
Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էմանուէլ Պոն նախանցեալ օր այցելեց Արսալի եւ Լապուէի մէջ գտնուող բանակի զօրանոցները` հասնելով մինչեւ լիբանանեան-սուրիական սահման:
Ան ըսաւ, որ լիբանանեան բանակը արժանի է ամէն տեսակ զօրակցութեան` նկատի ունենալով անոր դժուար առաքելութիւնը:
Պոն ընդգծեց, որ ֆրանսական պետութիւնը նեցուկ կը կանգնի լիբանանեան բանակին:
Միւս կողմէ, բանակը նախանցեալ գիշեր Թրիփոլիի մէջ խստացուց իր հսկողութիւնը, երբ շրջանառութեան մէջ դրուեցան այնպիսի լուրեր, թէ ականուած ինքնաշարժ մը մուտք գործած է քաղաք:
Նշենք, որ պետական անվտանգութեան ուժերը երէկ Քըպէյաթի մէջ ձերբակալեցին սուրիացի Մ. Մ.-ն, որ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու հետ կը գործակցէր:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, բանակը որդեգրած է ապահովական եւ գումակային միջոցառումներ` վերաբանալու համար հիւսիսային Պեքաայի Ժուսիէի անցքը: Բանակը որոշած է նաեւ Լիբանանի արեւելեան սահմաններուն` Քաայի մօտակայքը յաւելեալ զօրանոցներ հիմնել:


