: «Անվտանգ ծառայութիւն եւ բոլորիդ վարձքը կատար», եզրափակեց դեսպան Մկրտչեան:

Ապա դեսպանը շնորհակալագիրներ եւ պարգեւներ յանձնեց ՖԻՆԻՒԼ-ի արեւմտեան զօրանոցի հրամանատար գնդապետ-զօրավար Ուկօ Չիլլոյի, լիբանանեան բանակի յարաբերականի ներկայացուցիչ գնդապետ Ֆատի Ըսթֆենի եւ մարտական գործողութիւններու աջակցող գումարտակի հրամանատար դերգնդապետ Իվանօ Պորսերինիի:

Դեսպան Մկրտչեան գնահատագիրներ յանձնեց նաեւ քափիթեն Կարէն Աթոյեանի, քափիթեն Կարուշ Նահապետեանի, ենթասպայ Կարէն Գաբոյեանի, յիսնապետ Արմէն Պօղոսեանի եւ յիսնապետ Նուէր Ազարեանի:

Գնդապետ Չանքարելլօ գնահատագիր մը կը յանձնէ քափիթեն Աթոյեանի

Ապա ՖԻՆԻՒԼ-ի արեւմտեան զօրանոցի պատասխանատու գնդապետ Լիպօ Չանքարելլօ գնահատագիր մը յանձնեց քափիթեն Կարէն Աթոյեանի:

Իր կարգին, դերգնդապետ Իվանօ Պորսերինի գնահատագիրներ յանձնեց խումբ մը հայ զինուորներու:

Ապա ընթերցուեցաւ հայոց բանակի խաղաղապահ ուժերու հրամանատար հազարապետ-զօրավար Արթուր Սիմոնեանի ողջոյնի խօսքը, ինչպէս նաեւ անոր յղած գնահատագիրները յանձնուեցան հայկական զօրախումբին մէջ ծառայող կարգ մը զինուորներու:

Պաշտօնական ձեռնարկի աւարտէն ետք ցուցադրուեցաւ Հայաստանի մասին տեսերիզ մը, որ մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեց սրահին մէջ գտնուող օտար երկիրներու ներկայացուցիչներուն մօտ:

Հայկական աւանդական ճաշերու հիւրասիրութիւն

Ապա տեղի ունեցաւ հայկական աւանդական ճաշերու հիւրասիրութիւն, որ պատրաստուած էր խումբ մը լիբանանահայերու կողմէ, իսկ աւելի ուշ դեսպան Մկրտչեան եւ քափիթեն Աթոյեան հատեցին բանակի 25-ամեակին նուիրուած կարկանդակը:

Կարկանդակի հատում

32 զինուորներէ բաղկացող հայկական զօրախումբի անդամները երգեցին ազգային երգեր եւ շուրջպար պարեցին ներկաներուն հետ:

ՀԵԸ-ի սկաուտները իրենց կարգին ներկայացուցին բուրգ-պարը, իսկ Մկրտիչ քհնյ. Քէշիշեան զինուորներուն նուիրեց օրհնուած խաչեր` անոնց մաղթելով անփորձանք ծառայութիւն:

Այս առիթով հայկական դեսպանատան պատուիրակութեան հետ Շամաա ուղղուած «Ազդակ»-ի պատուիրակութիւնը յատուկ հարցազրոյց մը ունեցաւ քափիթեն Կարէն Աթոյեանի հետ:

Քափիթեն Կարէն Աթոյեան

Քափիթեն Աթոյեան յայտնեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու ծիրին մէջ գործող հայկական զօրամասը կը ծառայէ իտալական զօրաբաժանումի կազմին մէջ:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ  հայկական բանակի խաղաղապահ ուժերը ե՞րբ սկսած են մաս կազմել ՄԱԿ-ի ուժերուն, քափիթեն Աթոյեան յայտնեց, որ հայկական խաղաղապահ ուժերու ստորաբաժանման կողմէ ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժերու առաքելութեան մասնակցելու յուշագիրը ստորագրուած է 2001-ին, Նիւ Եորքի մէջ:

Իսկ 2004-ին հայկական խաղաղապահ ուժերը առաջին անգամ ըլլալով ծառայած են Քոսովոյի մէջ: «Այդ ժամանակ հայկական զօրախումբը ծառայած է յունական զօրաբաժանումի կազմին մէջ: 2005-2009 հայկական խաղաղապահ ուժերը մասնակցած են Իրաքի մէջ իրագործուած խաղաղապահ առաքելութեան: 2010-ին հայկական խաղաղապահ ուժերը իրենց առաքելութիւնը կատարած են Աֆղանիստանի մէջ: Իսկ 2014-էն ի վեր հայկական զօրախումբը իր խաղաղապահ առաքելութիւնը կը կատարէ Լիբանանի մէջ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ ներկայիս կը քննարկուի ՖԻՆԻՒԼ-ի մէջ հայկական զօրախումբի քանակը աւելցնելու իտալական առաջարկը` յոյս յայտնելով, որ անձնակազմին թիւը կ՛աւելնայ:

