Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանան տակաւին ապահովական մարտահրաւէրներու դիմաց կը գտնուի` աւելցնելով, որ պէտք է կազմ ու պատրաստ մնալ` վերջ տալու համար վտանգներուն հաւանականութեան եւ շարունակելու համար գետնի վրայ պարտադրուած կայունութիւնը:
Զօր. Քահուաժի շեշտեց, որ բանակը կը ծառայէ «Ապահովութիւնը ապահովութեան համար» կարգախօսով, ընդգծելով, որ բանակին մարտական եւ գաղտնի սպասարկութեան գործողութիւնները քաղաքական օրակարգերէ եւ շահերէ կախեալ չեն:
«Ահաբեկչութեան վտանգը միշտ ալ առկայ է, սակայն բանակը իր պատրաստ վիճակով կը փորձէ կանխարգիլել որեւէ փորձանք կամ ահաբեկչութիւն, եւ այդ պատճառով ալ ան կը հալածէ ահաբեկիչները եւ իրենց որջերուն մէջ կը սպաննէ կամ կը ձերբակալէ զանոնք` կանխելով ահաբեկչական որեւէ գործողութիւն», շեշտեց զօր. Քահուաժի:
Ան հաստատեց, որ բանակը պիտի գործէ նախապէս յայտարարուած «Ահաբեկչութեան դէմ ահաբեկչութիւն» նշանաբանով:
Բանակին նահատակներուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` զօր. Քահուաժի շեշտեց, որ բանակը իր նահատակներուն իրաւունքը չի մոռնար, իսկ բանակին դէմ յարձակումներուն մեղսակցողներուն մեծ մասը սպաննուած է կամ ձերբակալուած:
Զօր. Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց երեսփոխան Պահիա Հարիրին, որուն հետ քննարկեց երկիրը յուզող շարք մը հարցեր: