Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախարար Կիտանեան Կը Հետապնդէ Զբօսաշրջութեան Մարզը Աշխուժացնելու Միջոցները

Փետրուար 1, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Առեւտուրի, ճարտարարուեստի եւ երկրագործութեան Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի պալատին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում-զրոյց մը, որուն մասնակցեցան պալատի նախագահ Մոհամետ Շքէյր, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, ինչպէս նաեւ զբօսաշրջութեան մարզի պատասխանատուներ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի զբօսաշրջութիւնը զարգացնելու ձեւերն ու միջոցները` օգտուելով երկրին մէջ տիրող քաղաքական եւ ապահովական կայունութենէն, ինչպէս նաեւ Ծոցի երկիրներուն հետ Լիբանանի յարաբերութիւններուն բնականոն ընթացքի վերահաստատումէն:

Իր խօսքին մէջ առեւտուրի, ճարտարարուեստի եւ երկրագործութեան Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի պալատի նախագահ Մոհամետ Շքէյր յայտնեց, որ այս հանդիպումը կը դրսեւորէ նախարար Կիտանեանի յանձնառութիւնն ու բծախնդրութիւնը` զբօսաշրջութեան մարզի բոլոր ներկայացուցիչներուն հետ գործակցելու, որպէսզի երկրին զբօսաշրջութեան մարզը դրական աշխուժութիւն ապրի եւ անոր մակարդակը բարձրանայ:

Նախարար Կիտանեան իր կարգին, շեշտեց, որ Լիբանան կը գտնուի զբօսաշրջութեան մարզը վերաշխուժացնելու եւ վերականգնելու ուղիին վրայ, «հետեւաբար կը պահանջուի, որ բոլորը գործակցին այս իմաստով», ըսաւ ան:

Ա. Կիտանեան ընդգծեց, որ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը պիտի զօրակցի զբօսաշրջական մարզի բոլոր հաստատութիւններուն եւ պիտի քաջալերէ բոլոր այն որոշումները, որոնք Ծոցի եւ այլ երկիրներէ արաբ եւ օտար զբօսաշրջիկներ կ՛ապահովեն Լիբանանին:

Ան նշեց, որ զբօսաշրջութեան մարզը Լիբանանի համար տնտեսական հիմնական դերակատարութիւն ունի եւ անոր հզօրացումը կ՛ապահովէ տնտեսական այլ մարզերու հզօրացումը:

Նախարար Կիտանեան նաեւ յայտնեց, որ ինք լաւատես է ամրան եղանակին ընթացքին զբօսաշրջութեան մարզին արձանագրելիք բարելաւումով` նկատի ունենալով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի Սէուտական Արաբիա եւ Քաթար կատարած պաշտօնական այցելութիւններն ու արաբ զբօսաշրջիկներուն կողմէ Լիբանան կատարուելիք զբօսաշրջական այցելութիւնները վերահաստատելու խոստումները:

Ա. Կիտանեան ընդգծեց զբօսաշրջական հաստատութիւններուն միջեւ գործակցութեան կարեւորութիւնը` հաստատելով, որ նախարարութիւնը պիտի յայտարարէ սովորականէն աւելի նուազ գինով զբօսաշրջական փաթեթը, որ պատրաստուած է «Միտըլ Իսթ» օդանաւային ընկերութեան կողմէ:

Նշենք, որ «Միտըլ Իսթ» օդանաւային ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Մոհամետ Հութ պատրաստակամութիւն յայտնեց ընդառաջելու սովորականէն աւելի նուազ գինով զբօսաշրջական փաթեթներուն` զօրակցելու համար Լիբանանի զբօաշրջութեան եւ լիբանանեան տնտեսութեան բարգաւաճման:

Հանդիպում Ապու Ղազալէի Հետ

Նախարար Կիտանեան նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց «Ապու Ղազալէ» միջազգային խմբաւորումի նախագահ եւ ՄԱԿ-ի կողմէ համաշխարհային մակարդակով զբօսաշրջութեան դեսպան նշանակուած Թալալ Ապու Ղազալէն, որ հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ ինք Լիբանանի նկատմամբ պարտական կը զգայ` նկատի ունենալով, որ ինք Լիբանանի մէջ գործելով փայլած է եւ հասած իր ներկայ պաշտօնին:

Ապու Ղազալէ հաստատեց, որ իր բոլոր կարողութիւնները Լիբանանի տրամադրութեան տակ կը դնէ` աւելցնելով, որ Լիբանան առաւելագոյն չափով զբօսաշրջական երկիր է եւ արժանի է դառնալու Սպանիոյ նման հեքիաթի մը ու առասպելի մը կարգին դասուելու:

Նախարար Կիտանեան նշեց, որ ինք առաջարկած է Լիբանանի կողմէ զբօսաշրջութեան մարզի արաբ նախարարներու խորհրդաժողովի հիւրընկալումը, ինչպէս նաեւ ամբողջ շրջանի եւ աշխարհի մակարդակով աշխատանքային ծրագիրի մշակումը:

Ապու Ղազալէ եզրափակեց, որ ինք ուրախ է նախարար Կիտանեանի հետ հանդիպելուն համար, «այս մարդը, որ կ՛ուզէ աշխատիլ իրագործելու եւ պաշտօնին պատասխանատուութեան գիտակցելու մտայնութեամբ` իր բոլոր կարելիութիւնները զետեղելով Լիբանանի տրամադրութեան տակ եւ յօգուտ զբօսաշրջութեան»: «Ես յաւելեալ լիցք ստացայ իմ առաքելութեանս մէջ, որովհետեւ նախարար Կիտանեանի մօտ նկատեցի մեծ յանձնառութիւն` ծրագիրները իրագործելու առումով», ընդգծեց Ապու Ղազալէ:

 

 

Նախորդը

«Խառն Ընտրական Օրէնքը Մեր Ընտրանքը Չէ, Այլ Մեր Պահանջն Է Բոլորին Պարագային Նոյն Չափանիշներուն Որդեգրումը» Ընդգծեց Ժրայսաթի

Յաջորդը

Հարիրի Իր Ունեցուածքին Մասին Տեղեկագիր Մը Յանձնեց Սահմանադրական Խորհուրդին

RelatedPosts

Թրամփ. «Պատրաստ Ենք Լիբանանին Օգնելու  Տնտեսական Բարգաւաճման Եւ Իր Դրացիներուն Հետ  Խաղաղութեան Ապագայ Կառուցելու Համար»
Լիբանանեան

Թրամփ. «Պատրաստ Ենք Լիբանանին Օգնելու Տնտեսական Բարգաւաճման Եւ Իր Դրացիներուն Հետ Խաղաղութեան Ապագայ Կառուցելու Համար»

Մայիս 14, 2025
«Այն, Ինչ Որ Ներդրողներուն Վերադարձը  Կը Քաջալերէ Լիբանանի Նկատմամբ  Վստահութեան Վերականգնումն Է»  Կ՛ըսէ Նախագահ Աուն
Լիբանանեան

«Այն, Ինչ Որ Ներդրողներուն Վերադարձը Կը Քաջալերէ Լիբանանի Նկատմամբ Վստահութեան Վերականգնումն Է» Կ՛ըսէ Նախագահ Աուն

Մայիս 14, 2025
Սալամ. «Կառավարութիւնը Վճռակամ Է Շարունակելու  Բարեկարգումի Ծրագիրը Եւ Անհրաժեշտ  Ձեռքբերումները Արձանագրելու»
Լիբանանեան

Սալամ. «Կառավարութիւնը Վճռակամ Է Շարունակելու Բարեկարգումի Ծրագիրը Եւ Անհրաժեշտ Ձեռքբերումները Արձանագրելու»

Մայիս 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?