Հարաւային Լիբանանի հայկական խաղաղապահ ուժերու ջոկատը

Քափիթեն Աթոյեան յայտնեց, որ հայկական զօրախումբին մաս կը կազմեն 32 հայ զինուորներ, որոնցմէ երեքը` սպաներ: Ան նշեց, որ հայ զինուորները կը գործուղուին վեցամսեայ ժամկէտով:

Քափիթեն Աթոյեան յայտնեց, որ ըստ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ստորագրած յուշագիրին, Լիբանանի մէջ հայ զինուորները կը ծառայեն իբրեւ պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան ուժեր:

Ան նկատել տուաւ, որ հայկական զօրախումբին գործողութիւնները օտար  ազգերու խաղաղապահ ուժերուն հետ կը կատարուին պաշտօնական, ընկերային եւ մշակութային մակարդակներու վրայ, «իսկ հայկական ուժերը առայժմ ստանձնած են իտալական զօրաբաժինի պաշտպանութիւնն ու անվտանգութիւնը», նշեց Աթոյեան:

Դժուարութիւններ դիմագրաւելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` քափիթեն Աթոյեան յայտնեց, որ «հայկական խաղաղապահ ուժերը կատարելագործած են իրենց հմտութիւնները եւ ունակութիւնները, հետեւաբար դժուարութիւններ դիմագրաւելու առումով հարցեր չկան, սակայն կը կարծեմ, որ մեծագոյն դժուարութիւնը վեցամսեայ ժամկէտով ծառայութիւնն է, որովհետեւ զինուորները իրենց հարազատներէն երկար տեւողութեամբ հեռու կը գտնուին»:

Քափիթեն Աթոյեան շեշտեց, որ միջազգային խաղաղութեան մէջ հայկական ուժերը կ՛ունենան իրենց ներդրումը, եւ հայոց բանակի 25-ամեակին առիթով շնորհաւորեց բոլոր հայ զինուորականներն ու անոնց ընտանիքները: «Իսկ իմ պատգամս անոնց պիտի ըլլայ այն, որ իւրաքանչիւր զինուորական անընդհատ կատարելագործէ իր հմտութիւնները, բարձր պահէ իր մարտական պատրաստականութեան աստիճանը եւ ըլլայ գաղափարապէս, հոգեպէս եւ ֆիզիքապէս առողջ: Խաղաղութի՛ւն բոլորին», եզրափակեց հրամանատարը:

Կը մնայ մաղթել, որ այդքան հայրենասէր ու հայ զինուորով հպարտացող լիբանանահայութիւնը, իր կազմակերպութիւններով ու միութիւններով աւելի յաճախակի դարձնէ ՖԻՆԻՒԼ-ին մաս կազմող հայկական զօրամասին իր այցելութիւնները, որպէսզի իր պաշտպանութեան համար Լիբանանի սահմանագիծին վրայ գտնուող հայ զինուորը իր կարգին նաեւ օտար չզգայ` իմանալով, որ ինք կը վայելէ լիբանանահայութեան մեծ ընտանիքին սէրն ու զօրակցութիւնը:

 

 

 

Նախորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան Զինուած Ուժերու Կազմաւորման 25-Ամեակին Առիթով. Նախագահ Սերժ Սարգսեան Այցելած Է «Եռաբլուր» Պանթէոն

Յաջորդը

Թենիս. Ռոժէ Ֆետերեր Եւ Սերենա Ուիլիըմզ Տիտղոսակիրներ` Աւստրալիոյ Մէջ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Պէյրութը Բոլոր Համայնքներուն Մայրաքաղաքն Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Պէյրութը Բոլոր Համայնքներուն Մայրաքաղաքն Է

Մայիս 14, 2025
ՀՅԴ-ի Այնճարի Քաղաքապետական Խորհուրդի  Առաջադրած Ցանկը Ընտրուած Է` Մրցակիցի  Չգոյութեան Բերումով
Գաղութային

ՀՅԴ-ի Այնճարի Քաղաքապետական Խորհուրդի Առաջադրած Ցանկը Ընտրուած Է` Մրցակիցի Չգոյութեան Բերումով

Մայիս 14, 2025
Թրամփ. «Պատրաստ Ենք Լիբանանին Օգնելու  Տնտեսական Բարգաւաճման Եւ Իր Դրացիներուն Հետ  Խաղաղութեան Ապագայ Կառուցելու Համար»
Լիբանանեան

Թրամփ. «Պատրաստ Ենք Լիբանանին Օգնելու Տնտեսական Բարգաւաճման Եւ Իր Դրացիներուն Հետ Խաղաղութեան Ապագայ Կառուցելու Համար»

Մայիս 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?