Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

February 2, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ուժեր երէկ ստուգեցին Ղաժար գիւղաքաղաքի եւ Ուատի Ասալի միջեւ գտնուող դարպասին վրայ զետեղուած ելեկտրոնական սարքերը: Ստուգման այդ աշխատանքին զուգահեռ, իսրայէլեան շրջուն ջոկատներ խստացուցին սահմանամերձ շրջանի հսկողութիւնը:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի յայտնեց, որ իր կառավարութեան վաւերացուցած ընտրական օրէնքը հաւասարակշռուած է եւ արդար ներկայացուցչութիւն կ՛իրականացնէ:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահութեան հարցերու պետական նախարար Փիեռ Ռաֆֆուլ յայտնեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա ոչ մէկ հարց ունի Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ հանդիպելու: Ան աւելցուց, որ եթէ նման որոշում տրուի, ապա երկու ղեկավարներուն միջեւ այդ հանդիպումը պիտի կայանայ:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Մըլհեմ Ռիաշի թուիթըրեան իր գրառումով շեշտեց, որ իրաւունքը իրաւունք է, որքան ալ զայն արգիլելու փորձեր կատարուին, իսկ անիրաւութիւնը` անիրաւութիւն, որքան ալ զայն արդարացնելու փորձեր կատարուին:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ կոչ ուղղեց գործադրելու Թաէֆի համաձայնագիրը` շեշտելով, որ խորհրդարանը թափուր պահելու սպառնալիքները հակասահմանադրական են:

ԱՍՈՐԻՆԵՐՈՒ լիկան երէկ նամակ մը յղեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին` անկէ խնդրելով, որ չարտօնէ քրիստոնեայ համայնքին քաղաքական սպանդը:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոս շեշտեց, որ խառն ընտրական օրէնքը բացարձակապէս մերժելի է, որովհետեւ անիկա քաղաքական կարգ մը ուժերուն համեմատ չափուած ու ձեւուած է:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ խառն ընտրական օրէնքը միակն էր, որ  մնացեալ բոլոր օրէնքներէն տարբեր էր եւ կարելի էր ընդունիլ:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի տեղեկատուական հարցերու պատասխանատու, իրաւաբան Սլէյման Ֆրենժիէ յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի երդման ճառն ու արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի առաջարկած ընտրական օրէնքը իրարու հետ կը հակադրուին:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպումի երեսփոխան Անթուան Սաատ շեշտեց, որ ընտրական բոլոր օրէնքները, որոնք կը ներկայացուին լիբանանեան քաղաքական ուժերուն կողմէ, կը հակադրուին Թաէֆի համաձայնագիրին:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն յայտնեց, որ իրենք կը փափաքին մշակել ընտրական նոր օրէնք մը` աւելցնելով, որ ընտրական ամէն տեսակի օրէնքի հետ կատարեալ ճկունութեամբ կը վարուին:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի յայտնեց, որ ընտրական օրէնքին վերաբերող տարակարծութիւնները համամասնական դրութեամբ ընտրական օրէնքին վրայ կը կեդրոնանան` աւելցնելով, որ ընտրական նոր օրէնք մը մշակելու համար հանդիպումներ կայացնող քառակողմ հանդիպումը քաղաքական ոչ մէկ ուժի հաշուոյն անիրաւութիւն կ՛ուզէ գործել:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի շեշտեց, որ Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախաձեռնութիւնը ընտրական օրէնքին գնդակը կը զետեղէ նախագահական պալատի դաշտին վրայ:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, ահաբեկչութեան դէմ պայքարող բարձրաստիճան զինուորական մը ուղղակի սպառնալիքներ կը ստանայ ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական կազմակերպութեան պատասխանատուներէն մէկուն կողմէ:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով ապահովական աղբիւրներէ, հաստատեց, որ ապահովական ուժերը Համրայի ահաբեկիչին` Օմար Ասիի հետ իրենց հարցաքննութիւնը աւարտած են: Նոյն աղբիւրները աւելցուցին, որ Ասի չի զղջար իր ներկայ ընթացքին համար:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի շեշտեց, որ ինք պիտի շարունակէ իր պաշտօնավարութիւնը` աւելցնելով, որ կառավարութեան ձգուած է իր պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու կամ անոր վերջ տալու որոշումը:

 

Նախորդը

Ներգաղթեալներու Վերաբերեալ Հրամանագիրին Հարցով. Սան Ֆրանսիսքոյի Իշխանութիւնները Դատ Բացած Են Թրամփի Դէմ

Յաջորդը

Մուսթաքպալ Պլոքը Կը Մերժէ Ամբողջական Համամասնականութիւն Պարտադրել Ընտրութիւններու Պարագային

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.