Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ այցելեց Սահմանադրական խորհուրդ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ խորհուրդի նախագահ, դատաւոր Իսամ Սլէյմանի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին վարչապետ Հարիրի Սլէյմանին յանձնեց իր ունեցուածքին մասին տեղեկագիր մը:
Մեկնումի պահուն Հարիրի շեշտեց, որ ինք եւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն պահպանելու համար թափանցիկութիւնը` աւելցնելով, որ ինք ենթակայ է օրէնքին եւ իբրեւ վարչապետ կը յարգէ կարգն ու կանոնը:
Վարչապետարանին մէջ Հարիրի ընդունեց Ժողովրդավարական հանդիպումի պլոքի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն անունով երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, թէ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը կտրականապէս կը մերժէ քննարկուող ընտրական օրէնքները, իսկ բացարձակապէս կը մերժէ համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած օրէնքը:
Միւս կողմէ, Հարիրի վարչապետարանին մէջ ընդունեց ասորի կաթողիկէ համայնքի Իգնատիոս Եուսեֆ Գ. Եունան պատրիարքը, որ իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց վարչապետին եւ խնդրեց, որ ասորի կաթողիկէ եւ ասորի ուղղափառ համայնքները խորհրդարանին մէջ ներկայացուին երկու երեսփոխաններով` ասորի կաթողիկէ եւ ասորի ուղղափառ: