Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռիաշի Ռիչըրտի, Պուխարիի Եւ Շամիսիի Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւնները

February 3, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշի երէկ կէսօրէ առաջ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու հեռանկարները:

Նախարար Ռիաշիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան գործակատար Ուալիտ Պուխարի: Քննարկուեցան լիբանանեան-սէուտական գործակցութիւնը բարելաւելու կարելիութիւնները:

Ռիաշիի այցելուներէն եղաւ նաեւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպան Համատ Սայիտ Շամիսի, որ շեշտեց, թէ այցելութեան նպատակն էր ծանօթանալ եւ շնորհաւորել նախարար Ռիաշին` անոր փոխանցելով յաջողութեան բարեմաղթութիւններ:

Միւս կողմէ, հարցազրոյցի մը ընթացքին նախարար Ռիաշի շեշտեց, որ լիբանանցի ակնդիրը նեղացած է «Թէյք մի աութ» յայտագիրէն, եւ «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանի տնօրէն Փիեռ Տահեր խոստացած է նոյն յայտագիրին սփռուելիք մնացեալ բաժինները ցոյց տալ նախարարութեան, «եւ այդ պատճառով է, որ «Թէյք մի աութ» յայտագիրին սփռումը չկասեցուցինք», ըսաւ ան:

Ռիաշի յայտնեց, որ այնքան ատեն որ ինք տեղեկատուութեան նախարար է, լիբանանցիներուն բնակարաններուն մէջ լիբանանեան կայաններուն կողմէ պարկեշտ յայտագիրներ պիտի սփռուին: «Իմ պաշտօնավարութեանս օրով ազատութիւնները պիտի չճնշուին, սակայն կան յայտագիրներ, որոնք սփռուելու մակարդակն ու չափանիշները չեն ամբողջացներ», ըսաւ ան:

Ռիաշի դիտել տուաւ, որ տեղեկատուութեան մարզը Դ. իշխանութիւնը չէ, այլ` Ա. իշխանութիւնը, ընդգծելով, որ իրենք յանձնառու են անոր արժէքը պահպանելու, եւ այդ առնչութեամբ կատարուող որեւէ յայտարարութիւն անընդունելի է:

Անդրադառնալով ընտրական նոր օրէնքին` Ռիաշի յայտնեց, որ խառն ընտրական օրէնքը տակաւին առկայ է` աւելցնելով, որ անիկա ընտրական նոր օրէնք մը վաւերացնելու սկիզբը կարելի է նկատել:

Ան շեշտեց, որ երբ ընտրական այդ օրէնքը հրապարակուի, այդ պարագային է, որ յստակ որոշումներ պիտի տրուին` երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարելու, թէ թեքնիք կերպով զանոնք յետաձգելու իմաստով:

Հըզպալլայի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւններուն միջեւ յարաբերութիւններուն մասին խօսելով` Ռիաշի շեշտեց, որ երկուքին քաղաքական տեսակէտներուն միջեւ կան էական տարբերութիւններ, սակայն իրարու միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու մշակումը չի նշանակեր, որ այդ տարակարծութիւնները լուծուած են: «Իմ առած քայլերուս նպատակն է կապ հաստատել, եւ այս իմաստով Հըզպալլայի ներկայացուցիչները առաւելագոյն չափով դրական կեցուածք ցուցաբերեցին», ըսաւ Ռիաշի:

 

Նախորդը

Պասիլ. «Առանց Լիբանանեան Քաղաքացիութիւնը Վերստանալու Լիբանանն Ու Անոր Իւրայատկութիւնը Կրնանք Կորսնցնել»

Յաջորդը

Բանակի Գաղտնի Սպասարկութիւնը Ձերբակալեց Սաատ Ռիշան Առեւանգելու Գործողութեան Պատասխանատուն

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.